ՆՈՐՈՎԻ ՈՍՏՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ վերջին շրջանին նորովի ոստումի մը որոնումները ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան բանակցութիւններն ալ, վերջին շրջանի բոլոր շփումներուն նման, փոխըմբռնման մթնոլորտի մը մէջ ընթացան։ Երկու երկիրները այս շրջանին արդէն որոշած են զարկ տալ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Անգարա եւ Գահիրէ երէկ վերստին արտայայտեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկային բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը զարգացնելու համար։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու Սեմիհ Շիւքրիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երէկ ըսաւ. «Եգիպտոսի հետ բացած ենք նոր էջ մը եւ կ՚ուզենք այդ մէկը լեցնել համատեղ ծրագրերով եւ յաջողութեան պատումներով»։ Կողմերը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը վերստին դեսպանի մակարդակին բարձրացնելու նպատակով արդէն շօշափելի քայլեր կ՚առնեն։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շրջանին համատեղ յայտարարութիւնով մը հրապարակուի համապատասխան տեղեկութիւնը։ Իր կարգին, եգիպտացի նախարարն ալ յայտնեց, որ օրակարգի վրայ է յառաջիկային նախագահներու մակարդակով հանդիպման մը կազմակերպումը։

Չավուշօղլու Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը կը ներկայացնեն կարեւորութիւն։ Ապագային կողմերը աւելի սերտ համագործակցութիւն պիտի ծաւալեն նաեւ Լիպիոյ պարագային։ Չավուշօղլու նշեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուած են նաեւ Սուրիոյ վերաբերեալ խնդիրները։ «Սուրիայէ ներս մշտական խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը մեր բոլորին տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Այս նպատակով պէտք է լուրջ քայլեր առնուին։ Համակարծիք ենք այս ուղղութեամբ։ Սերտ համագործակցութեան մէջ պիտի ըլլանք եւ կարծիքներ պիտի փոխանակենք», ըսաւ նախարարը։

Իր կարգին, Սեմիհ Շիւքրին ալ նշեց, որ երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը կը հասնի 10 միլիառ տոլարի մակարդակին։ Այդ ցուցանիշը զարգացնելու համար երկու երկիրներու կառավարութիւնները պիտի շարունակեն իրենց ջանքերը։ «Շատ կարեւոր է, որ ներդրողները խրախուսուին երկու երկիրներէն ներս։ Այս բոլորը հասարակաց դրական օգուտներ կ՚ապահովեն։ Մենք կը փափաքինք, որ բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը զարգանայ։ Մասնաւորապէս ուժանիւթի բնագաւառէն ներս, միեւնոյն ժամանակ վերականգնուող ուժանիւթի պարագային կ՚ուզենք այս բանը։ Անհրաժեշտ ներուժը գոյութիւն ունի», յայտնեց Անգարայի մէջ նախարար Սեմիհ Շիւքրի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023