ԻՐԱՆ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ գո­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին։ Ե­րէկ, Վիեն­նա­յի մէջ, Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան այս հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մո­կե­րի­նի յայտ­նեց, որ օ­րը պատ­մա­կան է։ Ըստ ի­րեն, շնոր­հիւ հա­մար­ձա­կու­թեան, քա­ղա­քա­կան կամ­քի ու փո­խա­դարձ յար­գան­քի ա­պա­հո­ված են այն ինչ, որ աշ­խարհ կը յու­սար։ Սա կը նշա­նա­կէ խա­ղա­ղու­թեան ուղ­ղեալ հա­սա­րա­կաց խոս­տում մը եւ ա­ւե­լի անվ­տանգ աշ­խար­հի մը հա­մար միաս­նա­կա­նու­թիւն։ Մո­կե­րի­նիի խօս­քե­րով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած են շնոր­հիւ մաս­նա­կից բո­լոր կող­մե­րու շի­նիչ դիր­քո­րոշ­ման, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ճար­տա­րու­թեան ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան եւ այս­պէ­սով լու­ծո­ւած է խնդիր մը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւէր տա­սը տա­րիէ ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր։

Սոյն հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Սպի­տակ տան մէջ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նը։ Ան ը­սաւ, որ ԱՄՆ եւ իր մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րը մեծ յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած են շուրջ եր­կու տա­րի տե­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։ Ըստ ի­րեն, Ի­րա­նի հետ հա­սած են ծա­ւա­լուն ու եր­կա­րա­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը, որ պի­տի կան­խէ այդ երկ­րին հիւ­լէա­կան զէն­քեր ձեռք բե­րե­լը։ Օ­պա­մա­յի խօս­քե­րով, այս ուղ­ղու­թեամբ բո­լոր ճա­նա­պարհ­նե­րը փա­կո­ւած են։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կոչ ուղ­ղեց ԱՄՆ-ի գոնկ­րէ­սին, որ­պէս­զի ան­պայ­ման վա­ւե­րաց­նէ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։

Սոյն հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն վերջ Օ­պա­մա հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սո­ւա Օ­լան­տի, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րը­նի եւ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի հետ։ Բաց աս­տի, ան հե­ռա­ձայ­նով կապ հաս­տա­տեց նաեւ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հո­ւի հետ։ Ա­մե­րի­կա­ցի ղե­կա­վա­րը շեշ­տեց, որ Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրա­գի­րը կը կրէ խա­ղաղ բնոյթ եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը կան­խէ ա­նոր հիւ­լէա­կան զէն­քեր ձեռք բե­րե­լը։

Իր կար­գին, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նին ալ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ը­սաւ, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին ա­պա­հո­վո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թեան շնոր­հիւ աշ­խար­հի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կը բա­ցո­ւի նոր էջ մը եւ իր երկ­րին դէմ պի­տի ջնջո­ւին բո­լոր բռնա­մի­ջոց­նե­րը, նե­րա­ռեալ զէն­քի շրջա­փա­կու­մը։ Ռու­հա­նի միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը Ի­րա­նի զար­գաց­ման հան­գու­ցա­յին կէ­տը կը հա­մա­րո­ւի։

Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը կ՚ընդգ­ծեն, որ այս հա­մա­ձայ­նու­թեան մէջ հա­շո­ւի առ­նո­ւած են բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բո­լոր կող­մե­րուն դիր­քո­րո­շում­նե­րը։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը հա­մա­րեց այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դո­ւարդ Նալ­պան­տեան ող­ջու­նեց սոյն կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րու­մը։ «Եր­կար սպա­սո­ւած այս պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մըն է՝ ի նպաստ մի­ջազ­գա­յին, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կա­յու­նու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման։ Լիա­յոյս ենք, որ սա յա­ւե­լեալ խթան մը պի­տի հան­դի­սա­նայ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ բա­րե­կամ Ի­րա­նի մի­ջեւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման, հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար», ը­սաւ Նալ­պան­տեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015