ԹԱՐՄ ԱՐԻՒՆ ԵՒ ԱՒԻՒՆ

«Այսօրուայ հայկական սփիւռքը հայաստանակեդրոն չէ», համոզուած է տքթ. Աշոտ Ոսկանեան, որ թէեւ փիլիսոփայութեան վրայ մասնագիտացած է, սակայն նաեւ փորձառու դիւանագէտ մըն է՝ երկար տարիներ եղած է Հայաստանի դեսպանը Գերմանիոյ մէջ։ Իր կարծիքը շօշափեցինք հայաշխարհի հրատապ օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր մօտեցումները։

*

-Ինչքանո՞վ Ճիշդ է սահմանում մը տալ եւ այսօրուան պայմաններով սահմաններ գծել, թէ ո՛վ է հայը, ո՛վ է սփիռքահայը։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Ես կը խուսափէի այդպիսի սահմանում մը տալէ, որովհետեւ հիմա հայութիւնը շատ տարբեր է։ Այն դասական պատկերացումները, որոնք մենք ժամանակին ունէինք, հիմա այլեւս սասանուած են։ Սա ո՛չ լաւ է, ոչ ալ՝ վատ, ուղղակի իրականութիւնը փոխուած է։ Անկասկած ծանօթ էք, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը անցեալ տարիներուն կազմակերպած էր հարցախոյզ մը, թէ սփիւռքը ի՞նչ կը մտածէ ինքն իր մասին։ Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր եզրակացութիւնը, թէ համարեա իմաստ չունի սփիւռքի մասին խօսիլը, այլ պէտք է խօսինք համայնքներու մասին։ Արդարեւ, այդ համայնքները այնքան տարբեր են, որ սփիւռք բառը կը մնայ պարզապէս՝ որպէս բարոյաքաղաքական հասկացութիւն, որ շատ քիչ բան կը բացատրէ։ Այնպէս որ ես կը խուսափէի մէկ բառով սփիւռքի մասին բնորոշում մը տալէ։

-Ինչպէս այլ նիւթերու պարագային, մեր մօտ կարծրատիպ դարձած բնորոշումներ կան։ Այդ առումով, շատ ուշագրաւ է, որ բանաստեղծ Վահէ Օշական յաճախ կը մերժէր մեր իրականութեան կողմէ դրուած բնութագրումները։ Այս առումով ի՞նչ կը մնածէք։ Առ հասարակ Հայաստանի մէջ սփիւռքը ընկալելու լուրջ խնդիր մը կա՞յ։

-Այո՛, ընկալումներու լուրջ խնդիր կայ, ընդ որում երկու կողմերէն ալ։ Ինչպէս Հայաստանի մէջ կարծրատիպեր կան սփիւռքահայութեան մասին, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ՝ հայաստանցիներու համար։ Շատ հետաքրքրական փորձառութիւն էր վերջերս տեղի ունեցած «Ապագայ հայկականը» համաժողովը, որուն փաստօրէն տրուած էր «Քաղաքացիներու հաւաք» անունը (Citizens’ Assembly)։ Ես տարբեր երկիրներու մէջ աշխատած եմ՝ որպէս Հայաստանի դեսպան եւ մենք միշտ խնդիր կ՚ունենայինք Հայաստան-սփիւռք հաւաքներու համար մարդոց ցանկը պատրաստելու ժամանակ։ Երկար տարիներ Գերմանիոյ մէջ աշխատած եմ. այնտեղ կան պոլսահայեր, պարսկահայեր եւ այլ երկիրներէ հայեր։ Վիճակը այնքան յախուռն է, որ երբեմն իրարու ալ չեն վստահիր։ Եթէ բաց խօսինք, որպէս դեսպան՝ ես կը փորձէի երբեմն մարդիկ ի մի բերել։ Յետոյ իմ ընկերներէն մէկը բացատրեց. «Գիտե՞ս ինչու այս երկուքը իրարու հետ «թշնամութիւն» ունին, որովհետեւ իրենց հայրերը «թշնամութիւն» ունեցած են»։ Հասկնալի է, որ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները կը հրաւիրէինք։ Կային նաեւ առանձին «աքթիւ» անհատներ, որոնք ոչ մէկ կողմ կը ներկայացնէին, բայց աշխոյժ էին եւ աշխատանքներուն կը մասնակցէին։ «Քաղաքացիներու հաւաք»ին շատ հետաքրքրական բան մը ըրած էին։ Բոլորին կոչ  ուղղած էին արձանագրուելու անոնց՝ որոնք կը ցանկային մասնակցիլ։ Համակարգչային պատահական ընտրանքի միջոցով կատարուած էր ընտրութիւնը։ Այսինքն, փորձած էին տարբեր մարդիկ ի մի բերել։ Իւրաքանչիւր սեղանին դրած էին տարբեր երկիրներէ, Հայաստանի տարբեր շրջաններէ, տարբեր հայեցակարգ, մտածելակերպով հայեր։ Ես կը գերադասէի իւրաքանչիւր համայնքի մասին առանձին-առանձին խօսուիլը։

-Նկատելի է, որ երեսուն տարուան շքահանդէսներէն ետք, սփիւռքի մէջ այսօր հոգելլկում մը կայ։ Դուք, որպէս Հայաստանի քաղաքացի՝ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք ընդհանուր պատկերը։ Ի վերջոյ սփիւռքի ուզածը ի՞նչ է այսօր։

-Եթէ մենք վերադառնանք «Կիւլպէնկեան»ի կազմակերպած հարցախոյզին, ապա այնտեղ շատ հետաքրքրական տուեալներ կան։ Հարցումներէն մէկը կ՚ըսէ, թէ ի՞նչ բանով դուք ձեզ հայ կը համարէք։ Անոնք առաջին տեղը կը դնեն ընտանիքը, լեզուն, որոշակի սովորութիւններ։ Իսկ Հայաստանը այս շարքին մէջ չորրորդ տեղը կը գրաւէ։ Այսինքն, մեծամասնութեան կարծիքով, Հայաստանը երրորդ կամ չորրորդ տեղը կ՚իյնայ։ Կրնանք ըսել, որ այսօրուան սփիւռքը, որոշ իմաստով, հայաստանակեդրոն չէ։ Ութսունականներուն, սփիւռքի փայլուն տեսաբաններէն փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանը աշխատութիւն մը գրած էր սփիւռքի կառոյցներու մասին։ Այնտեղ շատ հետաքրքրական ձեւով կը նկարագրէր սփիւռքի ուժային յարաբերութիւնները եւ կառոյցները։ Բայց արդէն այդ մէկը հնացած է, որովհետեւ ութսունականներու պատկերը տարբեր էր։ Ամէն ինչ շատ արագ կը փոխուի։

-Ցեղասպանութիւնը ինքնաճմլումի նիւթ մըն է։ Ու զարմանալի է, որ վերջերս Երեւանի մէջ ժողովի ընթացքին դարձեալ դրօշակ կը դառնար այս խնդիրը։ Մինչ այդ, ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ հետ լուծելու տինամիզմ մը պէտք է ունենայ իր մէջ։ Այս մասին ի՞նչ կ՚ըսէք։

-Լիովին համաձայն եմ ձեզի հետ՝ մանաւանդ, որ այնտեղ ուրիշ փաստարկներ ալ կան։ Գիտէք, որ հրեաները այն ժամանակ կը փորձէին ասպարէզէն դուրս մղել հայոց ցեղասպանութեան նիւթը, որպէսզի շեշտադրեն իրենց ցեղասպանութեան իւրայատկութիւնը՝ միակ ըլլալը։ Բայց այսօրուան աշխարհին մէջ ամէն տեղ, բոլորը կը խօսին ցեղասպանութեան մասին։ Հարցը այն է, որ ինչպէս պէտք է ընել, որպէսզի այդ բոլորը տեսանելի դարձնենք ուրիշներուն՝ օտարներուն։ Ժողովի ժամանակ ես այդ մէկը նկատեցի։ Երբ կ՚ըսես, որ գիտէք, ոչ թէ ցեղասպանութեան ճանաչումէն պէտք է հրաժարիլ, այլ խնդիրները տարբեր ձեւով պէտք է յառաջ տանիլ, մարդիկ կը նեղանան, որովհետեւ իրենք այդ աւանդական ձեւով կը շարժին։

-Այս պատճառով է, որ մենք յաճախ հակադրութեան մը առջեւ կը դրուինք եւ բաց չենք խօսիր։ Այսինքն, սփիւռքի մօտեցումները կը հակադրուին Հայաստանի գոյութեան եւ անվտանգութեան հետ։ Դուք առիթով մը ըսիք, որ Հայաստանը վտանգուած է՝ ալ ուր մնաց ցեղասպանութեան խնդիրը։ Ի՞նչ պէտք է ընել, որ սփիւռքը հասկնայ, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի շահերը պէտք է միասին ըլլան եւ ոչ թէ խաչաձեւուին։

-Գիտէք, երկուքն ալ կայ։ Պէտք է հասկնանք, որ սփիւռքը ունի իր որոշակի շահերը։ Դուք յիշեցիք Վահէ Օշականը, որ կողմնակից է այն գաղափարին հետ, թէ սփիւռքը ինքնուրոյն է եւ իր ձեւով պէտք է ապրի։ Միայն Վահէ Օշականը չէ, այնտեղ կան Գրիգոր Պլըտեանը եւ ուրիշներ։ Ես այս կարծիքին հետ որեւէ խնդիր չունիմ։ Միւս կողմէ, եթէ մենք աւելի խորքային ձեւով մտածենք, սփիւռքը առանց Հայաստանի գոյութեան, ի հարկէ, դատապարտուած է մահուան։ Չեմ կարծեր, թէ պէտք է սփիւռքի մէջ տանինք համատարած աշխատանք, քարոզչութիւն, որպէսզի բոլորը գան եւ օգնեն Հայաստանին։ Մենք պէտք է իւրաքանչիւր խնդիր առանձինն լուծենք։ Այսօրուան Հայաստանի պետականութիւնը վտանգուած է, կան որոշ խնդիրներ։ Պէտք է հասկնանք, թէ սփիւռքէն ո՛վ այդ խնդիրին մէջ կրնայ ներգրաւուիլ, ո՛վ հնարաւորութիւն ունի ներգրաւուելու։ Եթէ ցանկ մը կարենանք կազմել, ուրեմն մենք կ՚ունենանք փոքրիկ հաւաքականութիւն մը, որ տուեալ խնդրին շուրջ կ՚աշխատի ու հետեւաբար լուծումներ կը բերէ։

-Յառաջիկայ փուլերուն համար, ձեր կարծիքով, սփիւռքի ընելիքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ Մեզի համար ալ կարեւոր է, որ սփիւռքը ի վերջոյ նպատակ մը դնէ իր առջեւ։

-Դառն բան մը ըսեմ։ Որպէսզի ես կարողանամ ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ սփիւռքը, պէտք է կարողանամ ըսել, թէ Հայաստանը ի՛նչ պէտք է ընէ։ Այժմ Հայաստանի մէջ կայ տարամէտ վիճակ մը։ Կարծես, թէ հասարակութիւնը որեւէ ձեւով չի կրնար կեդրոնանալ հիմնական բաներու վրայ, հասկնալ իր ընելիքը եւ սփիւռքին ըսել, որ եկէք, այսինչ բանը ըրէք։ Չեմ ըսեր, որ հայրենադարձութիւն կազմակերպենք, քանի որ այդ շատ մեծ՝ բարդ բան է՝ մանաւանդ, որ ներկայիս Հայաստանը բաւարար ընդունակութիւն չունի մեծ թիւով մարդիկ ընդունելու։ Մենք տեսանք սուրիահայութեան հետ կապուած երկու փորձերը, ուր շատ մեծ դժուարութիւններ եղան։ Բայց, այնուամենայնիւ, ես կ՚ուզէի, որ սփիւռքահայերու զգալի ջոկատ մը՝ մանաւանդ վերջերս գացողները, որոնք դեռ կապը չեն կտրած Հայաստանի հետ, գոնէ մասամբ մը Հայաստան ներկայ ըլլան՝ իրենց գործով, իրենց մասնագիտութեամբ, երթալ-գալով։ Անկեղծ ըլլանք, Հայաստանին պէտք է թարմ արիւն եւ աւիւն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023