ԽԱՂԱՂԱՒԷՏ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Քրիս­տո­սի մէջ՝ Քրիս­տո­սով ապ­րուած կեանք մը խա­ղաղ ու հանգս­տա­ւէտ կեանք մըն է։ Եւ այս խա­ղաղ կեան­քը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ մար­դուն՝ որ կա­րօ­տը ու պա­հանջ­քը ու­նի ա­պա­հո­վու­թեան եւ պէտ­քը կը զգայ միշտ վստա­հե­լի անձ­նա­ւո­րու­թեան մը։ Կա­րե­լի՞ է խոր­հիլ Քրիս­տո­սէ ա­ւե­լի վստա­հե­լի անձ մը՝ որ զո­հած է իր կեան­քը մար­դուն հա­մար, զո­հուած է մարդ­կու­թեան հա­մար։

Մարդ թե­րեւս յափշ­տա­կեալ զգա­ցում­ներ չու­նե­նայ, բայց պէ՛տք է ու­նե­նայ մնա­յուն, խա­ղա­ղա­ւէտ վստա­հու­թիւն մը։ Ար­դա­րեւ յոյ­սը մար­դուն մէջ չէ. Քրիս­տո­սի մէ՛ջ է, քա­նի որ Ան է, որ կ՚ը­սէ՝ թէ ա­ւե­լի մեծ սէր չկայ, քան ու­րի­շի մը հա­մար տալ իր կեան­քը, զո­հուիլ իր բա­րե­կա­մին հա­մար։ Եւ Յի­սուս գոր­ծադ­րեց այս խօս­քը, խա­չուե­ցաւ, որ­պէս­զի փրկուի մարդ­կու­թիւ­նը։ Այս ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­լի՞ է չվստա­հիլ Քրիս­տո­սի։

Մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւ­նը եւ թե­րու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի զօ­րու­թեա­նը եւ կա­տա­րե­լու­թեա­նը կը միա­նայ. ինչ­պէս՝ մար­դուն տգի­տու­թիւ­նը Իր ի­մաս­տու­թեա­նը, ան­հաս­տա­տու­թիւ­նը, ան­կա­յու­նու­թիւ­նը Իր տո­կուն ու հաս­տատ կա­րո­ղու­թեա­նը։ Ուս­տի մարդ պէտք չէ՛ նա­յի ինք­ն ի­րեն վրայ, միտ­քը պէտք չէ՛ սե­ւե­ռի իր «Ես»ին վրայ, այլ՝ Քրիս­տո­սի՛ պէտք է նա­յի եւ սե­ւե­ռի Ա­նոր Ան­ձին վրայ, որ ա­մե­նա­կա­րող է եւ ա­մե­նավս­տա­հե­լի՛։

Քրիս­տոս Իր անձ­նու­րա­ցու­թեա­նը մէջ, անն­մա՛ն խո­նար­հու­թեա­նը մէջ, սրբու­թեա­նը մէջ, մաք­րու­թեա­նը մէջ եւ Իր ան­կեղծ ան­սահ­ման սի­րոյն մէջ պէտք է տես­նէ մարդ, պէտք է նկա­տէ այդ ճշմար­տու­թիւ­նը։

Մար­դուն մտա­ծում­նե­րը պէտք է հանգ­չին Քրիս­տո­սի սի­րոյն, նկա­րագ­րին գե­ղեց­կու­թեանն ու կա­տա­րե­լու­թեա­նը վրայ։ Քրիս­տո­սը սի­րե­լով, զԱյն օ­րի­նա­կե­լով, բո­լո­րո­վին Ա­նոր վստա­հե­լով է, որ մարդ կրնայ փո­խա­կեր­պուիլ Իր նմա­նու­թեա­նը։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ իւ­րաց­նել Քրիս­տո­սը, ապ­րիլ Քրիս­տո­սը՝ Քրիս­տո­սո՛վ։

Քրիս­տոս կ՚ը­սէ. «Իմ մէ՛ջս կե­ցէք»։­

Ա­հա­ւա­սիկ այս խօսքն է որ հան­գիս­տի, վստա­հու­թեան եւ տե­ւա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը կը ներշն­չէ։ Ան դար­ձեալ կը հրա­ւի­րէ. «Ե­կէ՛ք ին­ծի… ու ձեզ պի­տի հանգ­չեց­նեմ»։ Ուս­տի Սաղ­մո­սեր­գուին հե­տե­ւեալ խօս­քը միեւ­նոյն ի­մաս­տը կ՚ար­տա­յայ­տէ. «Տէ­րո՛­ջը համ­բե­րէ, եւ Ա­նո՛ր սպա­սէ»։ Ե­սա­յի եւս սա վստա­հու­թիւ­նը կը ներշն­չէ երբ կ՚ը­սէ. «Ձեր զօ­րու­թիւ­նը հան­դար­տու­թեամբ եւ ա­պա­ւի­նու­թեամբ կ՚ըլ­լայ»։ Բայց այս «հան­գիստ»ը ան­գոր­ծու­թեան մէջ չի՛ կա­յա­նար, քա­նի որ Քրիս­տո­սի հրա­ւէ­րին մէջ հան­գիս­տի խոս­տու­մը աշ­խա­տու­թեա՛ն կո­չին է միա­ցած երբ կ՚ը­սէ. «Իմ լուծս ձեր վրայ ա­ռէք… ու ձեր ան­ձե­րուն հանգս­տու­թիւն պի­տի գտնէք»։­

Այն մար­դը՝ որ կա­տա­րե­լա­պէս կը վստա­հի Քրիս­տո­սի, Ա­նոր հա­մար գոր­ծե­լու մէջ խիստ ե­ռան­դուն ու գոր­ծու­նեայ պի­տի ըլ­լայ։

Բայց երբ մար­դուս միտ­քը իր «Ես»ին վրայ կանգ կ՚առ­նէ, կը հե­ռա­նայ Քրիս­տո­սէն՝ որ աղ­բիւրն է բա­րու­թեան, զօ­րու­թեան եւ կեա՛ն­քի։ Ա­տոր հա­մար է ա­հա­ւա­սիկ, որ «Չար»ը յա­րա­տեւ կեր­պով կը ջա­նայ մար­դուս ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ նկա­տո­ղու­թիւ­նը դարձ­նել Փրկչէն, եւ այս­պէս հո­գիին Ա­նոր հետ ու­նե­ցած միու­թիւնն ալ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը ար­գի­լել։

«Չար»ը պի­տի ջա­նայ մար­դուս միտ­քը դարձ­նել աշ­խար­հի զա­նա­զան հա­ճոյք­նե­րուն, կեան­քի հո­գե­րուն, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն եւ անձ­կու­թիւն­նե­րուն ու հնհնուք­նե­րուն, ու­րիշ­նե­րու պա­կա­սու­թիւն­նե­րուն կամ հո­գե­ւոր թե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Սի­րե­լի բա­րե­կա՛մ, զգու­շա­ցի՛ր. մի՛ գու­ցէ ա­նոր հնարք­նե­րէն խա­բուիս…։

Շա­տեր՝ որ ի­րա­պէ՛ս խղճա­միտ են, եւ ո­րոնք Աս­տու­ծոյ հա­մար, Աս­տու­ծոյ հետ ապ­րիլ կը ցան­կան, շատ յա­ճախ թշնա­միէն կ՚ա­ռաջ­նոր­դուին ի­րենց յան­ցանք­նե­րուն եւ տկա­րու­թիւն­նե­րուն վրայ կանգ առ­նե­լու, եւ այս­պէս՝ զա­նոնք ան­ջա­տե­լով Քրիս­տո­սէն, ան կը յու­սայ յաղ­թա­նա­կը տա­նիլ։ Ուս­տի մա՛րդ պէտք չէ որ կեդ­րո­նա­նայ իր «Ես»ին վրայ եւ պէտք չէ թո­ղու որ անձ­կու­թիւն ու վախ պա­շա­րեն զինք։ Այս բո­լո­րը մար­դուս հո­գին կը դարձ­նեն իր զօ­րու­թեան աղ­բիւ­րէն։ Մարդ հո­գիին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը յանձ­նե­լու է Աս­տու­ծոյ եւ պէտք է յու­սայ Ա­նո՛ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 16, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015