ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք տնանկներն ու աղքատները կ՚անարգեն: Առակացին մէջ որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է այս մասին:

Պատասխան. Անշուշտ. Առակաց 14.21-ին մէջ կը կարդանք. «Տնանկը անարգողը մեղք կը գործէ, բայց աղքատին ողորմողը երանելի կ՚ըլլայ»: Տէր Յիսուս երանի՜ կու տայ ողորմածներուն, ըսելով. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7): Աղքատութիւնը, տնանկութիւնը ամօթ կամ մեղք չէ, այլ՝ կեանքի պարագաներ են, եւ մարդուն տրուած է այդ վիճակին մէջ բարօր կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը:

Շատեր հանգիստն ու ապահովութիւնը նիւթականին կը կապեն եւ իրենց ամբողջ կեանքը կը վատնեն հասնելու համար հարստութեան, սակայն հասնելէ ետք կը նկատեն, թէ իրենց առողջութիւնը քայքայած են… Ճշմարիտ հանգիստն ու ապահովութիւնը Քրիստոսի մէջ է, այսինքն՝ մարդ հարուստ ըլլայ թէ աղքատ, եթէ զՔրիստոս ունի իր մէջ, Քրիստոսվ կ՚ապրի, ապա իր կեանքը հանգիստ, ապահով, բարօր ու արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, իսկ հակառակ պարագային, թէ՛ հարստութեան եւ թէ՛ մանաւանդ աղքատութեան պարագային, մարդուն կեանքը կը վերածուի երկրային դժոխքի մը, ուր հարուստը չբաւարարուելով իր ունեցածով ագահութեամբ կը ձգտի ա՛լ աւելի հարստութիւն դիզել, մինչ աղքատը՝ մնայուն կերպով դժգոհելով ու տրտնջելով, ինքզինք սատանային ձեռքը գործիքի մը կը վերածէ պարզապէս, ով ամէն կողմ չարիք կը սերմանէ ու կը տարածէ:

Ո՛չ հարուստը պէտք է անարգէ ու քմծիծաղի տնանկին ու աղքատին վրայ, ո՛չ ալ աղքատը պէտք է նախանձի հարուստին: Մարդ պէտք է միշտ յիշէ, թէ Աստուած՝ «իշխաններուն աչառութիւն չ՚ըներ ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են» (Յոբ 34.19): Իսկ թագաւորութիւններու առաջին գիրքին մէջ կը կարդանք. «Աղքատացնողն ու հարստացնողը, ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է: Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ ու կարօտը աղիւսէն կը հանէ, որպէսզի իշխաններուն հետ նստեցնէ ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ. քանզի երկրի հիմերը Տիրոջն են ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց: Անիկա Իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել: Տիրոջ դէմ հակառակողները պիտի կոտորուին, երկինքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ…» (Ա. Թգ 2.7-10):

Հետեւաբար, մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին, որովհետեւ վաղը չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ իր հետ. այդ պատճառով ալ, մարդ ինքզինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ պէտք է դնէ, որպէսզի հակառակ նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն զորս կրնան պատահիլ իր հետ, կարենայ դիւրութեամբ յաղթահարել:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը աշխատասիրութեան եւ ծուլութեան:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ, բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը» (Առ 14.23):

Աշխատող մարդը միշտ օգուտ կը գտնէ, իսկ չաշխատողը, ով իր ամբողջ օրը դատարկաբանութեամբ կ՚անցընէ, վնասէ բացի ոչինչ կը վաստակի, թէ՛ այստեղ եւ թէ՛ ալ հանդերձեալին մէջ: Այստեղ՝ այս աշխարհի վրայ, Առակագիրին նկարագրութեամբ կարօտութեան կը մատնուի, իսկ հանդերձեալին մէջ ինքզինք յաւիտենական տանջանքներու կ՚արժանացնէ:

Ըսուած է, թէ «աշխատանքը ազնուացնող է», «աշխատանքը սրբացնող է», կրնանք ըսել նաեւ, թէ աշխատանքը յաւիտենական կեանքին առաջնորդող միջոցներէն մէկն է, իսկ ծուլութիւնը՝ ընդհակառակը, մարդս պղծող, մարդս սեւցնող եւ մարդ մահուան առաջնորդող է: Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը ծուլութիւնը համարած են եօթ մահացու մեղքերէն մէկը. արդար եւ իրաւ: Ծոյլը որովհետեւ վստահելով ուրիշներուն իրեն տուած օգնութիւններուն կամ օժանդակութիւններուն, օր օրի աւելի կը չարանայ, օր օրի աւելի կը ծուլնայ, եւ փոխանակ մտածէ ինքզինք ուղղել, աշխատանք փնտռել, ընդհակառակը, իրեն եղած օժանդակութիւնները պարտաւորութեան կը վերածէ: Այս մասին կ՚արժէ կարդալ հետեւեալ կարճ պատումը ծոյլի մը եւ հարուստի մը մասին.

«Կար ու չկար շատ ծոյլ մարդ մը կար, ով բնաւ չէր աշխատած ու շատ աղքատ էր: Այդ ծոյլը ունէր հարուստ դրացի մը, ով շա՜տ աշխատասէր էր եւ իր աշխատասիրութեան շնորհիւ հարստացած էր: Ծոյլը միշտ դրամ կը խնդրէր իր հարուստ դրացիէն, ով խղճալով իր աղքատ դրացիին՝ չէր մերժեր: Օր մը, սակայն, պատահեցաւ որ հարուստը հիւանդացաւ եւ երկար ժամանակ աշխատանքի չէր երթար: Աղքատ ու ծոյլ դրացին երբ հերթական անգամ եկած էր անկէ դրամ խնդրելու, հարուստը բացատրելով իր վիճակը, մերժեց: Աղքատը լսելով հարուստին մերժումը, բարկացաւ ու ըսաւ.

-Դոն պարզապէս ծուլութիւն կ՚ընես. այնքան ալ հիւանդ չես, եւ կրնաս աշխատանքի երթալ:

Հարուստը լսելով այս կը նեղուի ու կը յիշէ Աստուածաշնչական այն հաստատումը, որ կ՚ըսէ. "Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար, թէ աչքիդ մէջ գերան կայ": Կամ, ինչպէ՞ս եղբօրդ կ՚ըսես. "Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ", երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ: Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել» (Մտ 7.3-5):

Հ. Յաճախ կը լսենք հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Պէտք է Աստուծմէ վախնանք»: Միաժամանակ Աստուածաշունչէն, յատկապէս Նոր կտակարանէն գիտենք, թէ «Աստուած սէր է»: Արդեօք այս երկու մօտեցումներուն մէջ հակասութիւն չկա՞յ:

Պ. Հակասութիւն չ՚ըլլար, երբ հարցին հոգեւոր ակնոցով մօտենանք, այսինքն, նախ ընդունինք, որ Աստուած Հայր է եւ այս գիտակցումէն մեկնելով, հասկնանք, որ իւրաքանչիւր հայր իր զաւակները կը սիրէ, սակայն միաժամանակ, երբ անհրաժեշտութիւնը զգայ կը պատժէ, կը յանդիմանէ, կ՚ազդարարէ. հայր մը, սակայն, երբ այս կերպ վարուի իր զաւակներուն հետ, անոնց մօտ ո՛չ թէ վախ կը յառաջանայ, այլ՝ երկիւղ, որ յարգանքի ու սիրոյ արտայայտութիւն է: Այսպէս ալ պէտք է ընկալենք մարդ-Աստուած յարաբերութիւնը, որպէս Հօր եւ զաւակներու փոխյարաբերութիւն: Եւ երբ Աստուածաշունչին մէջ վախ բառին հանդիպինք, այս հասկացողութեամբ պէտք է ըմբռնենք:

Առակաց 14.26-27-ին մէջ կը կարդանք. «Տիրոջ վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ ու Անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան: Տիրոջ վախը կեանքի աղբիւր է՝ մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար»: Վերը բացատրած տրամաբանութեան լոյսին տակ, արդարեւ, Աստուծոյ նկատմամբ մեր վախը՝ երկիւղը մեզի վստահութիւն կու տայ, աւելին՝ մեզ դէպի կեանք կ՚առաջնորդէ, մահուան որոգայթներէն ազատելով:

Կարդանք Ղեւոնդ Եպսկ. Դուրեանի հետեւեալ տողերը.

«Չխորհինք, թէ Աստուած մեզի հանդէպ այն ատեն միայն բարի է, երբ մենք Իր հովանիին տակ կ՚ապրինք, չկարծենք, որ Աստուած այն ատեն միայն բարի է, երբ մարդ սուրբ սիրտով Անոր կապուած է. ո՛չ, ո՛չ: Աստուած բարի է, եթէ մարդը նոյնիսկ, Անոր անունը մոռնալով, Անկէ շատ հեռու ապրի, եթէ մարդը նոյնիսկ իր հարստութեան ժամանակ Աստուծոյ անունին անէծքներ տեղայ. Աստուած բարի է, եթէ մարդը նոյնիսկ Մողոքին կամ Բաաղին պախարակելի կուռքերը պաշտէ. Աստուած բարի է մանաւանդ բարութիւն է, եթէ նոյնիսկ երկինքն ու երկիրը մագաղաթի նման գալարուին. Ան Իր բարութեամբ անփոփոխ է, եթէ նոյնիսկ ամէն տեղէ սպառին մարդկային ձայներն ու շունչը:

Չկարծէք, թէ Աստուած միայն ձեր ուրախ օրերուն եւ երջանիկ պահերուն միայն բարի է. ո՛չ, իմացէ՛ք, որ Ան նոյնիսկ ձեր դժբախտութեան եւ տխրութեան օրերուն ալ բարի է. երբեք չխորհիք, թէ Աստուած միայն այն ատեն բարի է, երբ ձեր որդիները ուրախ են ձեր ընտանեկան վառարանին շուրջ, ուր ցանկալի կեանք կ՚ապրին. իմացէ՛ք, որ Ան բարի ու բարութիւն է նոյնիսկ այն տեն, երբ սեւ-սեւ դագաղները ձեր դռներուն քովէն անշշուկ կ՚անցնին, եւ բարեկամներն ալ արցունք կը թափեն. միայն Աստուծոյ կարելի է ըսել՝ «ոչ ոք բարի է, բացի Աստուծմէ» (Ղկ 18.19):

Ճշմարիտ է, որ «ոչ ոք բարի է, բացի Աստուծմէ», քանի որ միայն Աստուած է, որ մեր փրկութեան համար կամեցաւ Իր սիրելի Որդին աշխարհ ղրկել՝ յանուն մեր սիրոյ զԻնք Իր երկնային փառքէն զրկելով. միայն Ան բարի է, քանի որ մեզ բոլորս դարձեալ անմահութեան հրաւիրեց. միայն Ան բարի է, քանի որ մեր փրկութեան համար անգին շնորհներ եւ միջոցներ կը մատակարարէ. միայն Ան բարի է, քանի որ Ան է, որ մեր մեղանչելէն ետք պատրաստ է մեզի թողութիւն շնորհել. միայն Ան բարի է, քանի որ մեզի համար երկնային օթեւաններ կը պատրաստէ»:

Լուսահոգի Դուրեան Եպիսկոպոսին այս տողերը կարդալով, արդէն տեղ չի՛ մնար մտածելու, թէ Աստուծմէ վախնալու հանգամանքին եւ Աստուած սէր ըլլալու ճշմարտութեան միջեւ հակասութիւն կայ, որովհետեւ ցանկացած սիրող հայր իր զաւակներուն լաւութեան մասին միայն կը մտածէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 37

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2023