ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
Անյիշելի ժամանակներէ եւ մարդկային քաղաքակրթական տարբեր օճախներու ծնունդէն ի վեր, մօր կերպարը արժանացած է իւրայատուկ մեծարման: Մայրը՝ իբրեւ կեանքի սկզբնաղբիւր եւ գոյութեան ստեղծարար, իր ինքնամոռաց զոհողութեան եւ սիրոյ առանձնայատկութիւններու ընդմէջէն, արժանացած է յատուկ սրբացման կարգավիճակի:
Վաղեմի շրջաններէն հին արեւելեան ապա յունական, հռոմէական եւ հայկական դիցաբանութեանց պատմագրութեան մէջ, մօր կերպարը կ՚ուրուագծուի չաստուածուհիներու ակնառու խիտ առկայութեամբ: Աֆրոտիթէն, Անահիտը, Աստղիկը, Աթէնասը եւ այլն կ՚ընձիւղեն մարդկային հաւաքական ակնածանքն ու սէրը կնոջական եւ անոր ընդմէջէն մայրական կերպարին հանդէպ: Բնականաբար, քրիստոնէական հաւատալիքն ալ իր էութեամբ կը բխի նման արժեւորումէ: Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ընդմէջէն այդ պաշտամունքը երկնային դասակարգումի կը հասնի, ստալանով աւելի բարձր ոգեղէն տարողութիւն:
Մարտի 21-ին, արաբական աշխարհէն աւանդոյթ մնացած Մայրերու օրը նշեցինք հայրենիքի մէջ ալ: Պէտք է խոստովանիլ, որ ընդհանրապէս արաբական աշխարհը եւ ի մասնաւորի սուրիացի ժողովուրդը, զարմանալի երկիւղածութեամբ եւ անվերապահ մոլուցքով մայրերու այդ օրը կը վերածէ խոր երախտիքի, փոխադարձ սիրոյ եւ անմնացորդ գնահատանքի ծիսակատարութեան մը: Նոյնիսկ պետական մակարդակով մարտի 21-ը Սուրիոյ եւ ետքը շատ մը արաբական երկիրներու կողմէ մայրերու օր հռչակուած է եւ հասարակութեան բոլոր շերտերը կը նշեն այդ մէկը:
Հայաստանի մէջ ալ ապրիլի 7-ին հանգամանքալից սիրով եւ ջերմութեամբ կը նշուի «Մայրութեան եւ գեղեցկութեան» օրը: Հայրենի բնութեան հրաշագեղ գիրկին մէջ, այս տարի անգամ մը եւս բիւրեղացաւ այդ խորախորհուրդ տօնը:
Բնականաբար, պէտք չէ մոռնալ տիեզերական այդ զգացումին առթած գեղարուեստական դրսեւորումները աշխարհի բազմահարուստ մշակութային գանձարանին մէջ: Այդ թեման ներշնչանք հանդիսացած է գեղարուեստական բազմակողմանի ստեղծագործութիւններու, որոնք հարստացուցած են մարդկային ոգեղէն կեանքը:
Աշխարհի մայրերը մարդկութեան աստուածատուր, լուսեղէն շպարն են, որոնք կը պայծառացնեն մեր գոյութինը:
Աննման մօրս անդարձ բաժանումին առթած ապրումերէն ծնած այս բանաստեղծական տողերով, կ՚ամբողջացնեմ կարճ ակնարկս՝
Մայրերու օրն է այսօր..
Պիտի գողնամ արեւի լոյսը ոսկի կենսատու,
Ընեմ նուէր մը հրաշք, հոգիին իր մթամած,
Սակայն տարած էր երկրէն, մեկնումովն իր դաժան,
Լոյսն աշխարհին այս համակ, ստուերելով ծով ու դաշտ:
Նուիրումը փնտռեցի դայլայլումի մէջ թռչնոց,
Սակայն երգերն անոնց զիլ, համր էին ու անխօս:
Ծաղիկներուն դիմեցի խլելու գեղունքն անոնց,
Բայց մերժեցին դալկացած օրերէն ցուրտ՝ անողոք:
Սէրըն այդ... սէրըն այդ ամեհի, միջոցին մէջ անսահման,
Ընել պարգեւ ուզեցի, սուրբ էութեան իր պայծառ,
Բայց լայնանիստ աշխարհի կողմերը չորս անսահման,
Երաշտ էին մեծ սիրոյ, առանց մօրս գոյութեան:
Ա՜խ ճարահատ ձեռնունայն, գացի քովը շիրիմին,
Նուէրներս թուացեալ այնտեղ դասուած ես գտայ,
Մայրս վերմակ էր կարած հրաշքներովն անմեկին,
Ու անոր տակը պառկած, յաւերժին լուռ կը ժպտար…
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան