ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ առաջնորդուիլ արմատական տրամադրութիւններով եւ իր սադրիչ քաղաքականութեամբ կը փորձէ լարուածութիւնը պահել բարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ այս առումով ապրուեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հայկական կողմը մեղադրեց՝ խաղաղ բնակավայրերը գնդակոծելու մէջ եւ յայտարարեց, թէ այն տարածքները, որոնք անհասանելի են հրաձգային զինատեսակներու համար, պիտի ենթարկուին խոշոր տրամաչափի զինատեսակներու գնդակոծման։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան այս կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։
«Հաւատարիմ մնալով իր ապակառուցողական դիրքորոշման եւ շարունակելով ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծի ամբողջ երկայնքով հրադադարի խախտումները՝ ատրպէյճանական կողմը այսօր հանդէս եկած է հերթական ապատեղեկատուութեամբ», ըսուած է Արցախի Ռազմական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իրազեկած է, որ հայկական կողմը երբեք հանդէս չի գար հրադադարի պահպանման դրութեան խախտման նախայարձակի դերին մէջ։ Այս ուղղութեամբ համոզուելու համար ղարաբաղեան կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է միջազգային դիտորդներու մասնակցութեամբ տեղւոյն վրայ կատարել դիտարկում ու պարզել բուն ճշմարտութիւնը։ Նախարարութիւնը անդրադարձ կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի՝ հայկական բնակավայրերու եւ ռազմական կառոյցներու վրայ խոշոր զինատեսակներով կրակ բանալու վերաբերեալ յայտարարութեան։ Այսպէս, Արցախի զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը կը հաւաստիացնէ, թէ նման զարգացումներու պարագային պատասխանը պիտի ըլլայ անհամարժէք եւ յղի՝ անվերադարձ կորուստներու։ Նախարարութիւնը ընդգծած է նաեւ, թէ առաջնագծին վրայ ստեղծուած լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի վիճակի Ատրպէյճանին։