ԵՐԵՔ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կը պատ­մուի, թէ մարդ մը ե­րեք ըն­կեր­ներ ու­նէր։

Ան ե­րեք ըն­կեր­նե­րէն եր­կու­քը շատ կը սի­րէր, իսկ եր­րոր­դին հան­դէպ ան­տար­բեր էր, հա­կա­ռակ ա­նոր որ եր­րորդ ըն­կե­րը ա­ւե­լի կա­պուած էր ի­րեն։

Այս մար­դը, օր մը կ՚ամ­բաս­տա­նուի մեծ ո­ճիր մը գոր­ծած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով։

Խեղճ մար­դը շուա­րած էր այս ամ­բաս­տա­նու­թեան մա­սին, քա­նի որ բո­լո­րո­վին ան­մեղ էր եւ ո­րե­ւէ կապ չու­նէր խնդրոյ ա­ռար­կայ յան­ցան­քին հետ։ Ուս­տի պահ մը յի­շեց իր ըն­կեր­նե­րը եւ մտա­ծե­լով, որ մարդ նե­ղու­թեան պա­րա­գա­յի մը մէջ կրնայ դի­մել իր ըն­կեր­նե­րուն եւ օգ­նու­թիւն խնդրել ա­նոնց­մէ, ո­րո­շեց իր ըն­կեր­նե­րուն օգ­նու­թեա­նը դի­մել։ Ան իր ե­րեք ըն­կեր­նե­րը տուն կան­չեց եւ պատ­մեց ի­րո­ղու­թիւ­նը։

Ըն­կեր­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը կը հրա­ժա­րի օգ­նու­թիւն ցոյց տա­լէ՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով եւ պատ­րուա­կե­լով, թէ ին­քը շատ կա­րե­ւոր գոր­ծեր ու­նի, եւ պար­տա­ւոր է զբա­ղիլ ա­նոնց հետ…։ Երկ­րոր­դը կ՚ըն­կե­րա­նայ խեղճ մար­դուն եւ ա­նոր հետ կ՚եր­թայ մին­չեւ դա­տա­ւո­րին պա­լա­տը, բայց ներս չի մտներ, ը­սե­լով, թէ ինք ալ պէտք է վե­րա­դառ­նայ իր գոր­ծե­րուն գլու­խը…։

Եր­րորդ ըն­կե­րը՝ ո­րուն մա­սին սի­րոյ նկատ­մամբ կը կաս­կա­ծէր, կ՚ըն­կե­րա­նայ ի­րեն մին­չեւ դա­տա­ւո­րին ա­տեա­նը եւ քա­ջու­թեամբ կը պաշտ­պա­նէ իր ամ­բաս­տա­նուած ըն­կե­րը։ Ան այ­քան ճար­տա­րու­թեամբ ու ան­կեղ­ծու­թեամբ կը խօ­սի, որ դա­տա­ւո­րը կ՚ըն­դու­նի ու կը հա­ւա­նի մար­դուն ան­մե­ղու­թեան եւ ան­պարտ ու ա­զատ կ՚ար­ձա­կէ զայն։ Եւ եր­կու ըն­կեր­ներ ու­րախ կը մեկ­նին դա­տա­ւո­րին պա­լա­տէն…։

Իմ շա՜տ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ա­հա­ւա­սիկ, կը տես­նուի, որ իս­կա­կան բա­րե­կամ-ըն­կե­րը կը յայտ­նուի կեան­քի դըժ-ւա­րին եւ անս­պա­սե­լի մէկ պա­հուն։ Պարզ խօս­քով՝ ո՛վ է ճշմա­րիտ ըն­կե­րը՝ յայտ­նի կը դառ­նայ գործ­նա­կա­նի մէջ։ Խօս­քով «բա­րե­կամ»ներ շա՜տ են կեան­քի մէջ, բայց գործ­նա­կա­նի մէջ ո՜ր­քան քիչ ու ըն­տի՛ր…։

Ա­մէն մարդ, ար­դա­րեւ ու­նի իր կեան­քին մէջ «ե­րեք ըն­կեր»ներ։ Ա­սոնց­մէ ա­ռա­ջինն է՝ «հարս­տու­թիւն»նե­րը, երկ­րոր­դը՝ «բա­րե­կամ»նե­րը եւ վեր­ջա­պէս եր­րոր­դը՝ իր «բա­րի գործ»ե­րը։

Բայց կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ ա­մէն ըն­կեր կար-ծըւած «ըն­կեր» եւ ա­մէն «բա­րե­կամ» ըն­-դու­նուած բա­րե­կամ չէ՛։

Չէ՞ որ դժուար ու ծանր պա­հե­րուն է, որ կը զգա­ցուի գո­յու­թիւ­նը՝ մար­դուն ճշմա­րիտ ու ան­կեղծ բա­րե­կամ-ըն­կե­րին։ Ուս­տի ճշմա­րիտ ըն­կե­րը՝ ինք­զինք բա­րե­կամ ձե­ւաց­նո­ղը չէ՛, այլ՝ այն որ ան­կե՛ղծ է։

Եւ երբ մարդ մեռ­նի եւ ներ­կա­յա­նայ Աս­տու­ծոյ դա­տաս­տա­նին՝ ա­մե­նէն ա­ռաջ հա-րըս­տու­թիւն­ներն են, որ կը լքեն զինք։ Բա­րե­կամ­նե­րը, ըն­կեր­նե­րը կ՚եր­թան մին­չեւ գե­րեզ­ման ու կը դառ­նան։ Եւ միայն մար­դուս բա­րի գոր­ծերն են՝ որ մար­դուս կ՚ըն­կե­րա­նան մին­չեւ Աս­տու­ծոյ ա­տեա­նը, եւ կ՚ար­դա­րաց­նեն զինք։

Բա­րե­կա­մու­թեան կամ ըն­կե­րու­թեան մա­սին կը խօ­սինք, պէտք չէ մոռ­նանք, թէ ընդ­հա­նուր կեր­պով մարդ էա­կին մա­սին կը խօ­սինք եւ թէ՝ բա­րե­կա­մու­թեան եւ ըն­կե­րու­թեան ա­ռար­կան մա՛րդն է։ Ան­շուշտ թէ մար­դու վրայ խօ­սիլ վե՛ր է մեր տա­րո­ղու­թե­նէն, քա­նի որ ո՛չ ոք կրցած է լու­ծել մին­չեւ այ­սօր «մարդ»ը իր էու­թեա­նը եւ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ. շատ բան ը­ս-ւած է՝ բայց ո՛չ մէկ վճռա­կան խօսք, թէ ի՛նչ է մարդ։ Ար­դա­րեւ ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին, ֆրան­սա­ցի բնա­խօս Տքթ. Ա­լեք­սիզ Քա­ռէլ իր «Մար­դը՝ սա ան­ծա­նօ­թը» գոր­ծով ու­սում­նա­սի­րած է զա­նա­զան կող­մե­րով, բայց տա­կա­ւին չէ հասկ­ցուած, թէ ի՛նչ է եւ ո՛վ է մարդ…։

Մա­նա­ւանդ հար­ցը ա­ւե­լի խրթին ու կնճռոտ վի­ճակ մը կը ստա­նայ՝ երբ մարդ էա­կը դի­տենք ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ՝ իր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը դար­ձեալ մե­զի ցոյց կու տայ, թէ՝ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին տի­րա­կան վի­ճա­կը՝ ի­րա­րու նկատ­մամբ ան­հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է. չէ՞ որ մար­դիկ տե­ւա­կան զի­րար հասկ­նա­լու մար­մաջ մը ու­նի, որ դժբախ­տա­բար եր­բեք չ՚ի­րա­կա­նա­նար եւ մար­դոց մի­ջեւ, ա­մէն մա­կար­դա­կի վրայ զի­րար հաս-կընա­լու եւ հասկ­ցուե­լու պայ­քար մը՝ ան­վերջ կռիւ մը կը տե­ւէ եւ մի՛շտ ա­պար­դիւն։ Մա՛րդ մարդս չի հասկ­նար։

Ե­թէ մար­դիկ զի­րար հասկ­նա­յին՝ հո­գիի նոյն «լե­զու»ն խօ­սէին, դա­րե­րէ ի վեր այս­քան ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, կռիւ­ներ, պա­տե­րազմ­ներ կա­րե­լի էր որ պա­տա­հէ՞ր։ Հա­պա ան­հա­տա­կան կեան­քի մէջ՝ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ե­թէ հասկ­նար միւ­սը՝ պի­տի ըլ­լա­յի՞ն ա՜յս­քան նա­խանձ, ա­տե­լու­թիւն, վար­կա­բե­կու­թիւն։ Ուս­տի ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րու, թշնա­մանք­նե­րու խո­րը կը գտնուի՝ ան­հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, ա­ւե­լի ան­կեղծ ըլ­լա­լով՝ զի­րար հասկ­նալ չու­զե­լու, ինք­զինք կեր­պով մը ան­կեղ­ծօ­րէն ու­րի­շին չյայտ­նե­լու, ը­սենք մո­լու­թի՛ւ­նը։

Մարդ ե­թէ դի­մա­ցի­նը հասկ­նա­լու ջա­նայ եւ ան­շուշտ փո­խա­դար­ձա­բար դի­մա­ցինն ալ զինք, մեծ մա­սամբ կը լու­ծուի շատ մը ա­ր-ւես­տա­կան հար­ցեր։ Ար­դա­րեւ «ինք­զինք դի­մա­ցի­նին տեղ դնել՝ դի­մա­ցի­նին պէս խոր­հիլ փոր­ձել կամ ու­րի­շին զգա­ցած­նե­րը զգա­լու ջա­նալ՝ որ­քան պի­տի փո­խէ մար­դը»։

Զ­գա­ցա­կան ի­մա­ցու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի կը նպաս­տէ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մշակ­ման, քան թէ մտա­յին ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը։ Եւ կար­ծեմ հասկ­ցուե­լու լա­ւա­գոյն կերպն է՝ ի­րա­րու զգա­ցում­նե­րը հասկ­նալ՝ ո­րուն հա­սա­րա­կաց եզրն է՝ սէ՛­րը։ Եւ սի­րոյ կը յա­ջոր­դէ՝ գո՛ւ­թը, որ զգա­ցա­կան ի­մա­ցու­թեան ե­թէ մէ­կը հիմն է, միւսն ալ՝ սի՛ւ­նը։ Ըն­կե­րա­յին եւ ըն­տա­նե­կան կեան­քի բար­ւոք մշա­կու­մը կա­խում ու­նի այս հի­մէն ու սիւ­նէն՝ ե­թէ հաս­տատ են ա­նոնք, ա­պա ու­րեմն մարդ կրնայ խա­ղաղ ու եր­ջա­նիկ զգալ ինք­զինք թէ՛ ըն­կե­րու­թեան եւ թէ ըն­տա­նի­քին մէջ, ա­մէ­նու­րեք։

Ու­րեմն «գէշ» մարդ եւ «ա­ղէկ» մարդ ա­նուա­նում­նե­րը սխա՛լ կը թուի մե­զի, գէ­շու­թիւն եւ լա­ւու­թիւն յա­րա­բե­րա­կան եւ յա­րա­փո­փոխ վի­ճակ­ներ են։ Բայց կրնանք ը­սել՝ զի­րար հասկ­ցող, հա­մա­ձայ­նող եւ զի­րար չհասկ­ցող, ան­հա­մա­ձայն մար­դիկ կան։ Մարդ, ի­րեն հա­մար ան­հա­մա­ձայն մէ­կուն հա­մար «գէշ» կ՚ը­սէ, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­նի­կա «լաւ» մէ­կը կրնայ ըլ­լալ ու­րի­շի մը հա­մար՝ ո­րուն հետ հասկ­ցուած եւ հա­մա­ձայ­նած է։

Չդա­տե՛լ պէտք է, ու­րեմն նախ հասկ­նա­լու, հասկ­ցուե­լու աշ­խա­տիլ եւ յե­տոյ ո­րո­շում տալ։ Պի­տի տես­նէք, որ շատ «գէշ»եր ո՜ր­քան «ա­ղէկ» են ե­ղեր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 9, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015