Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ ԵՐԿԻՆՔ
-Մայրի՛կ, երբ ես մեծնամ դուն պիտի պզտիկնա՞ս:
-Այո՛, Զաւէն:
-Իսկ քու մասին ո՞վ հոգ պիտի տանի:
-Դուն,- առանց վարանելու պատասխանեցի:
-Սակայն ես կաթիկ չունիմ: Ինչպէ՞ս քեզ պիտի կերակրեմ...- խիստ մտահոգ հարցուց ան:
Մանուկներու աշխարհը շատ հետաքրքրական է, ջերմ ու բարի: Անոնց հոգիները կը նմանին ճերմակ թուղթի, որու վրայ կը խզբզէ իւրաքանչիւր ընտանիք:
Զաւէնիկի գլուխին մէջ կուտակուած անթիւ ու անհամար հարցերը կը սպասեն սպառիչ պատասխաններու: Վերջերս ան հետաքրքրուած է մահի մասին խօսակցութիւններով.
-Մամա, երբ մարդիկ շատ կը մեծնան, երկի՞նք կ՚երթան:
-Այո՛, Զաւէն:
-Մամա, դուն ե՞րբ երկինք պիտի երթաս:
-Երբ շատ-շատ մեծ ըլլամ:
-Պապա՞ն ալ:
-Այո՛:
-Ո՛չ, ես չեմ ուզեր դուք երկինք երթաք,- յանկարծ կը սկսի լալ Զաւէնը:
Որոշ ժամանակ անց հարցերը կը շարունակուին.
-Մամա, տատիկը ե՞րբ պիտի երթայ երկինք:
-Երբ շատ-շատ մեծ ըլլայ:
-Ո՛չ, չեմ ուզեր,- կը բարկանայ Զաւէն:
-Եթէ չես ուզեր, ուրեմն պիտի չերթայ: Զաւէն կ՚աղաչեմ այս նիւթի մասին մի՛ խորհիր: Եկուր աւելի գեղեցիկ բաներու մասին խօսինք:
-Մամա, երեխաները երկինք չեն երթա՞ր... Երեխաներու մայրիկներն ու հայրիկները երկինք չե՞ն երթար: Մինակ մեծ հայրիկներն ու մեծ մայրիկները կ՚երթա՞ն:
-Իրաւացի ես, պզտիկները երկինք չեն երթար: Մինակ շատ մեծերը կ՚երթան:
Կը թուի, թէ բոլոր հարցերը տրուեցան, այս նիւթը գոցուեցաւ: Սակայն հետզհետէ զայն աւելի շատ կը հետաքրքրէ իմ հինգամեայ փոքրիկ ինչո՞ւիկին:
-Մայրի՛կ, Զաւէն պապիկն ու Իզապելլա տատիկը հիմա երկինքի մէ՞ջ են:
-Այո՛:
-Իսկ անոնք ինչպէ՞ս բարձրացան երկինք, աչքերը բա՞ց, թէ՞ գոց:
-Գոց աչքերով:
-Մամա, ե՞ս ալ իմ աչքերը գոց պիտի երթամ երկինք:
-Այո՛, Զաւէն:
-Իսկ ես ե՞րբ պիտի երթամ երկինք:
-Զաւէն, գոցէ՛ այս նիւթը, այլեւս նեղուեցայ:
-Չեմ ուզեր: Իմ հարցին պատասխանէ. ե՞րբ պիտի երթամ երկինք:
-Երբ շատ-շատ մեծ ըլլաս,- զգուշօրէն պատասխանեցի: Զաւէնը սկսաւ պոռալ ու լալ:
-Ես չեմ ուզեր երկինք երթալ: Ես կ՚ուզեմ միշտ քեզի հետ մնալ:
Այս վիճակը զիս անհանգստացնել սկսաւ: Չէի գիտեր, ինչպէս ճիշդ պատասխանել անոր հարցումներուն, որպէսզի յանկարծ չվնասեմ անոր փխրուն հոգին:
-Զաւէն, անանկ բաներ մի՛ խորհիր հոգիս: Դուն միշտ մեզի հետ պիտի ըլլաս: Ես քեզ երբեք պիտի չձգեմ:
Քանի մը ժամ անց հարցերը կ՚ըլլան շարունակելի.
-Իսկ Զաւէն մեծ հայրիկը ո՞ր երկինքի մէջ կը գտնուի, Հայաստանի՞, թէ՞ Արցախի:
Հետաքրքրական հարցում մը, որու մասին մինչեւ այսօր չէի խորհած: Յիրաւի, արդեօք երկինքն ալ երկիրներու պէս մասնատած են, թէ երկինքը մէկ հատ է: Ասոր պատասխանը ես չեմ գիտեր: Իմ պատասխանը եղաւ.
-Հայաստանի երկինքի մէջ:
-Մայրիկ, իսկ երկինք ինչպէ՞ս կ՚երթան, օդակայանէ՞ն, ճամպրուկ մըն ալ մեզի հետ պիտի առնենք...
Գրեթէ տասն օր ես ստիպուած էի պատասխանել երկինք երթալու մասին Զաւէնի հարցումներուն: Սպասենք յաջորդիւ հարցումներուն: Հետաքրքրական է, արդեօք յաջորդ նիւթը ո՞րը պիտի ըլլայ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 05/14/2025