ԱԿՆԱՐԿ - 12 - ԱՐԺԷՔՆԵՐԷ ԴԱՏԱՐԿՈՒԱԾ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, ուր երեւոյթներն ու նիւթը իրենց լայնատարած ու համապարփակ իշխանութիւնը տարածած են ամէն ինչի վրայ, նոյնիսկ մարդուն հոգեւոր ներաշխարհին վրայ:
Պահ մը եթէ ուշադրութեամբ նայինք մեր այն ընկերութեան, որու մէջ մենք կ՚ապրինք, պիտի նկատենք, հակառակ այն իրողութեան, որ արտաքնապէս մենք «պահած» ենք, կամ կը շարունակենք «պահել» մեր ինքնութիւնը, նախնիներէն մեր ստացած ժառանգութիւնը, աւանդութիւնները, սակայն խորքին մէջ ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ այդ բոլորը արտաքնապէս են, խորք չունին, աւելին, ճիշդ է մենք մեր նախնիներէն, մեր ծնողներէն ստացած ենք այդ աւանդը, ժառանգութիւնը, սակայն մենք մեր ստացածը չե՛նք փոխանցեր մեզ յաջորդող սերունդին-սերունդներուն:
Շատեր կրնան համակարծիք չըլլալ, պնդելով թէ ա՛յդքան ալ ծանր չէ իրավիճակը, որու մէջ կը գտնուինք ազգովին: Չե՛մ հակաճառեր, որովհետեւ տակաւին չնչին մաս մը կայ, որ տակաւին կը շարունակէ մարդավայել կերպով ապրիլ, հաւատարիմ մնալով մարդ կոչումին, հակառակ նիւթին եւ երեւոյթներուն կատարած ամէնօրեայ ահաւոր ու կործանարար յարձակումներուն: Սակայն, այդ քիչին վրայ յոյս դնելով ու ձեռքերը ծալելով չե՛նք կրնար ապահովել ու երաշխաւորել որպէս ազգ ու ժողովուրդ մեր գոյերթը: Որպէսզի կարենանք արժանապատիւ կերպով շարունակել մեր ընթացքը մարդկութեան պատմութեան թաւալքին մէջ, ապա պարտաւոր ենք մենք մեզ զերծ պահել նիւթի ու երեւոյթներու կործանարար տիրակալութենէն, յատկապէս այդ տիրակալութիւնը պէտք է արմատախիլ ընենք մեր հոգեւոր ներաշխարհէն, որպէսզի ապահովենք մեր գոյութիւնը, մեր յաւիտենական շարունակականութիւնը:
Հոգեւոր ու եկեղեցական առումով ներկայ օրերուն կ՚ապրինք իւրայատուկ շրջան մը, որ կը կոչուի Աւագ շաբաթ: Աւագ շաբաթ, որովհետեւ այս շաբթուան ընթացքին կատարուած են այն գլխաւոր իրադարձութիւնները, որոնք կապուած են մարդու փրկութեան հետ: Այդ իրադարձութիւններուն կեդրոնը մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս Ինքն է:
Արդարեւ, Աւագ շաբաթուան նախօրեակին Եկեղեցին կը յիշատակէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, ուր ժողովուրդին կողմէ դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ, նոյն ժողովուրդը սակայն, օրեր ետք պիտի պահանջէր Անոր խաչելութիւնը… Այսօր եւս, մեր առօրեայ կեանքին մէջ պահեր կու գան, երբ ուրախութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կը դիմաւորենք մեր Տիրոջը, աւելին, երբ կարիք զգանք կ՚աճապարենք դէպի Եկեղեցի՝ հանդիպելու Անոր հետ, սակայն, այդ ոգեւորութիւնը կարճ կը տեւէ, որովհետեւ իսկական ապրումներու եւ զգացումներու վրայ չէ՛ հիմնուած, այլ՝ պահի ու պարագայի բերումն է, որ կու գայ ու կ՚անցնի, առանց ո՛չ մէկ էական փոփոխութիւն բերելու մեր ներաշխարհին…:
Մուտք գործելով Աւագ շաբաթ, եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին ընթերցուած Սուրբգրային հատուածները կու գան յիշեցնելու մեզի աշխարհի ստեղծագործութիւնը, մարդուն արարումը, Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուստը, մարդոց մէջ շրջիլն ու ուսուցանելը, ապա Իր կեանքի վերջին հանգրուանին կրած չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը, հասցնելով մեզի Անոր Հրաշափառ Յարութեան:
Այս բոլոր իրադարձութիւններուն յիշատակումը արդարեւ, եթէ գիտակցօրէն մօտենանք անոնց, ապա անպայմանօրէն մեզմէ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ էական եւ արմատական փոփոխութիւններ կրնան յառաջացնել, մինչ մեքենայական մօտեցումը մեզ ա՛լ աւելի անտարբեր կը դարձնէ:
Աւագ հինգշաբթին, արարողակարգային առումով ամենէն ծանր օրը մեր եկեղեցական կեանքէն ներս, որու ընթացքին կը կատար-ւի յիշատակումը Տէր Յիսուսի Իր աշակերտներուն ոտքերը լուացումին, Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատումին, Գեթսեմանիի մէջ աղօթելուն եւ Իր աշակերտներէն մէկուն կողմէ համբոյրով մը մատնուելուն, այդ գիշեր Իր հետ տեղի ունեցած հարց ու փորձերուն եւ կրած չարչարանքներուն: Այս իրադարձութիւններէն իւրաքանչիւրը եթէ ուշադրութեամբ քննենք ու խորհրդածենք անոնց մասին, ապա բազմաթիւ ներքին ապրումներու եւ զգացումներու դիմաց դէմ յանդիման կը կանգնինք, որոնք մեզ դէպի այլ աշխարհ մը՝ հոգեւոր աշխարհ կ՚առաջնորդեն, ուր ինքնաքննութիւն մը կատարելով, կը զգանք մեր մերկութիւնը եւ մեր ահաւոր կարիքը Քրիստոսի օգնականութեան, առանց Որուն չե՛նք կրնար մեր մերկութիւնը ծածկել…
Մինչ մենք այդ օր ի՞նչ կ՚ընենք…
Կը շտապենք մեր երեխաները Եկեղեցի տանիլ, Սուրբ Խորան բարձրացնել, որպէսզի հոգեւորականը մեր երեխային ոտքը լուայ…, իսկ այդ ընթացքին մենք հազար ու մէկ նկար կը նկարենք, որպէսզի յետոյ ցուցադրենք… Ո՛չ նկարելու հակառակ եմ, ո՛չ ալ երեխային խորան բարձրացնելուն… Հարցը այն է, որ արդեօք կը գիտակցի՞նք, թէ ի՛նչ խորհուրդ ունի իր մէջ այդ լուացումը, կամ մեր երեխային Սուրբ Խորան բարձրանալը… Արդեօք մեր երեխային հասկնալի կերպով բացատրա՞ծ ենք, թէ ինք ի՛նչ խորհուրդի մասնակից պիտի դառնայ մինչ Սուրբ Խորան բարձրացնելը…, թէ այդ բոլորը էական չեն, կարեւորը մեր երեխային Խորան բարձրանալն ու «յաջող» նկարներ ունենալն է…
Երեկոյեան կը կատարուի ժողովուրդին կողմէ ծանօթ՝ Խաւարման Կարգը, որ չե՛ս գիտեր ինչու համար, մեր ժողովուրդին համար՝ յատկապէս երիտասարդներուն, եօթը եկեղեցիներ պտտելու գիշերն է…
Ժողովուրդ, երիտասարդներ, Աւագ հինգշաբթի օրուան գիշերը եօթը եկեղեցիներ պտտելու գիշեր չէ, այլ՝ Տէր Յիսուսի մատնութեան, ձերբակալութեան, հարցաքննութեան, չարչարուելուն, խաչի մահուան դատապարտուելուն գիշերն է… Փոխանակ այս բոլորին մասին մտածելու, իրարու ձեռք բռնած կը շտապէք եկեղեցիէ եկեղեցի մարդկային սին ու յերիւրածոյ սովորութիւններ կատարելու, որ ո՛չ մէկ օգուտ պիտի բերէ ձեզի, ընդհակառակը սխալ ուղղութեան վրայ պիտի դնէ ձեզ՝ ձեզ մատնելով խաբկանքի ու անտարբերութեան ձեռքը: Աւագ հինգշաբթին Տիրոջ հետ քալելու, Տիրոջ հետ չարչարուելու եւ Անոր փոխարէն Խաչը շալկելու գիշեր պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար…
Յաջորդ օրը, Աւագ ուրբաթ օրը, Տէր Յիսուսի խաչելութեան եւ թաղման օրը: Տարուան ընթացքին միակ օրը, երբ կարելի չէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցել, որովհետեւ այդ օր Ճշմարիտ Զոհը, Աստուծոյ Գառնուկը Ինք խաչին վրայ մէկ անգամ ընդմիշտ պատարագուեցաւ, որպէս թողութիւն եւ քաւութիւն մարդոց մեղքերուն… Այս օրը մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար պէտք է մտամփոփման ու խորհրդածութեան օր ըլլայ, այլ խօսքով՝ լռութեան օր, որպէսզի հաղորդակից դառնանք օրուան խորհուրդին եւ դասեր քաղելով՝ հոգեպէս զօրացած ու արիացած շարունակենք մեր պայքարը չարին ու անոր արբանեակներուն դէմ:
Այս տարի Աւագ ուրբաթ օրը 7 ապրիլին կը զուգադիպի: Ամէն տարի 7 ապրիլին կը կատարուի նաեւ յիշատակը Սուրբ Աստուածածինի Աւետման տօնին, որ մեր ժողովուրդին մէջ յատուկ իմաստ ունի, որ կը յատկանշուի մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր որպէս: Այս տարի այդ տօնը զուգադիպելով Աւագ ուրբաթ օրուան, բնականաբար շուքի տակ կը մնայ, որովհետեւ այդ օր Տէր Յիսուսի պատարագումի օրն է, եւ որպէս այդպիսին այլ երեւոյթներու մասին խօսիլ կամ անդրադառնալ նոյնիսկ աւելորդ է, որովհետեւ Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Լաւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն։ Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.16-17):
Այս բոլորը Հայաստանի մէջ ապրող մեր կարգ մը հայերնակիցներուն համար կարծէք ո՛չինչ կ՚ըսեն, կամ իրենց համար էական չէ Աւագ ուրբաթ օրուան խորհուրդը, որովհետեւ մարդիկ 7 ապրիլի համար արդէն իսկ համերգային ծրագիրներ կազմակերպած են՝ մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր նշելու համար, նոյն «առիթով» նաեւ ճաշկերոյթներ կազմակերպած են… Ողբամ զքեզ ժողովուրդ հայոց, որ առաջնայինը երկրորդականէն, երկնայինը երկրայինէն զանազանել չե՛ս սորված տակաւին… Յիշե՛նք Տէր Յիսուսի խօսքերը, թէ՝ եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն, այսինքն՝ ծառային իր տիրոջմէ մեծ չըլլալու հանգամանքը: Մեր մայրերը եւ մեր քոյրերը իրենց իւրայատուկ տեղը ունին վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրս կեանքին մէջ, սակայն Տէր Յիսուս է Թագաւորը մեր կեանքի, առանց որուն մեր մայրերուն ու քոյրերուն ներկայութիւնը անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքերէն ներս… Առաջնայինը չզոհենք երկրորդականին ու երրորդականին…
Զգաստանա՛նք, ժողովուրդ, մենք այսպիսի չե՛նք եղած եւ իրաւո՛ւնք չունինք այսպիսին ըլլալու: Մեր նայուածքները դէպի երկինք դարձնենք, այնտեղէն ստանալու իմաստութիւն, զօրութիւն եւ ամրութիւն, մեր կեանքը լաւագոյնս արդիւնաւորելու համար: Մենք մեզ ամբողջութեամբ չդատարկենք արժէքներէ, մեզ ՄԱ՛ՐԴ դարձնող ու ՄԱ՛ՐԴ պահող արժէքներէ, այլ՝ արժէքներով վահանաւորուած ու պարսպապատուած վստահօրէն շարունակենք մեր գոյերթը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ