ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­ման հար­ցին բե­րու­մով ծնունդ ա­ռած բո­ղո­քի ա­լի­քը կը շա­րու­նա­կուի։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին, եր­կու շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեամբ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան եր­թե­ւե­կու­թեան փա­կած «Ո՛չ թա­լա­նին» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց նոր ցոյց մը։ Ցու­ցա­րար ե­րի­տա­սարդ­նե­րը այս­պէ­սով վե­րա­դար­ձած ե­ղան Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նի փո­ղոց­նե­րը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուին ա­նոնց ցոյ­ցե­րը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ո՛չ թա­լա­նին»ը ներ­կա­յիս կը պա­հան­ջէ ոս­տի­կան­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան են­թարկ­ման ուղ­ղու­թեամբ ե­րաշ­խիք­նե­րու տրա­մադ­րում։ Ցու­ցա­րար­նե­րու հա­մա­կար­գող­նե­րէն Մաք­սիմ Սարգ­սեան յայտ­նեց, թէ հա­մա­կար­գէն պէտք է հե­ռա­ցուին այն ոս­տի­կան­նե­րը, ո­րոնք բռնու­թիւն գոր­ծադ­րած են ցու­ցա­րար­նե­րուն եւ լրագ­րող­նե­րուն դէմ։ «Ո՛չ թա­լա­նին»ը ե­րէկ շուրջ 20 վայր­կեան եր­թե­ւե­կու­թեան փա­կեց Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յի եւ Ա­մի­րեան պո­ղո­տա­յի բա­նուկ խաչ­մե­րու­կը։ Ցու­ցա­րար­նե­րը «Մոս­կուա» շար­ժան­կա­րի դահ­լի­ճին առ­ջեւ հա­ւա­քուե­ցան եւ կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րէն ըն­թա­նա­լով ուղ­ղուե­ցան դէ­պի դա­տա­խա­զու­թիւն։

Հարկ է նշել, որ վեր­ջերս ինն ոս­տի­կան կար­գա­պա­հա­կան տու­ժի են­թար­կուած էր՝ բո­ղո­քի դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին յա­ռա­ջա­ցած հար­ցե­րուն բե­րու­մով։

Միւս կող­մէ, «Ո՛չ թա­լա­նին»ի ցու­ցա­րար­նե­րը այ­սօր Ե­րե­ւա­նի Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յին վրայ, Գրող­նե­րու միու­թեան շէն­քի յա­րա­կից տա­րած­քով երթ մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րանք։ Ա­նոնք կը նա­խա­տե­սեն պա­տաս­խան-նա­մակ մը հրա­պա­րա­կել Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ի­րենց ուղ­ղեալ ե­լոյ­թին փո­խա­րէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015