ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳԷՆ ԱՒԵԼԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի շաբաթավերջի երդման արարողութիւնը, առանց չափազանցութեան, վերածուեցաւ միջազգային իրադարձութեան։ Առաջին փուլին ան Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ կատարեց իր երդումը եւ ստացաւ վերընտրութեան հաստատագիրը։ Աթաթիւրքի յուշադամբանը յարգանքի այցելութիւն տալէ վերջ Էրտողան անցաւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր տեղի ունեցաւ իր պաշտօնամուտի արարողութիւնը։ Հուսկ, Չանքայայի ապարանքին մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որմէ վերջ ալ վերընտրեալ նախագահը հրապարակեց իր նոր կառավարութեան կազմը։

Հանրապետութեան նախագահին երդման արարողութիւնը դրական նոր ազդակի մը դուռ բացաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մասնակցեցաւ արարողութիւններուն՝ Թուրքիոյ կողմէ ուղղուած պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջ։ Սա իսկապէս արարողակարգէն շատ աւելին էր եւ բացառիկ նախաձեռնութիւն մը։ Էրտողան եւ Փաշինեան շփուեցան գագաթի վրայ, իսկապէս եզակի պայմաններով եւ թրքական կողմի տանտիրութեամբ ապահովուած ուրոյն միջավայրի մը մէջ, ուրկէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ չէր բացակայեր։ Աշխարհի շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներէն բարձր մակարդակի պատուիրակութիւններ փութացած էին Անգարա։ Հայաստանի վարչապետին ներկայութեամբ խորհրդանշուած ժեսթը, անշուշտ, միջազգային ընտանիքի վառ դէմքերու ուշադրութենէն չսպրդեցաւ՝ որպէս հայկական կողմին կարեւոր քայլը։ Այստեղ նաեւ կը բիւրեղանայ ուրիշ հանգամանք մը։ Արդարեւ, Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ վերջին շրջանին ապրուեցան որոշ վերիվայրումներ եւ մանաւանդ՝ ցնցում յառաջացուց «Նեմեսիս»ի յուշարձանի հարցը։ Այդ կապակցութեամբ այժմ արդէն նախկին արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու արտայայտուեցաւ վերջնագրային ոճով։ Թէեւ այդ բոլորը նախընտրական մթնոլորտի մէջ էին, սակայն, լուրջ փորձութիւն մըն էր բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։ Փաշինեանի այցելութեամբ, ըստ երեւոյթին, այդ ցնցումը որոշ չափով հաւասարակշռուեցաւ։ Պեշթեփէի համալիրին մէջ Փաշինեան դիմաւորուեցաւ Չավուշօղլուի կողմէ։ Աւելին, Թուրքիան այժմ ունի նոր արտաքին գործոց նախարար մը՝ ի դէմս Հաքան Ֆիտանի։

Նիկոլ Փաշինեան շաբաթ յետմիջօրէի ժամերուն հասաւ Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանը, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչի կողմէ, որու կողքին էին Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներկայացուցիչներ, Անգարայի փոխ-կուսակալը, քաղաքապետի ներկայացուցիչը եւ ոստիկան զօրաց հրամանատարի ներկայացուցիչը։ Փաշինեան օդանաւէն դուրս եկաւ՝ ուղեկցութեամբ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանի։ Օդակայանի դիմաւորումէն վերջ ան ուղղակի առաջնորդուեցաւ Պեշթեփէի համալիրը։ Իր հետն էր նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան։

Պեշթեփէի մէջ պաշտօնամուտի արարողութեան հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ։ Հազարաւոր մասնակիցներու ներկայութեամբ նախագահ Էրտողան եւ առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան հանդիսաւորապէս սրահ մուտք գործեցին եւ առաջին առթիւ ձեռնուեցան օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Էրտողանի եւ Փաշինեանի առաջին ձեռնուիլը տեղի ունեցաւ այս փուլին։ Վարչապետ Փաշինեան հետեւեցաւ վերընտրեալ նախագահի պաշտօնամուտի ելոյթին։

Հանդիսութեան աւարտին Պեշթեփէի համալիրի պարտէզին մէջ Նիկոլ Փաշինեան անմիջական զրոյցներ ունեցաւ ներկայ միջազգային հիւրերուն հետ։ Իրեն մօտեցան նաեւ Թուրքիայէն զանազան դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, քաղաքական մեկնաբաններ, որոնք ողջունեցին վարչապետին ներկայութիւնը։

Պեշթեփէի համալիրէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան առաջնորդուեցաւ Չանքայայի ապարանքը, ուր նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ յարաբերաբար աւելի սահմանափակ թիւով հիւրերու համար։ Անշուշտ, այդ հրաւիրեալներու շարքին էին օտարերկրեայ պետութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ պաշտօնական ընթրիքին։ Լրատուամիջոցներուն այս փուլէն ցոլացան յատկանշական դրուագներ, ուր Էրտողան եւ Փաշինեան կ՚երեւին ձեռնուելու ժամանակ։ Բաց աստի, Չանքայայի ապարանքին մէջ շփուած են նաեւ Փաշինեան եւ Ալիեւ՝ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ներկայութեամբ։ Զանազան աղբիւրներ արդէն հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ զրուցած են Չանքայայի ապարանքի միջանցքներուն մէջ։

Պաշտօնական ընթրիքի պարագային կար նաեւ այլ կարեւոր հանգամանք մը։ Արդարեւ, ինչպէս Պեշթեփէի, այնպէս ալ Չանքայայի մէջ էին նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) փոխ-ատենապետ եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Երեկոյթի վառ պահերէն մին էր, երբ նախագահ Էրտողան նկարուեցաւ վարչապետ Փաշինեանի, պատգամաւոր Սվաճըօղլուի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հետ։ Սա նաեւ կարեւոր ապացոյց մըն էր թրքահայ համայնքի կշիռին տեսակէտէ։ Այսպէսով Էրտողան յստակօրէն զգալի դարձուց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիա առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը վերագրէ համայնքին եւ անով պայմանաւորուած գործօններուն նկատմամբ։

Թէեւ Նիկոլ Փաշինեան հազիւ քանի մը ժամուան կարճ կեցութիւն մը ունեցաւ Անգարայի մէջ, սակայն այդ այցելութեան արձագանգները եղան շատ լայն՝ բոլոր հարթութիւններու վրայ։

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան 1990-ականներու սկիզբին Անգարա եկած էր՝ մասնակցելու համար Հանրապետութեան հանգուցեալ նախագահներէն Թուրկուտ Էօզալի յուղարկաւորութեան։ Մօտաւորապէս երեսուն տարի անց, այս անգամ Փաշինեան Անգարա եկաւ՝ Էրտողանի պաշտօնամուտին մասնակցելու։ Անգարայի մէջ վարչապետը նոյն մթնոլորտը շնչեց նաեւ Գորշ գայլերու առաջնորդին՝ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Թէ՛ Պեշթեփէի եւ թէ Չանքայայի մէջ անոնք նոյն երդիքին տակ գտնուեցան։ Սա եւս հետաքրքրական էր։ Արդարեւ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ ՄՀՓ-ի նախկին կուսակցապետ ողբացեալ Ալփարսլան Թիւրքէշի միջեւ անկախութեան տարիներու սկիզբին հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Փարիզի մէջ եւ այդ մէկը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն տեսակէտէ լուրջ անկիւնադարձ մը համարուած էր։ Երեք տասնամեակ անց, այս անգամ Փաշինեան Գորշ գայլերու առաջնորդին հետ նոյն միջավայրին մէջ գտնուեցաւ եւ հանդիպման վայրը այս անգամ Անգարան էր։

Թէեւ Երեւանի ղեկավարութիւնը Անգարայի նկատմամբ արարողակարգային պատշաճութիւնները ցայսօր միշտ փորձած է հնարաւորինս յարգել։ Նոյնիսկ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ձախողումէն վերջ, նախագահ Էրտողանի երդման այդ ժամանակուան արարողութեան մասնակցած էր Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Եդուարդ Նալպանտեան՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն։

Պատմական այսպիսի զուգահեռականներու վերյիշման դուռ բացաւ Փաշինեանի Անգարա այցելութիւնը։ Չանքայայի պաշտօնական ընթրիքի աւարտին ան արդէն դարձեալ ուղղակի «Էսէնպողա» օդակայանը առաջնորդուեցաւ եւ Անգարայէն հրաժեշտ առաւ։ Մինչ ան շուտով կը վերադառնար Երեւան, արդէն յայտնի է, որ իր կարճ կեցութեան յիշողութիւնը կը պահ-ւի երկար։ Այս տպաւորութեան համահունչ են նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հրապարակումները։ Նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի օրակարգի տասն հիմնական առաջնահերթութիւններու շարքին դիւանագիտական աղբիւրները կը դասեն նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր Հայաստան կը ջանայ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի հետ վերասահմանել իր յարաբերութիւնները։ Փաշինեանի՝ Էրտողանի երդման արարողութեան անակնկալ մասնակցութիւնն ալ ցոյց կու տայ այս հանգամանքը։ Ներկայիս սպասումներ կան, որպէսզի ցարդ առնուած կարգ մը շօշափելի քայլերը զարգացուին։ Այս կանխատեսումները, անշուշտ, լաւատեսութիւն կը ներշնչեն՝ բնականոնացման գործընթացէն ներս ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման համար։ «Նեմեսիս»ի յուշարձանի հարցի բերումով Թուրքիա վերստին փակած էր իր օդային մարզը՝ Հայաստանէն դէպի երրորդ երկիրներ տարանցիկ թռիչքներու համար։ Նոյնիսկ Փաշինեանի արտասահմանեան քանի մը ուղեւորութիւններուն համար տարանցման արգելք դրուած էր։ Այժմ, ըստ երեւոյթին, այդ իրավիճակը կը յաղթահարուի։ Քանի դիւանագիտական աղբիւրները կը նախատեսեն ցարդ առնուած քայլերու զարգացումը, ապա դարձեալ հաւանական կը դառնայ այս ամառ ցամաքային սահմանին բացուիլը՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար։

Փաշինեանի կարճատեւ այցը, միանշանակ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու ապագային տեսակէտէ երկար խօսակցութեան դուռ կը բանայ։ Շահագրգիռ բոլոր կողմերը իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասեն ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

   

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2023