ՊԱՏԿԵՐԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ

Հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կէ բնո­րո­շել Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, կը շա­րու­նա­կուին միջ­կու­սակ­ցա­կան շփում­նե­րը։ Յու­նիս 7-ին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղով մուտք գոր­ծել յա­ջո­ղած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շփում­նե­րուն ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ պաշ­տօ­նի կո­չուած ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ ՀՏՓ­-ի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Տա­վու­տօղ­լու ՀՏՓ­-ի կեդ­րո­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն՝ Սե­լա­հատ­տին Տէ­միր­թա­շի եւ Ֆի­կէն Եիւք­սեք­տա­ղի կող­մէ։ Ներ­կայ էին նաեւ Փեր­վին Պուլ­տան, Սըր­րը Սիւ­րէ­յյա Էօն­տէր եւ Զէյ­նէփ Քա­րա­ման։ Տա­վու­տօղ­լուի կող­քին էին Եալ­չըն Աք­տո­ղան, Մեհ­տի Է­քէր, Էֆ­քան Ա­լա եւ Զեհ­րա Թաշ­քե­սե­նօղ­լու։

Ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թիւ­նով Տա­վու­տօղ­լու ա­ւար­տած ե­ղաւ միջ­կու­սակ­ցա­կան շփում­նե­րուն ա­ռա­ջին փու­լը։ Գոր­ծըն­թա­ցը այս շա­բա­թա­վեր­ջի տօ­նա­կան օ­րե­րուն թէեւ ո­րոշ չա­փով պի­տի դան­դա­ղի, սա­կայն ա­ւե­լի վերջ պի­տի շա­րու­նա­կուի թա­փով։ Տա­վու­տօղ­լուի եւ ՀՏՓ-­ցի­նե­րու տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ւեց մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու ժամ։ Սա ցարդ կա­յա­ցած ե­րեք հան­դի­պում­նե­րու շար­քին ա­մե­նաեր­կարն էր։ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ընդգծեց, թէ անց­նող շուրջ մէկ ամսւան ըն­թաց­քին ՀՏՓ­-ի կե­ցուած­քը են­թար­կուած է փո­փո­խու­թեան։ Ար­դա­րեւ, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջորդ օ­րը Տէ­միր­թաշ յայ­տա­րա­րած էր, թէ բա­ցար­ձա­կա­պէս ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան հետ նոյն կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ պի­տի չըլ­լան եւ ա­նոր դուր­սէն ներ­ցուկ ալ պի­տի չկանգ­նին։ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ ը­սաւ, թէ ինք չի կրնար ան­տե­սել կու­սակ­ցու­թիւն մը, որ 13 տո­կոս քուէ ա­պա­հո­ված է։ Տէ­միր­թա­շի վե­րո­յի­շեալ խօս­քե­րուն ակ­նա­րկե­լով՝ Տա­վու­տօղ­լու ա­ւել­ցուց, թէ ան­կա­րե­լի է, որ գոր­ծեն այն վար­կած­նե­րը, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն մէկ կողմ լքել քուէ­նե­րու 42 տո­կո­սին տի­րա­ցած կու­սակ­ցու­թիւն մը։ Ուս­տի, ի­րենք ա­կա­նա­տես ե­ղած են, որ ՀՏՓ­-ի կե­ցուած­քը են­թար­կուած է փո­փո­խու­թեան, ինչ որ ճիշդն է։ «Կա­րե­ւոր է, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նէ Թուր­քիոյ ամ­բող­ջը», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, ՀՏՓ­-ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Տա­վու­տօղ­լուին ա­ռա­ջար­կած է հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մել ՃՀՓ­-ի հետ եւ այդ պա­րա­գա­յին այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նէ կա­ռա­վա­րու­թեան նե­ցուկ կանգ­նե­լու դուր­սէն։ Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րու հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննարկուած են երկ­րի ներ­քին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի գրե­թէ բո­լոր ա­ռաջ­նա­հերթ հար­ցե­րը։ Քրդա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու խնդիր­նե­րուն լուծ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թացն ալ բնա­կա­նա­բար գտնուած է օ­րա­կար­գի վրայ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Տա­վու­տօղ­լու շեշ­տած է, որ բռնու­թիւն­նե­րը պէտք է բա­ցար­ձա­կա­պէս դադ­րին երկ­րէն ներս։

Միջ­կու­սակ­ցա­կան շփում­նե­րու ա­ռա­ջին փու­լի ա­ւար­տին Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ NTV հե­ռուս­տա­կա­յա­նէն։ Այս առ­թիւ ան հան­դի­պում­նե­րուն ա­ռա­ջին փու­լը հա­մա­րեց յա­ջող։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ ա­ռանձ­նա­պէս ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած են Տա­վու­տօղ­լուի այն խօս­քե­րը, թէ ի­րենք կողմ­նա­կից են ընտ­րա­կան դրու­թեան մէջ նուա­զա­գոյն քուէ­նե­րու պատ­նէ­շի հա­մե­մա­տու­թեան ի­ջեց­ման եւ այս ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը պի­տի ը­նեն հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը ձե­ւա­ւո­րե­լու ժա­մա­նակ։

Ամ­փո­փե­լով միջ­կու­սակ­ցա­կան շփում­նե­րը՝ Ահմէտ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ ՃՀՓ­-ի հետ հա­սած են ա­ւե­լի յա­ռա­ջա­ցած վի­ճա­կի մը։ Բայց եւ այն­պէս, ան ա­ւել­ցուց, թէ ո­րե­ւէ մէ­կուն հետ դռնե­րը փա­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ չեն ըն­թա­նար։ ՃՀՓ­-ի հետ այդ վի­ճա­կը չի նշա­նա­կեր, որ հե­ռու կը մնան ՄՀՓ­-էն եւ կամ փրթա­ծու­թիւն մը կ՚ապ­րին ՀՏՓ­-ի հետ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015