ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Տքթ. Ռազ­միկ Փա­նո­սեան վեր­ջերս բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, իր այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն ան հիւ­րնկալուած էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ։

Ռազ­միկ Փա­նո­սեան Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնուած օ­րե­րուն զրոյց մը ու­նե­ցաւ մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Սա­գօ Ա­րեա­նի հետ։ Ան այս առ­թիւ անդ­րա­դար­ձաւ իր վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին կող­մէ Հա­յաս­տա­նէ ներս յա­ռաջ տա­րուած ընդ­հա­նուր աշ­խա­տան­քին։ Սոյն ծրագ­րե­րու շար­քին ան ա­ռանձ­նա­ցուց լե­զուա­կան բնոյթ կրող­նե­րը։

Ռազ­միկ Փա­նո­սեան Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցած է ԹՈՒ­ՄՕ ստեղ­ծա­գործ փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նէն ներս։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ԹՈՒ­ՄՕ-նե­րը վեր­ջերս ար­դէն գրե­թէ ցան­ցի մը վե­րա­ծուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ա­նոնց ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը լայն ար­ձա­գանգ կը ստեղ­ծէ՝ իր ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։ ԹՈՒ­ՄՕ-նե­րու ցան­ցը ստեղ­ծուած է ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար Սեմ Սի­մո­նեա­նի լուրջ ներդ­րու­մով։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն մին է։ Ե­րե­ւա­նի ԹՈՒ­ՄՕ կեդ­րո­նէն ներս Ռազ­միկ Փա­նո­սեան տեղ­ւոյն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ քննար­կած է՝ ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րու ուժ տա­լով ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մա­ցան­ցի վրայ ա­ւե­լի հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած են նաեւ հա­մա­ցան­ցի բնա­գա­ւա­ռի յա­ռա­ջա­տար մաս­նա­գէտ­ներ։

Ե­րե­ւա­նի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Ռազ­միկ Փա­նո­սեան քննար­կած է նաեւ թարգ­մա­նա­կան բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։ Փա­նո­սեան հա­մո­զուած է թարգ­մա­նա­կան գրա­կա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան ու հա­մաշ­խար­հա­յին կա­րե­ւոր գոր­ծե­րու թարգ­մա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի որ­դեգ­րած հե­ռան­կար­նե­րով՝ այլ լե­զու­նե­րու կող­քին, թարգ­մա­նու­թեան ծրագ­րե­րը պի­տի ընդգր­կեն նաեւ հա­յե­րէն եւ թրքե­րէն լե­զու­նե­րը։ Այ­սինքն, ընդ­հա­նուր ծրա­գիր մը պի­տի ձե­ւա­ւո­րուի կա­րե­ւոր գոր­ծե­րու հա­յե­րէ­նէ թրքե­րէ­նի կամ թրքե­րէ­նէ հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան հա­մար։ Այս ա­ռանց­քին շուրջ ալ Փա­նո­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ ծա­ւա­լուած են քննար­կում­ներ։ «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին հրա­ւէ­րով այս քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցած են Հա­յաս­տա­նէն եւ Սփիւռ­քէն կա­րե­ւոր մտա­ւո­րա­կան­ներ։

Հարկ է նշել, որ Ռազ­միկ Փա­նո­սեա­նի պաշ­տօ­նի կո­չուե­լուն զու­գա­հեռ՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել սկսած է հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ այս բնա­գա­ւա­ռէն ներս հետզ­հե­տէ զգա­լի կը դառ­նան հիմ­նար­կի ներ­կա­յու­թեան դրա­կան ար­դիւնք­նե­րը։ Այս աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­լու զու­գա­հեռ Ռազ­միկ Փա­նո­սեան կը կեդ­րո­նա­նա­նայ նաեւ թրքա­հայ հա­մայն­քի առ­կայ կա­րիք­նե­րուն վրայ ու կը ջա­նայ յստակ ծրագ­րե­րու հի­ման վրայ, ա­ռողջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ զօ­րակ­ցիլ թրքա­հա­յու­թեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015