ՄԵՐ «ՔԱՖԷ ԿԱՐՕ»Ն

Հիմնադրութեան թուականը մեզմէ շատեր չեն գիտեր։ Գուցէ մեր սերունդին համար անյիշելի ժամանակէ մը ի վեր Մարաշ թաղի սրտին վրայ կը գործէր «Քաֆէ Կարօ»ն։

Շատ հաւանաբար 60-ականներու սկիզբին, երբ Լիբանանի մէջ թափ ստացած էր նպառավաճառութեան ու անոր կողքին թարմ սուրճ աղալու ու վաճառելու գործը, պէրէճիկցի Կարապետ Թաշճեան հաստատած էր իր վաճառատունը։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Պուրճ Համուտ շրջանը կը զարգանար ու այդ շրջանին մէջ կամաց-կամաց ոտքի կ՚ելլէին հայանուն թաղամասեր։ Նոր Կիլիկիա, Արաքս, քիչ մը աւելի հեռու Նոր Սիս եւ Արագած, իսկ աւելի հեռուները՝ Նոր Թոմարզա, Նոր Հաճըն եւ Նոր Ատանա։ Այդպէս հայութիւնը կաթիլ առ կաթիլ կը բազմանար ու օրուան պահանջներուն ու ստեղծուած պատկերին հետ համատեղ կարիքը կը շատնար նոր տեսակի վաճառատուներու։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ ամենէն շատ իր իւրայատուկ գոյներով ու երանգներով ուրոյն զարգացում մը կ՚ապրէր Նոր Մարաշ թաղամասը, որ կ՚առանձնանար ոչ միայն երեխաներու հագուկապ վաճառող հաստատութիւններով ու բանջարեղէնի խանութներով, այլ արեւելեան համեմունք ներկայացնող ու վաճառող խանութներով, որոնց թագն ու պսակը կը տրուէր «Քաֆէ Կարօ»ին, որուն հիմնադիրը իր աշխատասիրութեամբ, ճարտարութեամբ ու հայկական գաւառներու հողէն ծլած մեծղի ձեռքերով կը դառնար բոլորին սիրելի եւ վստահելի հասցէատէր մը։

Թարմ սուրճ, սեւ պղպեղի բոյր, կարմիր պղպեղի թացան, լոլիկի թացան, թարմ մեխակ, թէյի տեսականի ու մանաւանդ՝ զգլխիչ բոյրը մեխակին ու կասիային ամբողջական կը դարձնէին իրական հասցէն ժամադրութեան։

Ու այսպէս, տարուէ-տարի «Քաֆէ Կարօ»ն կ՚աճէր ո՛չ միայն որպէս հաստատութիւն, խանութ կամ վաճառատուն, այլ՝ որպէս մշակոյթի պահապան։ Ու այդ պահպանութեան մէջ յառաջատար, յաճախորդին հանդէպ սիրալիր ու անկեղծ մարդուն մէջ կը պատկերաւորուէր արեւմտահայ մեր շէներու իրական ու ամբողջական պատկերը, որ նաեւ կը դառնար մասնիկ լիբանանահայութեան մեծ խճապատկերին:

Այս բոլորին մէջ ամենակարեւորը, անշուշտ, սէրն էր. սէրը Կարօ Թաշճեանին իր աշխատանքին, իր ընտանիքին, իր յաճախորդներուն ու առհասարակ մեր ժողովուրդին հանդէպ։ Ու այդ սիրոյ տերեւները կամաց-կամաց կը բացուէին մեր կեանքի ժամանակին վրայ։ Կարծէք այդ սիրով մարմին կը ստանային Հալէպէն Պէյրութ հասած ու անուշի (մուրաբայ) համար պարարտ դարձած վարդի հատիկ-հատիկ փերթերը… Այդ վարդերը Կարոյի սրտին նման կ՚ընծայուէին Մարաշ փողոցի մայթերուն… Անցորդներ, բարեկամներ հին ու նոր, յաճախորդներ՝ արաբ, օտարական, քրիստոնեայ եւ մահմետական՝ կ՚ապրէին այդ սիրոյ բուրմունքով։

Զատկուան շաբաթներ, Ս. Ծննդեան օրեր, չիր ու չամիչ, հայկական աւանդական «սուճուխ», Հալէպէն ու Դամասկոսէն բերուած քաղցր միրգերու չիրեր, թարմ տեսականի, հաց ու պանիր տաքցնող երկաթեայ տապակներ, կապուած ու իրենց «հիւրեր»ուն սպասող սմբուկի հատիկներ, տակաւին թահին եւ ռուպ… ու մանաւանդ՝ չնաշխարհիկ տեսականի մը ձիթապտուղներու, անարատ ձէթի ու գիւղական կարագի։

Այս բոլորը «Քաֆէ Կարօ»ն էր՝ իր ոգիով, Պէրէճիկէն բերուած յոյզով ու հաւատքով ու մանաւանդ՝ Ճարապլուս պարզ ու բաց սրտով։ Այն սիրտը, որ ժամացոյցի նման գործեց ու ապրեցաւ, տեսաւ բազում պայքարներ, տեսաւ պատերազմ, պայթումներ, տեսաւ ցաւ, սակայն շարունակեց իր սլացքը…

Այդ ամբողջ ու երանելի մշակոյթին մէկ մասնիկն էր «Քաֆէ Կարօ»ն, որ սիրեց իր ապրումներով։ Գրկեց այդ ոգին ու մինչեւ հիմա իմ մտքին մէջ դրոշմուած պատկերով նստաւ «ոսկեայ» արիշէն Պէյրութ հասած կանաչ տերեւներու սնտուկին մօտ ու հատիկ-հատիկ մաքրեց, խնամեց ու շարեց այդ տերեւները…

Փափկասուն տիկնայք, մեծամեծներու տիկիններ եկան իր մօտ, խօսեցան իր հետ, սորվեցան քիչ մը ու հատիկ հատիկ հնչող թելադրանքներով առատ բացին իրենց սեղանները։

Պրն. Կարոն այդ մշակոյթի մէկ մասնիկն էր, ան մշակոյթ տուաւ մեզի, սիրցուց մեր ճաշերը, տարածեց մեր համերը, խօսեցաւ, երգեց, պատմեց ու ապրեցաւ մեր ու իր հողի հին կարօտովը։

Ան այսօր չկայ, բայց յաւերժօրէն կ՚ապրի իր յիշատակը ու յաւիտեանս պիտի յիշենք զինք, մեր բարի ընկեր, բարի բարեկամ «Քաֆէ Կարօ»ն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2023