ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շքան­շան­նե­րու յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հայ­րե­նա­նուէր եւ ազ­գօ­գուտ ծա­ռա­յու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­րուես­տի եւ ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս ձեռք­բե­րում­նե­րու հա­մար Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» պա­տուոյ բարձր շքան­շան­նե­րով պար­գե­ւատ­րուե­ցան նկա­րիչ Զա­խար Խա­չատ­րեան եւ Փրոֆ. Սվետ­լա­նա Նա­ւա­սար­դեան։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ բարձր գնա­հա­տան­քով յանձ­նեց պար­գե­ւատ­րեալ­նե­րուն շքան­շան­նե­րը եւ իր պատ­գա­մին ըն­թաց­քին ա­նոնց տուաւ իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ 
Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց «Ֆրես­քօ» փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, ո­րոնք այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2015