ՀԵՐԹԱԿԱՆԸ՝ ՌՈՏՈՍԻ ՄԷՋ
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը կը շարունակէ միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հետեւորդներուն պաշտամունքի եւ ընկերային կեանքը՝ իսկապէս վառ դրուագներով կը ցոլացնէ այս ցուցահանդէսը, որ ներկայիս կը կրկնուի Յունաստանի Ռոտոս կղզիին մէջ։ Արդէն 17-րդ անգամ կը կազմակերպուի «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»ն, որու ներկայ կանգառը կը հանդիսանայ յիշեալ կղզիի MGA թանգարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ցուցահանդէսին եւ անոր զանազան վայրերու մէջ կազմակերպման ուղղութեամբ առանցքային դերակատարութիւն ունի մեր համայնքի վարպետ լուսանկարիչներէն, «Պոլիս ֆոթօ»ի հիմնադիր եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործընկեր Մկրտիչ Արծիւեան։
Այժմու ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին՝ Ռոտոսի քաղաքապետ Անթոնիս Քամպուրաքիս, տեղւոյն Կիւրեղ մետրապոլիտը եւ Իսթանպուլի յոյն համայնքի յայտնի գործիչ Լաքի Վինկաս։ Բացման փուլին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան քաղաքապետը, մետրապոլիտը, Մկրտիչ Արծիւեան, Լաքի Վինկաս եւ այլ դէմքեր։
Մինչեւ օգոստոսի 26-ը բաց պիտի մնայ ցուցահանդէսը, որ կ՚ընդգրկէ Մկրտիչ Արծիւեանի, Պերճ Արապեանի, Էմինէ Իւլքերիմի, Ալպերթօ Մոնտիանոյի եւ հոգելոյս Նիքոս Մանկինասի 25-ական լուսանկարը։