ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՈՍՏՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններու մարաթոնը վերջացած է եւ համապատասխան գործընթացը պաշտօնապէս կ՚եզրափակուի՝ Բարձրագոյն ընտրական մարմնին կողմէ վերջնական արդիւնքներու հրապարակումով։ Երէկ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները հռչակուեցան, իսկ այսօր՝ նախագահական։ Ըստ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ նախատեսուած ժամանակացոյցին, Հանրապետութեան վերընտրեալ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երդումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի ունենայ այս շաբաթավերջին։ Այսպէս, նոր երեսփոխանները պիտի երդուեն 2 յունիս, ուրբաթ։ Օր մը վերջ՝ շաբաթ, յունիսի 3-ին ալ պիտի երդուէ նախագահ Էրտողան, որ զուգահեռաբար պիտի հրապարակէ իր նոր նախարարաց խորհուրդի կազմը։ 4 յունիս, կիրակի ալ նորանշանակ նախարարները կը կատարեն իրենց երդումը, մինչ Հանրապետութեան փոխ-նախագահներն ալ պաշտօնապէս կը ստանձնեն իրենց պաշտօնը։ 600 աթոռէ բաղկացեալ Ազգային մեծ ժողովէն ներս յառաջիկայ շրջանին ԱՔ կուսակցութիւնը 268 տեղ պիտի ունենայ։ Իր գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքի միւս կուսակցութիւններն ալ ապահոված են 55 աթոռ։ Այսպէսով Էրտողանի գլխաւորած իշխանական ճամբարը անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը ապահոված է խորհրդարանէն ներս։

Մինչ այդ, նախագահ Էրտողան արդէն հանրային կարծիքին ուղղեալ բազմակողմանի պատգամներ կու տայ՝ նոր շրջանի յաւակնոտ նպատակներուն եւ անոնց հասնելու համար որդեգրուած սկզբունքներուն շուրջ։ Երկիրը դէպի նոր ոստումներ առաջնորդելու համար Էրտողանի ուշադրութեան կիզակէտին կը գտնուի տնտեսութեան բնագաւառը։ Ան շեշտեց, որ գնաճը դարձեալ 10 տոկոսէն աւելի ցած պիտի ըլլայ։ «Մեր քաղաքացիները գնաճի տակ կքելէ փրկելու ուղղեալ քաղաքականութեան կը մնանք հաւատարիմ», ըսաւ Էրտողան եւ շեշտեց, որ նոր շուկաներ ու նոր յաճախորդներ գտնելու հետամուտ պիտի ըլլան։ Թուրքիա պիտի ձգտի ներգրաւել նոր ներդրումներ, նաեւ համապատասխան երկիրներուն մէջ ինք ներդրումներ պիտի կատարէ։ «Աւելի շատ պիտի արտադրենք եւ աւելի շատ պիտի արտածենք», ըսաւ ան։

Երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը տարիներով տուժած էր գնաճի բարձր համեմատութենէն։ «Մենք էինք գնաճը միանիշ թիւերու համեմատութեան իջեցնողը, մեր ժողովուրդը հանգստացնողը, ու դարձեալ մենք պիտի ըլլանք», ըսաւ Էրտողան եւ բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի Թուրքիոյ դարու մեկնարկին աջակցութիւն ցուցաբերուի։ «Համատեղ միտքով, միասնաբար լուծում պիտի փնտռենք այն խնդիրներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մեր երկիրը», աւելցուց վերընտրեալ ղեկավարը։

Արտաքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ ալ Էրտողան ըսաւ. «Աւելի յանձնառու պիտի ըլլանք մեր անմիջական շրջակայքի տագնապներու լուծման ուղղութեամբ եւ պիտի ջանանք, որ մեր տարածաշրջանէն ներս վերահաստատուին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը»։ Ընտրութեան արդիւնքներու յայտնի դառնալէն ի վեր նախագահ Էրտողան արդէն շնորհաւորականներ ստացած է նաեւ աշխարհի շուրջ 110 երկրէն՝ ներառեալ հեռախօսազրոյցները։ «Բոլորին հետ համակարծիք գտնուեցանք՝ քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, առեւտուրի եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ ապագային մեր համագործակցութիւնը շատ աւելի ամուր ձեւով տեւականացնելու ուղղութեամբ։ Դահլիճի ձեւաւորումէն վերջ փութով պիտի սկսինք մեր այցելութիւններուն։ Նոյնպէս կան ղեկավարներ, որոնք մեզի պիտի այցելեն։ Վերջին տարիներուն բազմաթիւ կարեւոր քայլեր առած ենք։ Բարեկամ ու եղբայրական երկիրներու հետ խոչընդոտները յաղթահարուած են», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ դիւանագիտական շփումներով պիտի ամրապնդուի տարածաշրջանային երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութիւնը։

Էրտողան գործարար աշխարհին ալ տեղեկացուց, որ վիզաներու խնդիրն ալ անպայման պիտի հարթուի։ Իր խօսքով՝ այս հարցը վերջին շրջանին կարծես քաղաքական շանթաժի մը վերածուած էր, սակայն առկայ խոչընդոտները յաղթահարելու ուղղութեամբ աշխատանքները թափով պիտի շարունակուին։ «Աշխարհի եւ մեր տարածաշրջանի առկայ իրադրութիւնը գուցէ մեզի կ՚ընձեռէ մեր պատմութեան ամենակարեւոր հնարաւորութիւնները։ Չենք կրնար մեր ուժերը վատնել ներքին վէճերով եւ արհեստական օրակարգով։ Համոզուած ենք, թէ ընտրութիւններով շահած ենք եւս հինգ տարի, որու արժէքը ոսկիի համազօր է», ըսաւ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Անգարայէն կը հաղորդուի, որ վերընտրեալ նախագահը արտասահմանեան առաջին ուղեւորութիւններու պարագային պիտի տեւականացնէ աւանդոյթը։ Այսպէս, Էրտողան իր առաջին այցելութիւնները պիտի իրականացնէ դէպի Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն եւ Ատրպէյճան։ Էրտողան որոշած է հրաժարիլ մասնակցելէ՝ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովէն, որ տեղի կ՚ունենայ Քիշինեւի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023