ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐ

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հիւ­րըն­կա­լեց սփիւռ­քա­հայ կրթա­կան մշակ­ներ, ո­րոնք վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րու կը մաս­նակ­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Վաթ­սու­ներ­կու հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ այս խում­բին հետ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մէկ­տե­ղուե­ցաւ Մայ­րա­վան­քի տա­րած­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» Մա­տե­նա­դա­րա­նի դահ­լի­ճի յար­կին ներ­քեւ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան եւ Ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ 

Հան­դիպ­ման սկիզ­բին Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան ող­ջու­նեց աշ­խար­հի տասն­չորս եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մօտ ծա­ռա­յող կրթա­կան մշակ­նե­րը եւ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ա­նոնց։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան յոյս յայտ­նեց, թէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ ա­նոնք նոր լից­քով պի­տի շա­րու­նա­կեն ու­սու­ցի­չի վեհ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ 
Ա­պա հա­յա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­ներ դա­սա­ւան­դող սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն իր օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը, որ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­ւե­լի մեծ թի­ւով կրթա­կան մշակ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը վեր­յի­շեց նաեւ, որ ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պուէին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ։
Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւն ընդգ­ծեց, թէ բարձ­րօ­րէն կը գնա­հա­տէ ու­սու­ցիչ­նե­րու՝ նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ կրթու­թեան ուղ­ղու­թեամբ բե­րած նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբու­թեան սպա­սումն է, որ ու­սու­ցիչ­նե­րը հա­յա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­ներ դա­սա­ւան­դե­լէ զատ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը հա­ղորդ դարձ­նեն նաեւ ազ­գա­յին, հայ­րե­նա­կան եւ հա­մայն­քա­յին կեան­քի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ա­նոնց ա­ռիթ ըն­ձե­ռեն ներգ­րա­ւե­լու զա­նա­զան ծրագ­րե­րու մէջ եւ այդ­պէ­սով մաս­նա­կից դառ­նա­լու ազ­գա­յին կեան­քին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հաս­տա­տեց, որ սա է հայ­րե­նա­սէր, ազ­գա­սէր եւ նա­խան­ձախն­դիր սե­րունդ մը կրթե­լու ճա­նա­պար­հը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ միայն Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ սէր, ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ հա­ւատք ու տե­սիլք ու­նե­ցող ան­հա­տը կրնայ յաղ­թա­հա­րել կեան­քի բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Բաց աս­տի, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ու­սու­ցիչ­նե­րը դա­սըն­թաց­քի ա­ւար­տին ի­րենց եր­կի­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան ո՛չ միայն նոր գի­տե­լիք­նե­րով ու փոր­ձա­ռու­թեամբ, այլ նաեւ՝ հո­գե­ւոր-ազ­գա­յին ապ­րում­նե­րով խան­դա­վա­ռուած եւ ներշն­չուած ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի ի­րո­ղու­թեամբ։ 
Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ար­դիւ­նա­ւոր ըն­թացք ցան­կաց դա­սըն­թացք­նե­րուն ու մաղ­թեց, թէ բա­րին Աս­տուած ու­սու­ցիչ­նե­րը զօ­րաց­նէ ի­րենց կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015