ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՖԹԱՐԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ շուրջ եր­կու հա­զար հո­գի։ Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ պատ­րաս­տուած էր այս սե­ղա­նը, որ դար­ձած է ա­ւան­դա­կան։ Քա­ղա­քա­պետ Ահ­մէտ Միս­պահ Տէ­միր­ճա­նի տան­տի­րու­թեամբ սար­քըուած իֆ­թա­րին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ներ­կա­յա­ցուց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Տէ­միր­ճան յայտ­նեց, թէ նոյն սե­ղա­նին շուրջ միաս­նա­բար նստիլ կը նշա­նա­կէ հռչա­կել եղ­բայ­րա­բար ապ­րե­լու ի­տէա­լը։ «Ա­նոնք, ո­րոնք նոյն սե­ղա­նին շուրջ կրնան նստիլ, նաեւ կրնան դիւ­րու­թեամբ լու­ծել ի­րենց խնդիր­նե­րը։ Կը գիտակցինք, որ տեսակաւորութիւնը բաժանումէ աւելի միասնականութիւն է », ը­սաւ Տէ­միր­ճան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015