ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԵՒ ՏԱՐԻՔ
Ամէն անգամ, երբ տարեդարձի մը ներկայ գտնուիմ եւ կամ անոր մասին խօսուի, կեանք կոչուած այս առեղծուածին դիմաց, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ՚առաջնորդէ: Ու այս առթիւ, բարի մաղթանքներուս մէջէն, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ ի՞նչ է այս տարիք ըսուածը, որ Աստուածային հաճելի ու մեծ պարգեւ մը ըլլալով հանդերձ, շատ յաճախ ալ շատերու համար ճիշդ հակառակը՝ տխուր, անկանոն շարուածքով, տաղտկալի ու տաժանելի տարիներու գումար մըն ալ է:
Ողորմած մօրս համաձայն, «տարիք ըսուածը, մեղա՜յ, քա, մեղա՜յ..., աչքդ գոցէ բաց... տե՛ս, արդէն երէկուան չօճուխները մարդ դարձած են...»:
Կեանք եւ տարիք իրարու ամրօրէն առընչուող այս եկուորեակները, իսկապէս որ բարդ բաներ են, անհասկնալի եւ նոյնքան ալ հասկանալի, սակայն նաեւ սարսափելի: Պաշտելի ու նոյնչափ ալ յաճախ անհանդուժելի:
Բայց, ինչեր ալ ըսուին սա կեանք ըսուածին մասին, ան միշտ մնացած է եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ բոլորին համար անուշ բան մը, հաճելի է եւ որ կ՚արժէ զայն ապրիլ:
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, այսօր, այս եւ նման յառաջաբանով մը սկսայ:
Յիշեցի: Տարեդարձս է: Բայց, որո՞ւ հոգը:
Եթէ տասնամեակներ առաջուայ մանուկ տարիքս ունենայի, անկասկած, որ տարբեր օր մը եղած պիտի ըլլար ինծի համար: Իսկ հիմա… «ժիր եղէ՛ք, եւ մի՛ ծերանա՛ք», կը թելադրեմ միայն: Անոր համար ուզեցի քանի մը տողերով փնտռել գեղեցիկն ու ճշմարիտը, կշռել արդարն ու անիրաւը եւ այս ձեւով ես զիս դատել:
Տարեդարձիս առաւօտն է ու յանկարծ կ՚ուզեմ իմ անկիւնէս դուրս գալ: Կ՚ուզեմ փնտռել անձս: Կը կրկնեմ, մարդ ինքն իր մէջ պէտք է փորձէ նայիլ, ինքզինք ճանչնալու համար:
Օրերս կ՚անցնին ու կը կը կրկնուին: Ու կ՚ուզեմ գրել: Ըրածս սակայն ծուլութիւն չէ: Շատ հաւանաբար իրականութենէն տեսակ մը խուսափում, վախնալով որ էջերու սահմաններով պիտի չկարենամ ինքզինքս բացայայտել, որովհետեւ արդէն իսկ համարձակութիւնս իր յստակ սահմանները ունի, գծած է ու այս ձեւով արգելք է մտքիս անկանոն խոյանքներուն:
Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած են առօրեայ մտահոգութիւններուն: Այսպէս, քանի տարիներս կ՚աւելնան, ամէն բանի մասին սկսած եմ իբրեւ հետաքրքիր երեւոյթ նայիլ: Ճակատս, տարիներէ ի վեր, արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանի, իսկ մազերս ալ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած են: Օրերուս նման անտող են նաեւ ժամերս ու տրամադրութիւններս:
Ու ջիղերու նեքին պայքարն է, որ կը տկարացնէ սիրտս: Եւ որովհետեւ ուզած եմ ուրախ ապրիլ, անոր համար երազած եմ, հաւատալով, որ իրականութիւն ըսուածը երազէն է, որ կը ծնի: Կը զգամ, որ հոգիէս բան մըն է, որ կը փոխուի:
Անոր համար, մանաւանդ այսօր, հին օրերու գեղեցիկ եւ լեղի յուշերու թարմացումով մը կ՚ուզեմ վերապրիլ: Այս վայրկեանին իսկ կ՚ուզեմ յիշել, հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ երիտասարդութիւնս մեծցաւ:
Կ՚ուզեմ գրել:
Կը գրեմ հոգիս լեցնելու համար: Սակայն գրելու համար, կը կարծեմ, որ կարելի չէ ընտրել ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը, որովհետեւ մտածումը կու գայ ամէն վայրկեան, գիշեր կամ ցերեկ:
Ամէն դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն տարիքիս կը կապեմ: Անձէն խուսափելու լաւագոյն միջոցը՝ թերեւս: Կ՚ուզեմ հաւատք փոխանակել. բայց կը զգամ, որ անօգուտ կը թուի, որովհետեւ ծանր պայքարեցայ կեանքիս այս հեւքին մէջ, բան մը պահելու համար:
Այսօր, վերջապէս ներքին ու ծածուկ խռովքիս հետ, հանդարտ անկեղծութիւն մըն ալ կայ մէջս: Կ՚ուզեմ այս մէկը խոստովանիլ, որ շատերուն նման, ես ալ իմ հացս գրական քրտինքին հետ կապելս, իսկապէս զիս դէպի յուսախաբութիւն առաջնորդած եւ երբեմն ալ դէպի դժբախտութիւն տարած է:
Տարիներէ ի վեր ժամանակներս իրենք իրենց մէջ սեղմուած են արդէն: Թէեւ ժամանակը լրանալիք չունի, բայց հոգիս գտնելու համար երբեմն կայան մը կը փնտռեմ: Այսքան երկար տարիներ ետք, վերջապէս այս բոլորը կրցած եմ մտքիս ծոյլ թափառումներով հանգիլ եզրակացութիւններուն:
Տակաւին կը յիշեմ, որ շատ յաճախ համբերատար աշխատանքս արդարացնելու բոլոր յոյսերս ցնդած են: Յաճախ, կը զգամ արդէն, որ տարիքիս հետ, մանուկի մը յափշտակութիւնը կայ աչքերուս մէջ:
Բոլոր տարեկիցներուս նման ես ալ ընտանիքէս ետք, հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ եւ յաճախ այս երկուքին կարօտն է, որ զիս կը բռնէ լալու աստիճան:
Ամէն օր, երբ մտնեմ նոր օրուան մը կեանքին մէջ, կը զգամ, որ արդէն ինքնաբերաբար կամաց կամաց մտած եմ հին սերունդի սահմաններէն ներս: Կը փորձեմ ուղիղ տանիլ գիծը ու լուրջ սեղանին մօտեցնել ամէն հարց կամ տագնապ:
Հաստատ գիտեմ, որ որոշ տարիքէ ետք դժուար է բռնել կեանքը: Կը հաւատամ նաեւ, որ այս սահմաններուն մէջ կարեւորը հոգեկան կապը պահելն է: Թէեւ իմ մասիս խօսիլը ծանր է եւ քնտինքոտ, սակայն պատշաճութեան պէս բան մըն է կատարածս ու մտածումներուս կապոյտ երբեմն ալ պղտոր լիճին մէջ անձս յարգողի յանձնառութեամբ, այս տողերս կ՚ուզեմ հաւաքել:
Ու անտարակոյս կ՚ուզեմ բաժնել նաեւ հաճոյքը: Երեւոյթը գեղեցիկ պէտք է տեսնել, կ՚ըսեմ բոլորին:
Սակայն...: Ու երկարօրէն կը մտածեմ մերիններուն, հարազատներուս ապագային մասին: Կը մտահոգուիմ գաղութովս ու միշտ կը կրկնեմ առոյգ եւ առանձին ուժ պէտք է գաղութին մէջ տոհմիկ ջերմութիւնը պահելու համար:
Ստիպուած ենք կորսուած սերունդներուն մասին մտածել, որպէսզի մեր հաւատքը ջերմանայ: Այս է, որ հետզհետէ կը ծանրացնէ մեր կեանքը: Սփիւռքի մէջ կ՚աշխատինք պահել այն ճամբան, ուրկէ մեր նախնիները անցած են:
Կը զգամ, որ նպատակն է, որ հետզհետէ կը մաշի: Թէեւ մեր քայլերուն մէջ վստահ բան մը կայ, սակայն շատերուն մօտ ապագայի նկարը մաշած կ՚երեւի: Կը մաշի նաեւ յոյսը եւ մենք կամաց-կամաց կը փոքրանանք ու սերունդը արագ կը կորսուի իր հետ կիսելով նաեւ հայ ժողովուրդի հոգին:
Այս բոլորը անոր համար, որ գաղութի բազկերակը երբեմն կանոնաւոր չէ: Ինչ լաւ է հաւատքը: Ան արդէն երկար ատենէ ի վեր հոգեկան սահմաններուս մէջ մտած է: Յաճախ կ՚ըսեմ երջանիկ պէտք է զգալ սփիւռքեան տարածքին մենք ապրողներս, մեր զաւակները հայ տեսնելով:
Ինքնաբուխ հիացում մը ունիմ, նման իրականութեան դիմաց: Թերեւս, ես այն բախտաւորներէն եմ, որովհետեւ մեր տան մէջ նոր պատուհաններ բացուած են: Ինծի համար նման ճշմարտութիւնը տեսնել, նպատակին հասնիլ կը նշանակէ:
Տարիներէ ի վեր ես ալ նոր սերունդին հաւատք կապած եմ, որովհետեւ թէեւ քիչ, սակայն շատ յաճախ լաւ բաներ կը կատարուին մեր ժողովուրդի փոքր ածուին մէջ ու յանկարծ հպարտութիւն մը կը ծնի: Նոյն այս հպարտութիւնը կու գայ անոնց, որոնք կը ստեղծեն եւ ոչ թէ անոնց՝ որոնք կը ձգտին որ ստեղծուի:
Այս բոլորը կ՚ըսեմ տարեդարձիս առաւօտուն, որովհետեւ կը հաւատամ, որ իմը՝ այսօրն է, իսկ վաղը՝ Աստուծոյս:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ