ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԵՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻԻՆ ՄԷՋ
Յունաստանի ելմտական ճգնաժամի վերաբերեալ հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Անցեալ շաբաթավերջին այս խնդրին շուրջ կազմակերպուած հանրաքուէէն վերջ, Յունաստանի ղեկավարութիւնը յաջողեցաւ համաձայնութեան եզր մը գտնել Եւրոյի գօտիի երկիրներուն հետ։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտահերթ գագաթաժողով մը նախատեսուած էր Պրիւքսէլի մէջ Յունաստանի վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ, սակայն այդ մէկը յետաձգուեցաւ եւ փոխարէնը Եւրոյի գօտիի երկիրներուն ղեկավարութիւնները մէկտեղուեցան Յունաստանի Վարչապետ Ցիփրասի հետ։ Երկարատեւ բանակցութիւններէն վերջ կողմերուն միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն մը։ Ցիփրաս յայտարարեց, թէ յաջողած են վերաձեւակերպել Յունաստանի պարտքը եւ օրակարգէ դուրս մնացած է երկրի Եւրոյի գօտիէն դուրս գալու խնդիրը։ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ երկար ու բարդ ճանապարհ մը գոյութիւն ունի իրենց առջեւ։ Գերմանացի վարչապետը նշեց, թէ հիմա համաձայնութիւնը գործադրելու ժամանակն է։ Իր կարգին, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտն ալ նշեց, թէ Յունաստան Եւրոպայի բարեկամ երկիր մըն է եւ իրենք հասած են պատմական լուծումի մը։ Օլանտի համոզմամբ, Եւրոյի գօտին պէտք է ամրապնդուի ու մեծցուի։ Օլանտ միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորեց Ցիփրասը՝ համարձակ նախընտրութեան համար։ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն համոզուած է, որ համաձայնութիւնը հնարաւորութիւն մը ընձեռած է կայունութեան համար։ Իսկ Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի կարծիքով, համաձայնութիւնը կարեւոր ու բովանդակալից քայլ մըն է։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք տեղեկացուց, թէ միաձայնութեամբ ընդունուած է Յունաստանի վերաբերեալ այն ծրագիրը, որ կը նախատեսէ լուրջ բարեփոխումներ եւ ելմտական աջակցութիւն։ Իր կարգին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Եունքէրն ալ ընդգծեց, թէ Յունաստան դուրս պիտի չմնայ Եւրոյի գօտիէն ու իրենք գոհ են իրենց գտած լուծումէն։
Պրիւքսէլի մէջ 15 ժամ տեւած բանակցութիւններէն վերջ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցն ալ ընդգծեց, որ Եւրոպայի ապագան կը գտնուի դժուարին իրավիճակի մը մէջ։