ԻՐԱՆ-5+1 ՁԵՒԱՉԱՓԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒԾՈՒՄ
Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ տարիներէ ի վեր ապրուած ճգնաժամային իրադարձութիւններէն վերջ, ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ Թեհրանի ղեկավարութեան եւ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Իրանի եւ 5+1 (ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամներ եւ Գերմանիա) բանակցութիւններու արդիւնքին կարելի դարձաւ հասնիլ համաձայնութեան։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ փոխադարձ զիջումներ ապահովուած են բոլոր հարցերուն շուրջ, իսկ արդիւնքին վերաբերեալ յայտարարութիւնը շուտով պիտի կատարեն կողմերը։
Վիեննայի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանի երդիքին տակ վերջին օրերուն բանակցութիւնները թափ ստացած էին Իրան-5+1 ձեւաչափին մէջ։ Եւրոմիութեան Արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը պաշտօնապէս հաղորդեց, որ վեցեակի եւ Իրանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները գումարած են եզրափակիչ լիագումար նիստը։ Կը նախատեսուի, որ այս գործարքը փութով պաշտօնապէս ամրագրուի պատկան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ։