Ի՞ՆՉ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Զանազան առիթներով գրած եմ Լիբանանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, ներկայիս «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի քաղաքական հոտառութեանց, հմտութիւններուն եւ ուժականութեան մասին, որոնք, սակայն, այս օրերուն երեւութապէս կ՚աշխատին ի վնաս իր քաղաքական խումբին ու մանաւանդ՝ իրեն։ Գաղտնիք ալ չէ, անշուշտ, որ Պասիլ կը շարունակէ մնալ նախագահի կարեւորագոյն ու յաւակնոտ թեկնածուներէն մին, միւս երկու թեկնածուներ՝ Սիւլէյման Ֆրանժիէի եւ բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունի կողքին։ Այսօր Լիբանանի բոլոր մակարդակի գործընթացները կա՛մ կ՚անցնին այդ ճանապարհով, կամ ալ կը գծեն նոր ուղղութիւն մը, որուն գլխաւոր ձիաւորը կրնայ հասնիլ Պաապտայի նախագահական պալատ։

Հարկ է յիշեցնել, որ այս ծիրին մէջ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, որոնք ներուժը ունին ապագային քաղաքական դաշինքներու նոր քարտէսը գծելու։

Ուրեմն վարչապետ Նեճիպ Միքաթի, որ ամէն գնով կը փորձէ օգտուիլ երկրի առկայ տնտեսական, մանաւանդ՝ առողջապահական խնդիրներէն, նախարարաց խորհուրդը նիստի հրաւիրեց, ինչ որ ըստ Լիբանանի Սահմանադրութեան՝ հակաօրինական կը համարուի, մինչեւ որ երկիրը նախագահ մը ունենայ։

Նիստը պոյքոթած Պասիլ զինք ներկայացնող կամ իրեն կողմնակից նախարարներէն պահանջեց բողոքել, հետեւաբար նաեւ տապալել Միքաթիի ջանքերը, որոնց մեկնակէտը յաջորդ փուլին վարչապետի աթոռի ապահովագրումէն անդին, հին տարակարծութեանց հետեւանքով Պասիլի հետ ունեցած հաշիւներու մաքրումն էր։ Պասիլ, սակայն, այս պայքարին մէջ մնաց առանձին ու, ըստ երեւոյթին, մինչեւ բողոքարկելը անոր ուղղուեցան կարգ մը կարեւոր նշումներ, որոնք ո՛չ միայն այս փուլին խելօք մնալու մասին էին, այլեւ կը վերաբերէին նախագահական ընտրութիւններուն մասին իր յոյսերուն ի չիք դառնալուն։ Ու այդ պատճառով էր, գուցէ, որ Պասիլ այդ քայլին դիմեց ու տապալեցաւ՝ իրավիճակին տալով աւելի ողբերգական շեշտեր ու քաղաքական խաղը դարձնելով աւելի բաց ու նոյնիսկ ջրբաժանը աւելի մօտիկ։

Հիմա այստեղ կը ծագի հարց, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Պասիլ-«Հիզպուլլահ» յարաբերութիւնը՝ նկատի առնելով նաեւ, որ անոր մօտ շրջանակներ «Հիզպուլլահ»ի կեցուածքը համարեցին ուղղակի դաւաճանական քայլ մը՝ ուղղուած իրենց վաղեմի եւ հաւատարիմ դաշնակիցին։ Արդեօք Պասիլ՝ իմանալով «Հիզպուլլահ»ի իրմէ զատ այլ նախագահական թեկնածուի մը հանդէպ արդէն բացայայտ «սեմփաթի»ն, պիտի փորձէ՞ իր քաղաքական ամբողջ ուղղութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։ Կամ այսպէս կուռ կեցուածք մը արտայայտելով պիտի կարողանա՞յ Սիւլէյման Ֆրանժիէի անուան շուրջ որոշ խօսակցութիւնները կամ համակրանքը սառեցնել։

Ասոնք կարեւոր հարցումներ են՝ մանաւանդ, որ Պասիլ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութենէն ետք ունի կարեւոր դեր եւ ամուր գետին։ Օրինակ՝ անոր խմբակը եթէ ռազմավարական քայլ մը առնէ եւ կանգնի «Լիբանանեան ուժեր»ու կողքին, ապա արագօրէն կրնայ Պաապտա հասցնել ներկայիս երկրի ամերիկեան թիւ մէկ մարդը համարուած Միշել Մուաուատը, այդպէս նաեւ խաչ քաշելով «Հիզպուլլահ»ի հետ աւելի քան քսան տարուան դաշինք-մտերմութեան, որուն շնորհիւ ալ Պասիլ աճեցաւ եւ զօրացուց իր դիրքերը։ Այդպիսի քայլ մը, անշուշտ, կրնայ Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութիւնը ապահովել, սակայն կրնայ նաեւ մեծցնել ներքին ընդհարումներու մեծ վտանգը, որմէ կը վախնան բոլոր կողմերը։

Ամէն պարագայի, յառաջիկայ օրերուն Պասիլի դիրքերը աւելիով յստակ պիտի դառնան ու յայտնի պիտի ըլլայ նաեւ, որ «Հիզպուլլահ» ի՛նչ ըսած է Պասիլի ականջին՝ բացի նախագահական ընտրութեան օրակարգէն։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ կառավարութեան օրակարգին առումով կարեւոր քարտ էր Լիբանանի խորհրդարանէն ներս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչ եւ երկրի Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանի կեցուածքը։ Ան չանսալով կամ լսելու չտալով զինք առաջադրած կուսակցութեան խօսքը կամ կոչը եւ անտեսելով այն փաստը, որ ՀՅԴ դաշինք ունի Պասիլի եւ «Ազգային ազատ հոսանք»ին հետ, ո՛չ միայն գացած էր կառավարութեան նիստին, այլ նպաստած էր այդ նիստի իրականացման՝ դառնալով «թագաւոր նախարար»։

Այս երեւոյթը գուցէ նորութիւն մը չէ Լիբանանի քաղաքական կեանքին տեսակէտէ, սակայն նման արարքի մը այս փուլին տեղի ունենալը հարցականներու տեղի կու տայ։ Արդեօք ՀՅԴ պիտի շարունակէ՞ իր դաշինքը Պասիլի հետ։

Իմ համեստ կարծիքով, ՀՅԴ այդ քայլով լաւագոյնս ապացուցեց Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքի մեծ պատկերին մէկ տեսարանը։ Այստեղ լիբանանահայութեան համար մտահոգիչ երեւոյթներ չկան ո՛չ միայն անոր համար, որ հայկական շրջանակներուն մէջ Պասիլի դէմ դժգոհութիւններ կան, այլեւ անոր համար, որ այդ յարաբերութեան խարխլումը վնաս պիտի բերէ ո՛չ թէ ՀՅԴ-ին, այլ նոյնինքն Պասիլին, որ այս փուլին սխալ հաշուարկներու գերին ու հաւանական զոհը կրնայ դառնալ։

Այստեղ չմոռնանք շեշտել, որ մենք գործ ունինք Լիբանանի քաղաքական կեանքի մեծ պատկերին հետ, ուր ամէն օր եւ ամէն վայրկեան նոր զարգացումները կրնան շատ բան փոխել։

Միւս կողմէ, ի դէպ, Ճորճ Պուչիքեանի ճակատագրական նիստին մասնակցութիւնը զանազան մեկնաբանութիւններու եւ ըսի-ըսաւներու դուռ բացաւ՝ մասնաւորապէս Աունական շրջանակներուն մօտ, որոնք ո՛չ միայն դժգոհութիւն արտայայտեցին տեղի ունեցածին վերաբերեալ, այլեւ յայտարարեցին, որ Պուչիքեանին վրայ եղած են ճնշումներ։ Ըստ այդ ճնշումներու, եթէ ան նիստին չներկայանար, ապա իր անձին հետ կապուած կարգ մը «սքանտալ»ներ պիտի բացուէին, նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խորհրդարանական լիազօրութենէն զրկուելու վտանգը աւելիով կրնար մեծնալ, եթէ ՀՅԴ-ն ներկայացնող նախարարը ներկայ չըլլար Միքաթիի հրաւիրած նիստին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023