ՆԱԽ ԵՐԵՔ ԱՆԳԱՄ ԽՈՐՀԻԼ՝ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ԽՕՍԻԼ
Իմաստութիւն է՝ նախ խորհիլ եւ յետոյ խօսիլ։ Իսկ անխոհեմութիւն է՝ առանց դատելու, կշռելու խօսիլ։ Իրաւ է, որ խօսքը միտքը, մտածումը կը յայտնէ, բայց խօսքին ու խօսածին ուշադիր ըլլալ՝ կենցաղավարական պահանջք մըն է, որ կ՚ենթադրէ յարգել դիմացինին, խօսակիցին անձը եւ մանաւանդ խուսափիլ արժանապատուութիւն վիրաւորելէ։ Անշուշտ, որ անկեղծ մարդէն կը սպասուի խորհածը սրտբացօրէն խօսիլ, բայց այդ անկեղծութիւնը եւ սրտբացութիւնն ալ սահման մը ունի՝ որ է մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը։
Շատեր ազատութիւնը կը հասկնան սանձարձակ կերպով խօսիլ եւ գործել։ Բայց անզուստ լեզուն, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ՝ կրնայ ընկերային եւ ընտանեկան աւերներու պատճառ ըլլալ՝ քանդուին ընտանիքներ, թշնամութեան վերածուին բարեկամութիւններ։ Նաեւ կիրքերը սանձել, չափ ու սահման դնել՝ հաւաքական կեանքի պահանջքներէն մին եւ կարեւորագո՛յնն է։ Ուստի ազատութեան սահմանը՝ ուրիշի մը ազատութեան սահմա՛նն է, բարոյապէս անոր արժանապատուութեան պահանջած յարգանքը ցոյց կու տայ անձին ազատութեան սահմանը։ Արդարեւ ազատութեան սահմանը սուր գիծ մը չէ, այլ շրջանակաձեւ՝ կլոր գիծ մը։ Այս կը նշանակէ, թէ ազատութեան սահմանը առաձգական է եւ թափանցիկ։ Մէկուն ազատութեան սահմանի գիծը կրնայ երկարիլ, կրնայ այլայլիլ, բայց հոն ո՛ւր ուրիշ ազատութեան սահմանի գիծ մը կայ՝ անմիջապէս ետդարձ ընելու պարտաւոր է ազատութիւն վայելողը։ Ուրեմն, ազատութիւնը կրնայ երթալ մինչեւ հոն՝ ուր արգելք մը կը յայտնուի։ Օրինաւոր արգելքը սահմա՛նն է ազատութեան։
Ուրեմն խորհելու ազատութիւնը՝ այնքան ատեն որ արգելքի մը չի հանդիպիր, կրնայ ընթանալ, կրնայ տարածուիլ, բայց երբ օրինաւոր արգելք մը պատահի՝ խորհելու ազատութիւնը հոն կանգ առնելու, աւելի չյառաջանալու պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունի։ Ազատութեան առաջին հանգրուանն է ասիկա, որ բաւական ընդարձակ եւ ընդլայնած մտաւոր տարածք մը ունի։ Մարդ, առանց ուրիշի մը վնաս պատճառելու, առանց խօսքի կամ գործի վերածելու, կրնայ երեւակայել, կրնայ խորհիլ, կրնայ մտածել։
Ազատութեան երկրորդ հանգրուանն է՝ խօսելու ազատութիւնը՝ խորհածը արտայայտելու ազատութիւնը։
Այս ազատութիւնը կը գործէ աւելի սահմանափակ շրջանակի մը մէջ, քան առաջինը։ Ուստի խօսելու ատեն, մարդ պէտք է աւելի զգոյշ եւ ուշադիր ըլլայ, քանի որ դէմը ունի ուրիշ ազատութիւններ՝ նոյնքան արժէքաւոր եւ օրինաւոր, քան իրենը։
Ուրեմն խորհելու ատեն վայելած ազատութիւնը աւելի սեղմ է խօսելու ժամանակ։ Պարզ խօսքով՝ մարդ ուզածը կը խորհի, կրնայ երեւակայել կամ մտածել, բայց նոյն չափով ուզածը չի՛ կրնար խօսիլ եւ չի՛ կրնար արտայայտել իր խորհածը եւ մտածածը։
Գալով գործի՝ ա՛լ աւելի սահմանափակ է ազատութիւնը այս հանգրուանին, քանի որ ո՛չ միայն մարդկային արժանապատուութիւն, այլ նաեւ՝ մարմնական-ֆիզիքական ամբողջութեան պահպանումի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը խնդրոյ առարկայ է այս հանգրուանին։ Գործելու ազատութիւնը սահմանափակուած է, նոյնիսկ հոս «սուր գիծեր»ով՝ ընկերային-հասարակական շահերով եւ բարիքով։
Գործելու ազատութեան ժամանակ, ազատութիւնը վայելողին դէմը այլեւս անհատ մը չկայ, այլ ամբողջ հաւաքականութիւն մը, ընկերութիւն մը եւ մինչեւ իսկ ժողովուրդ մը, ազգ մը։ Եւ այս պատճառով իսկ գործելու ազատութիւնը չափ ու կշիռի, կարգ ու կանոնի տակ առնուած է զանազան օրինական տրամադրութիւններով։ Ուստի եւ գործելու ազատութիւնը սահմանաւորուած է, որոշ եզրի մը տակ առնուած։
Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, թէ խորհածը արտայայտելու, այսինքն խօսելու ատեն, մարդ մտածածը մաղէն անցընէ եւ յետոյ խօսքի վերածէ իր մտածումը։
Մտածումները զտելէ յետոյ պէտք է արտայայտէ մարդ, որպէսզի յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ ուրիշին ազատութեան սահմանը։
Կը պատմուի, թէ օր մը աշակերտներէն մին, Սոկրատի հարցում մը կ՚ուղղէ եւ կ՚ըսէ.
«Տեղեկութիւն ունի՞ս, գիտե՞ս, թէ քու մասին ի՛նչ կ՚ըսեն քու ընկերները»։
Սոկրատ կը կանխէ աշակերտին ըսելիքները եւ կ՚ըսէ. «Սպասէ՛», եւ կը շարունակէ. «Ըսելիքներդ նախ երեք անգամ մաղէ, երեք տարբեր մաղերով»։
Աշակերտը զարմացած կը հարցնէ.
«Երեք մաղո՞վ եւ երեք անգա՞մ…»։
Սոկրատ կը շարունակէ իր խօսքը.
«Որեւէ բան մը խօսած ատենդ պէտք է երեք մաղով մաղես խօսքդ։ Առաջինը՝ ճշմարտութեան մաղն է. դուն համոզուա՞ծ ես, որ քու ըսելիքդ ճի՛շդ է»։
«Ոչ», կը պատասխանէ աշակերտը. «ես ուղղակի լսեր եմ ատիկա»։
«Այսինքն՝ դուն չե՛ս գիտեր, թէ անիկա ճի՞շդ է, թէ՝ ո՛չ։ Ուրեմն կը մաղենք երկրորդ մաղով՝ բարութեան մաղով։ Դուն կ՚ուզես իմ ընկերոջ մասին լա՞ւ բան ըսել»։ Աշակերտը շուարած կը պատասխանէ.
«Ո՛չ, ընդհակառակը»։
«Այսինքն», կը շարունակէ Սոկրատ. «դուն կ՚ուզես իմ ընկերոջ մասին վատ բան ընել, բայց դուն համոզուած իսկ չես, թէ անիկա ճիշդ է։ Ուրեմն փորձենք երրորդ մաղը՝ օգուտի մաղը։ Արդեօք շատ անհրաժե՞շտ է, որ այդ բաները ըսես ինծի եւ ես ալ լսեմ»։
«Ո՛չ», պատասխանեց աշակերտը. «յատկապէս անհրաժեշտ չէ որ խօսիմ այդ մասին եւ դուն ալ լսես»։
«Այսպէս, ահաւասիկ», ամփոփեց Սոկրատ. «ըսելիքիդ մէջ ի՛նչը կ՚ուզէիր ըսել, քանի որ անոր մէջ ո՛չ ճշմարտութիւն կայ, ո՛չ բարութիւն եւ ոչ ալ որեւէ օգուտ։ Ուրեմն ի՛նչ ու ինչո՛ւ ըսել. պարզապէս ունայնախօսութիւն է ատիկա»։
Եւ դարե՜ր վերջ, այսօ՛ր կը հարցնենք սիրելիներ, մեր խօսածներուն մէջ եթէ չկա՛յ ճշմարտութիւն եւ ստուգութիւն, եթէ չկա՛յ բարութիւն, որեւէ բարիք եւ վերջապէս եթէ չկա՛յ օգուտ, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կը խօսինք։
Բայց դժբախտաբար, տակաւին կը շարունակենք խօսի՜լ, խօսի՜լ եւ խօսի՜լ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 8, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024