ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԴԷՊԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄ

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան նիստի ընթացքին յառաջընթաց արձանագրուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կազմակերպման եղանակներու համաձայնեցման հարցով: Փոխըմբռնում ձեռք բերուեցաւ՝ մասնաւորապէս Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ կազմակերպման ուղղութեամբ յստակ քայլերու իրականացման կապակցութեամբ: Կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել աշխատանքները՝ եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2023