Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԲՈՒԺԷ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԷՐՔԸ
Օրեր առաջ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ խումբ մը մելգոնեանցիներու խմբագրած բաց նամակը ուղղուած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Անցնող տարիներուն մէկէ աւելի առիթներով խօսուած է նախկին մելգոնեանցիներու համախմբման մասին: Անոնք ունին մէկ պահանջ, որն է անյապաղ վերաբանալ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանիին ներքեւ երկար տարիներ գործած Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը: Մելգոնեանի մասին շատ առիթներով տարբեր վարկածներ յառաջ քաշուած են: Մեղադրանքներ, մարմիններու միջեւ սուր քննադատութիւններ եւ ծանր պախարակումներ յատկապէս ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուներու հասցէին: Թէ ո՞վ է մեղաւորը եւ ինչո՞ւ փակուեցաւ Մելգոնեան կրթարանը մինչեւ այս պահը կը մնայ անյայտ: Վարժարանի փակումէն ամիսներ ետք միայն, տարբեր ամպիոններէ խօսուեցաւ դպրոցի շէնքի վաճառքի հանուելուն մասին: Բայց այդ մասին եղած տեղեկութիւնները մնացին գիր՝ թուղթի վրայ: Գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր Նիկոսիոյ բաբախուն սրտին վրայ գտնուող կրթարանի պատմակերտ շէնքը կը պահպանուի Յունական Կիպրոսի իշխանութիւններուն որոշումով: Դժուար է նաեւ Մելգոնեանի այսօրուան վիճակին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալ, տրուած ըլլալով, որ կիպրահայերը կը նախընտրեն լուռ մնալ, երբ դպրոցին մասին տարբեր առիթներով հարց կը բարձրացուի: Կարելի է երկար գրել դպրոցին մասին: Սակայն այդ բլորը ոչ մէկ բան կը փոխեն ընդհանուր իրավիճակէն: Ուշադրութիւնս գրաւեց այն հանգամանքը, թէ մելգոնեանցիները իրենց բոլոր յոյսերը սպառելէ ետք այս անգամ բաց գիրով մը դիմած են Սերժ Սարգսեանին: Անոնց համար Սփիւռքի մէջ կեդրոնական, որոշիչ, կամք ունեցող եւ որոշում պարտադրող կառոյցները կարծէք չկան: Ճարահատեալ այս մարդիկը իրաւունքի տէր են: Անոնք կը խօսին մեր ժողովուրդին համար հիմնարար արժէքի մը՝ հայ դպրոցի մասին: Դպրոց, որ կարողութիւնը ունի սերունդներ պատրաստելու: Դպրոց, որ ունի ոգեղէն ամրոց ըլլալու բոլոր նախադրեալները:
Ճշմարտացի է, որ Սփիւռքի տարբեր անկիւններուն այսօր հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ լարուածութիւն չկայ: Չկայ նոյնիսկ տարակարծութիւն եւ բոլորը հասկցած են, որ Սփիւռքի հայութիւնը կ՚ապրի իր ծանր օրերը:
Մէկ կողմէ՝ Միջին Արեւելքի պատերազմները, իսկ միւս կողմէ՝ ամերիկա-հայ գաղութներուն ուծացումը կը հարուածեն Սփիւռքի ոգին ամէնուրեք:
Բացի այդ, խնդրագիր-նամակ շարադրողները կարեւոր համարած են յիշել Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով անտունի դարձած հայ պատանիները, որոնք այսօր կարիքն ունին ու ծարաւ են ուսման:
Գաղտնիք ալ չէ, որ այսօր արեւմտահայերէնը կը գտնուի դժուարին օրերու մէջ: Հոս է, որ Սփիւռքի տարբեր հատուածները իրենց ըսելիքը պէտք է ունենան:
Անոնք պէտք է որոշեն, թէ այսօր ի՛նչ կ՚ուզէ Սփիւռքը:
2015-ի օրակարգը եւ նահատակներու յիշատակը յարգելու գործընթացները անիմաստ կը դառնան, եթէ օր մը Սփիւռքի մէջ գոյութիւն չունենան հայերէն խօսող եւ արեւմտահայերէնի զարկ տուող սերունդներ:
Այսօր այդ տագնապը կ՚ապրին սուրիահայերու մատղաշ սերունդները, որոնք պատերազմի պատճառով տեղափոխուած են Հայաստան:
Անոնք, որոնք կոչուած էին արեւմտահայերէնը պահպանելու նոյնպէս Հայաստանի մէջ, ամէն օր կը տարրալուծուին ու բնական ընթացքով մը կը մոռնան արեւմտահայոց հիմնական գանձը՝ լեզուն:
Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս շարժիլ եւ ի՞նչ միջոցներով փրկել Մելգոնեանը:
Մեղադրանքները արդէն տարիներէ ի վեր մեզ հասցուցած են փակ պատերու դիմաց:
Ո՞վ պիտի լուծէ Մելգոնեանի հիմնախնդիրը:
Եւ ո՞վ պիտի գիտակցի, թէ Սփիւռքի մէջ մենք այսօր կարիքն ունինք վարժարաններու:
Այս երգը մեր նահանջի վերջին երգն է:
Մեզ չեն փրկեր մշակոյթի բոլոր դեղատոմսերը, ո՛չ երգը, ո՛չ պարը, ո՛չ բանաստեղծութիւնը, ո՛չ կտաւը եւ ոչ ալ հազարաւոր մարդոց ներկայութեամբ կազմակերպուած քայլարշաւներն ու հանդիսութիւնները:
Մենք կարիքն ունինք ազգային բարձր ոգեղէնով գործող եւ ազգի բոլոր հատուածներուն համար տուն եւ կամար եղող դպրոցներու:
Այդ դպրոցներուն առաջինը գուցէ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնն է, որուն դռները փակ են այսօր եւ որ կը սպասէ իր աշխարհով մէկ սփռուած որդիներուն:
Կը մնայ հարցումը, արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի անսա՞ն այս կոթողական դպրոցի բացման աղերսներուն:
Եւ արդեօք մեր սրտերուն մէջ վէրք դարձած Մելգոնեանի քայլերգը պիտի լսուի՞ կղզիի սրտէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մելգոնեան վարժարանի նախկին ուսուցիչ