ԱԿՆԱՐԿ - 16 - ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Յինանց շրջանի քառասուներորդ օրն է:

Այսօր, 18 մայիս 2023-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբառնալու տօնը:

Ստեփանոս Աւագ Քահանայ Մանդինեանց իր «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ հարցում-պատասխանի ձեւով այսպէս կը գրէ համբարձումի մասին:

«Հարցում. Եկեղեցին Համբարձումի տօնակատարութեամբ ի՞նչ կը նկարագրէ։

Պատասխան. Յիսուս Քրիստոսի մարդկային փառաւորեալ մարմինով հրաշափառ երկինք համբառնալը եւ Հօր աջ կողմը նստիլը աստուածային փառքով։ Համբարձումը Ձիթենեաց լերան վրայ պատահեցաւ բոլոր առաքեալներուն ներկայութեամբ։ Տէրը անոնց պատուէրներ տուաւ, օրհնեց զանոնք, երկինք համբարձաւ եւ լուսաւոր ամպը ծածկեց զԱյն առաքեալներուն տեսողութենէն։ Առաքեալներուն երկու հրեշտակներ երեւցան, որոնք Տիրոջ ուղեկից էին ու ըսին. “Ով Գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը, որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս Անոր երկինք երթալը տեսաք” (Գրծ 1.11)։ Այս տօնը միշտ Զատիկէն քառասուն օր ետք կը կատարեն հինգշաբթի օր։

Հարցում. Մեր մէջ ի՞նչ կ՚արթնցնէ Համբարձման տօնը։

Պատասխան. Գլխաւորաբար հետեւեալները.

1.- Թէ մարդ արարածը, որ պատուիրանազանցութեան պատճառով մարմինով ու հոգիով ապականեցաւ եւ զրկուած էր աստուածային հաղորդութենէն, Յիսուս Քրիստոսի մարմնանալով, մաքրուեցաւ սկզբնական ապականութենէն, կրկին փառաւորուեցաւ, երբ Ան նոյն մարմինով Հօր աջ կողմը նստաւ, Իր Աստուածութեան հետ հաղորդելով մեզ եւս։

2.- Թէ Ան համբառնալով, մեզի միայնակ չձգեց, այլ՝ խոստացաւ մինչեւ աշխարհի վախճանը մեզի հետ ըլլալ։

3.- Երկինք համբառնալով, ուրախութեան աւետիս տուաւ մեզի, Սուրբ Հոգին խոստանալով. “Ձեզի համար լաւ է, որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ Ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի” (Յհ 16.7). “Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, Անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան” (Յհ 16.13)։

4.- Յիսուս երկինք համբարձաւ աստուածային արդարութեան առջեւ բարեխօսելու համար եւ երկինքին մէջ մեզի բնակութեան վայր պատրաստելու համար. “Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ” (Յհ 14.3)։

5.- Թէ Յիսուս նոյն մարմինով պիտի գայ ողջերն ու մեռելները դատելու»։

Տէր Յիսուս նախքան Իր երկինք համբառնալը Ձիթենեաց լերան վրայ կը հանդիպի Իր աշակերտներուն, անոնց պատուէրներ ու թելադրութիւններ կու տայ, ու խօսած ատեն կամաց-կամաց կը սկսի դէպի երկինք համբառնալ, անոնց ու անոնց միջոցով ամբողջ մարդկութեան տալով հետեւեալ քաջալերական խօսքը, թէ՝ «…եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.20): Այս նախադասութիւնը քաջալերական ու վստահութեան խօսք մըն էր աշակերտներուն, որոնք պիտի սկսէին Քրիստոսի լոյսը տարածել աշխարհով մէկ: Այս նախադասութեան մասին Զարեհ Արք. Ազնաւորեան այսպէս կը գրէ. «Մատթէոսի Աւետարանը այսպէս կը կնքուի: Յիսուսի այս խոստումը քաջալերանք էր թէ՛ Իր աշակերտներու անմիջական շրջանակին եւ թէ քաջալերանք է բոլոր ժամանակներու Եկեղեցիին:

Յիսուս կը խոստանայ միշտ Իրեն հաւատարիմներուն հետ ըլլալ, մինչեւ աշխարհի վախճանը: Եկեղեցին կայ այս խոստումով»:

Գործք Առաքելոցի առաջին գլուխին 6-11 համարներուն մէջ արձանագրուած կը գտնենք Տէր Յիսուսի համբարձման մասին, ուր Ան Իր աշակերտնելուն հետ զրուցած ժամանակ կը սկսի երկինք համբառնալ: Առաքեալներն ու Անոր հետեւորդները զարմացած կը նայէին, երբ յանկարծ երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց եւ ըսին.

-Ո՛վ Գալիլիացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս Անոր երկինք երթալը տեսաք (Գրծ 1.10-11): Այս ալ հրեշտակներուն կողմէ առաքեալներուն ընդմէջէն ամբողջ մարդկութեան տրուած գրաւական մըն է, թէ Տէր Յիսուս դարձեալ պիտի գայ աշխարհ: Առաջին անգամ Ան եկաւ իբրեւ Փրկիչ, Ով մարդկութեան սիրոյն Իր արիւնը թափեց խաչին վրայ, մարդիկը վերադարձնելով որդեգրութեան շնորհին, Իր երկրորդ գալուստը, սակայն, առաջին գալուստէն տարբեր պիտի ըլլայ, որովհետեւ այս անգամ պիտի գայ դատելու համար աշխարհը, այլ խօսքով՝ Իր Արեան հաշիւը պիտի պահանջէ մարդկութենէն, եւ բոլոր անոնք որոնք հաւատարիմ մնացած են Իր Սուրբ Արեան, ապա զանոնք Իր հետ երկինք պիտի տանի, մասնակից դարձնելու Իր Հօր սեղանին, իսկ անոնք որոնք անհաւատարիմ գտնուած են Անոր Արեան հանդէպ, յաւիտեանս դէպի տանջարան՝ դժոխք պիտի ուղարկէ:

Երանի՜ մեզմէ իւրաքանչիւրս երանելիներու այն խումբին մէջ կարենայ ինքզինք հասցնել, որոնք Տէր Յիսուսի հետ երկինք պիտի համբառնան եւ սեղանակից դառնան Հօր Աստուծոյ սեղանին, Որուն, Իր Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին փառք, յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

14 մայիս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2023