ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄՏԵՐԻՄ
ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար եւ վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ, համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու ուղղեալ ջանքերուն շրջագծով մէկտեղուեցան երկու կուսակցապետները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնին կոչուած Ահմէտ Տավուտօղլու առաջին փուլին մէկտեղուեցաւ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Սա խորհրդարանի մեծագոյն երկու խմբակցութիւններու ղեկավարներուն տեսակցութիւնն էր եւ արժանացաւ հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը շեշտեն, որ մասնաւորապէս գործարար աշխարհը այս հանգրուանին կողմնակից է ամուր համախոհութեան մը ձեւաւորման եւ այս իմաստով բաղձալի կը համարուի ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի համագործակցութիւնը։
ՃՀՓ-ի կեդրոնին մէջ երկու կուսակցապետներուն տեսակցութիւնը տեւեց 1 ժամ 40 վայրկեան։ Հանդիպման ընթացքին Տավուտօղլուի կողքին էին ԱՔ կուսակցութեան յառաջատար անուններէն Էօմէր Չելիք, Նուման Քուրթուլմուշ, Ճեւտէտ Եըլմազ, Այշէ Նուր Պահչէգաբըլը եւ Ալի Իհսան Արսլան։ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի կողքին էին ՃՀՓ-ի յառաջատար անուններէն Ֆաիք Էօզթրաք, Աքիֆ Համզաչեւի, Հալուք Քոչ, Սելին Սայէք Պէօքէ եւ Ռասիմ Պէօլիւճէք։ Տեսակցութեան աւարտին Ահմէտ Տավուտօղլու ըսաւ, թէ զրոյցը անցած է անմիջական ու բարեկամական մթնոլորտի մը մէջ։ Ըստ իրեն, առաջնահերթութիւն ընծայուած է վստահութեան կառուցման վրայ։ Երկու կուսակցապետներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է հանդիպման շարունակութեան համար։ ՃՀՓ-ի շրջանակներն ալ տեղեկացուցին, թէ սա սկզբնական հանդիպում մըն էր եւ առանձին կէտերու շուրջ մասնաւոր քննարկումներ չեն ծաւալուած։ Յառաջիկայ օրերուն երկու կուսակցութիւններուն շփումները պիտի համակարգեն Էօմէր Չելիք եւ Հալուք Քոչ։ Տավուտօղլու-Քըլըչտարօղլու տեսակցութենէն վերջ Հալուք Քոչ ըսաւ. «Աշխատանքի մտադրութիւն, կամք արտայայտուեցաւ, որպէսզի Թուրքիա ամուր կառավարական դիմագիծով մը կարենայ դիմագրաւել իր առջեւ ծառացած արտաքին կամ ներքին խնդիրները»։
Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր ալ կը մէկտեղուի ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Ազգային մեծ ժողովին մէջ։ Վաղն ալ նախատեսուած է Տավուտօղլուի տեսակցութիւնը ՀՏՓ-ի ղեկավարութեան հետ։