ՎԵՐԱՊԱՀ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով, ե­րէկ, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Ան­գա­րա­յի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Շուրջ 1 ժամ 45 վայր­կեան տե­ւեց եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն զրոյ­ցը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ։ Տա­վու­տօղ­լուի կող­քին էին Աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին անվ­տան­գու­թեան նա­խա­րար Ֆա­րուք Չե­լիք, ե­րես­փո­խան­ներ՝ Լիւթ­ֆի Էլ­վան եւ Էր­թան Այ­տըն, ինչ­պէս նաեւ կու­սակ­ցու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն Հա­լուք Ի­փէք եւ Մա­հիր Իւ­նալ։ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի կող­քին էին Մուս­թա­ֆա Քա­լայ­ճը, Օք­թայ Վու­րալ, Իս­մէթ Պիւ­յիւ­քա­թա­ման եւ Սե­միհ Եալ­չըն։

Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ զրու­ցե­լէ ետք Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու տե­ղե­կա­ցուց, որ ՄՀՓ չի փա­փա­քիր մաս կազ­մել հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը։ Տե­սակ­ցու­թեան յա­ջոր­դած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու ան­մի­ջա­կան ու բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տին հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիին եւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն։ «Դրա­կան մթնո­լորտ մը կար, ես ալ օգ­տուե­ցայ այս տե­սակ­ցու­թե­նէն։ Ի­րեն հետ բաժ­նե­ցի այն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը, զորս կը վի­ճա­կին մե­զի։ Պա­րոն Պահ­չե­լին ալ ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մը ար­տա­յայ­տեց ծայր աս­տի­ճան բաց եւ թա­փան­ցիկ ձե­ւով։ Յայտ­նեց, թէ չեն փա­փա­քիր կա­ռա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մը մէջ գտնուիլ եւ կը նա­խընտ­րեն մնալ ընդ­դի­մու­թեան շար­քե­րուն մէջ։ Սա նոր դիր­քո­րո­շում մը չէ։ Մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ Յու­նի­սի 7-ի ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ի վեր ու­նին նոյն դիր­քո­րո­շու­մը։ Մենք կը յար­գենք ի­րենց այս մօ­տե­ցու­մը։ Բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ պի­տի տե­սակ­ցինք։ Հա­մա­միտ գտնուե­ցանք, որ յա­ռա­ջի­կայ տօ­նէն վերջ կրնանք վերս­տին հան­դի­պիլ եւ մեր ըն­կեր­նե­րը պէտք է մնան շփման մէջ։ Ին­քը քա­ղա­քա­կան նա­խընտ­րու­թիւն մը կը կա­տա­րէ», ը­սաւ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու։

Ման­րա­մաս­նե­լով իր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը՝ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­թեան հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ չէ ե­կած, իսկ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ կա­տա­րուած են կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։ «Բազ­մա­թիւ նիւ­թե­րու շուրջ խօ­սե­ցանք։ Հա­մա­ձայն գտնուե­ցանք, որ Թուր­քիա պէտք չէ մնայ ա­ռանց կա­ռա­վա­րու­թեան ու պէտք է ստեղ­ծուի ա­մուր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ ՄՀՓ­-ի հետ յա­ռա­ջի­կայ շփում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի հա­մա­կար­գէ Ֆա­րուք Չե­լիք։ ՄՀՓ­-ի կող­մէ ալ նման պաշ­տօն մը յանձ­նուած է Օք­թայ Վու­րա­լին։

Իր կար­գին, Տեւ­լէթ Պահ­չե­լին ալ նշեց, թէ ինք կրկնած է ՄՀՓ­-ի չորս նա­խա­պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին, լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին, Սահ­մա­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին չորս յօ­դուած­նե­րուն եւ ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րու հար­ցաքն­նու­թեան։ Պահ­չե­լիի հա­մոզ­մամբ, ա­ւե­լի ճիշդ է, որ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը փոր­ձէ ա­ռա­ջին հեր­թին հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծել ՃՀՓ­-ի կամ ՀՏՓ­-ի հետ։ Ար­դա­րեւ, ըստ ի­րեն, հա­սա­րա­կու­թեան մօտ առ­կայ է բե­ւե­ռա­ցում մը, ո­րու յաղ­թա­հար­ման տե­սան­կիւ­նէն ա­ւե­լի յար­մար կրնայ ըլ­լալ ՃՀՓ­-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ «Ե­թէ այս բո­լո­րը չի­րա­կա­նա­նան, ա­պա այդ ժա­մա­նակ մենք պատ­րաստ ենք ը­նե­լու մե­զի վի­ճա­կա­ծը», ը­սած է Պահ­չե­լի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին։

Տավուտօղլու այսօր ալ կը տեսակցի ՀՏՓ-ցիներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015