ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ծնող-զաւակ յարաբերութեան մասին Առակագիրը բան կ՚ըսէ՞:

Պատասխան. Այո՛. ան կը գրէ. «Յիմարը իր հօրը խրատը կ՚անարգէ, բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ՚ըլլայ» (Առ 15.5):

Այսօրուան մեր ընկերութիւնը լեցուն է անհնազանդ եւ իրենց ծնողներուն խօսքը չլսող զաւակներով: Պահ մը նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը, ձեր անմիջական շրջանակը, նոյնիսկ ձեր իսկ ընտանեկան յարկը, եւ կը համոզուիք, որ այսօր ծնող-զաւակ եւ զաւակ-ծնող փոխյարաբերութիւնը խաթարուած է եւ շատ յաճախ նոյնիսկ գրեթէ վերացած:

Նայեցէ՛ք Արեւմուտքին եւ այնտեղ տիրող բարքերուն: Փոքր տարիքէն զաւակները արդէն սորված են իրենց «իրաւունք»ներուն տէր կանգնիլ, նոյնիսկ եթէ այդ տէր կանգնելու գործընթացը ծնողները բանտարկելով կամ ծանր տուգանքներու ենթարկելու ճանապարհէն անցնի. հոգ չէ, կարեւորը փոքրիկին «արժանապատուութիւն»ն է: Որո՞ւն պէտք է նման արժանապատուութիւն մը, որու հիմքը անկրթութիւնն ու ծնողները անարգելն է, որո՞ւն պէտք է նման արժանապատուութիւն մը, երբ փոքրիկը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն տարրական գիտակցութիւնը չունի, եւ յանուն իր ԵՍ-ին պատրաստ է ամէն ինչ զոհել, նոյնիսկ զինք ծնող մայրը եւ զինք պահող, մեծցնող ու դաստիարակող հայրը:

Այստեղ չեմ խօսիր տակաւին 18 տարեկան հասնելէ կամ նոյնիսկ մինչեւ այդ տարիքը հասնիլը երիտասարդներու ունեցած «ազատութեան»:

Առակագիրը անհնազանդ եւ իրենց ծնողները չյարգող ու անոնց խրատները անարգող զաւակները լաւ կերպով կը նկարագրէ, երբ կ՚ըսէ, թէ այդպիսիները յիմար են: Միւս կողմէ ալ ո՛չ միայն խրատ լսող զաւակը, այլ աւելին՝ յանդիմանութեան հնազանդող զաւակը խելացի կ՚ըլլայ:

Չկա՛յ ծնող մը, որ իր զաւակին վատութիւնը ուզէ եւ կամ կարելի չէ՛ գտնել ծնող մը, որ իր զաւակը սխալ ճամբող առաջնորդէ: Չենք խօսիր հոգեկան խանգարումներ կամ այլ բարդոյթներ ունեցող ծնողներու մասին, որոնք շատ յաճախ անգիտակցաբար կը վարուին: Խօսքը այստեղ մտապէս ու հոգեպէս առողջ ծնողներու մասին է, որոնց համար առաջնահերթութիւն է իրենց զաւակները ճիշդ կերպով մեծցնելն ու դաստիարակելը: Ասկէ մեկնելով, ծնող մը իրաւունք ունի յանդիմանելու իր զաւակը, նոյնիսկ երբեմն ցաւցնելով, որպէսզի զաւակը ըմբռնէ ու հասկնայ, որ այդ բոլորը իր բարիքին համար է:

Ի վերջոյ չմոռնանք Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն հինգերորդը, որ կ՚ըսէ. «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ելք 20.12): Ինչպէս նաեւ ծնողներ ու զաւակներ պէտք է յաճախակի կերպով կարդան Սրբազան Պօղոս առաքեալին հետեւեալ տողերը. «Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը: "Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ" պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի. "Որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ":

Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.1-4): Եւ. «Զաւակնե՛ր, ամէն բանով հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ Տէրը այդպէս կ՚ուզէ: Հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին» (Կղ 3.20-21):

Հ. Արդարին ու ամբարիշտին ունեցուածքին միջեւ տարբերութիւն կա՞յ:

Պ. Անշուշտ, որ կայ: Իմաստունը այսպէս կը գրէ. «Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, բայց ամբարիշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ» (Առ 15.6):

Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ դրամը, եկամուտը, շատ գումար աշխատիլը դարձած են առաջնահերթութիւն, եւ յանուն այդ ժամանակաւոր «արժէք»ներուն մարդիկ նոյնիսկ պատրաստ են իրենք զիրենք ծախելու:

Առակագիրին գրածը պարզ ու յստակ է, թէ այն տան մէջ ու ճակտի արդար քրտինք կայ, այսինքն՝ առանց խաբեբայութեան եւ գողութեան վաստակած գումար ու ունեցուածք կայ, այդ տան մէջ արդարեւ գանձ կայ, եւ այդ գանձը՝ այդ տան ներքին համերաշխութիւնն է, խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը: Մինչ, այն տունը ուր գողութեամբ եւ խաբեբայութեամբ վաստակած գումար կայ, այն տունը որ սուտի եւ կեղծիքի վրայ կառուցուած է, ապա այդ տան մէջ խռովութիւն կայ. խռովութիւն, որ թոյլ չի՛ տար այդ տան անդամներուն հաշտ ու համերաշխ ապրին, հակառակ անոր, որ մարդոց կը թուի, թէ ամէն ինչ ունին, դրամով ապահովուած են, դղեակ ունին, լաւ աշխատանք, եւ այլն:

Այսօրուան մարդը դրամը դարձուցած է իր աստուածը, եւ ատկէ մղուած զայն կուռքի նման կը պաշտէ, ինքզինք անոր ստրուկն ու ծառան դարձնելով: Լաւ պիտի ըլլլայ, սակայն, գէթ մէկ անգամ հետեւեալը կարդալ դրամի մասին.

«Դրամը՝

Կրնայ գնել անկողին, բայց ո՛չ քուն:

Կրնայ գնել գիրք, բայց ո՛չ խելք:

Կրնայ գնել կերակուր, բայց ո՛չ ախորժակ:

Կրնայ գնել տուն, բայց ո՛չ ընտանեկան երջանկութիւն:

Կրնայ գնել դեղ, բայց ո՛չ առողջութիւն:

Կրնայ գնել զարդեղէններ, բայց ո՛չ գեղեցկութիւն:

Կրնայ գնել հաճոյք, բայց ո՛չ գոհունակութիւն:

Կրնայ գնել վկայական, բայց ո՛չ մասնագիտութիւն:

Կրնայ գնել գիտութիւն, բայց ո՛չ բարոյականութիւն:

Կրնայ գնել հագուստներ, բայց ո՛չ նկարագիր:

Կրնայ գնել կոչում, բայց ո՛չ արժանապատուութիւն:

Կրնայ գնել խաչ, բայց ո՛չ Փրկիչ:

Կրնայ գնել եկեղեցի, բայց ո՛չ երկինք:

Կրնայ գնել գերեզման, բայց ո՛չ յաւիտենական կեանք»:

Հ. Յաճախ կը լսենք, թէ մարդիկ կը գանգատին, ըսելով թէ կ՚աղօթենք, զոհ կը մատուցենք, բայց պատասխան չե՛նք գտներ: Ի՞նչն է պատճառը նման տրտունջքին:

Պ. Պատճառները կրնան շատ ըլլալ, բայց այստեղ կ՚արժէ կարդալ Իմաստունին հետեւեալ խօսքը. «Ամբարիշտներուն զոհը Տիրոջ առջեւ պիղծ է, բայց ուղիղներուն աղօթքը Անոր ընդունելի է» (Առ 15.8): Ահաւասիկ պատճառներէն մէկը մարդոց աղօթքներուն անպատասխան մնալուն, կամ զոհերը ընդունելի չըլլալուն:

Աստուծոյ համար անարդար ու անիրաւ կերպով մատուցուած զոհը չի՛ կրնար ընդունելի ըլլալ, որովհետեւ Իր մէջ անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն կայ: Միւս կողմէ, մարդ եթէ ներքնապէս չէ՛ մաքրուած ու ներքնապէս ինքզինք չէ՛ պատրաստած աղօթքով Աստուծոյ հետ խօսելու, ապա իր աղօթքները անպատասխան կը մնան, մինչ երբ մաքուր հոգիով ու անկեղծ սիրտով կ՚աղօթէ, ապա իր աղօթքներն ու մատուցած զոհերը եւ ընծաները ընդունելի կ՚ըլլան Աստուծոյ:

Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Պիշոյ Քամէլ այսպէս կը գրէ աղօթքի մասին. «Ան որ կ՚աղօթէ, Աստուծոյ նկատմամբ պարտականութիւն մը ունենալուն համար, թող գիտնայ, որ Աստուած այդ պարտականութեան կարիքը չունի, որովհետեւ աղօթքը իրե՛ն (մարդուն) յատուկ բան մըն է»: Հետեւաբար, մարդ պարտականութիւն մը կատարելու համար պէտք չէ աղօթէ, այլ՝ սրտանց եւ անկեղծութեամբ:

Իսկ Գէորգ Չէօրէքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ. «Աղօթողի սիրտը հաւատքով յոյսով եւ սիրով կը լեցուի, եւ ով աղօթել գիտէ՝ երջանիկ է, որովհետեւ ան դժբախտութեան վայրկեանին ունի անփոխարինելի բարեկամ մը, որ կը լսէ զինք աղօթքով, կը մխիթարէ աղօթքով եւ կ՚օգնէ աղօթքով։ Սակայն աղօթքի այս վեհ ըմբռնումը մատչելի է անոր՝ ով աղօթել գիտէ. աղօթքը երջանկութիւն կը շնորհէ անոր, ով իսկապէս կ՚աղօթէ»:

Ինչ կը վերաբերի մեր մատուցած զոհերուն, ապա ամենէն խօսուն օրինակը Տէր Յիսուսի տուած հետեւեալ թելադրութիւնն է. «Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ» (Մտ 5.23-24):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 40

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 2, 2023