ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերընտրուելէ վերջ ձեռնարկեց իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան։ Նոր պաշտօնավարութեան շրջանի առաջին քայլափոխին Էրտողան կ՚իրականացնէ՝ արդէն աւանդական դարձած շրջագայութիւնը։ Երէկ ան առաջին առթիւ այցելեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Կիպրական հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ նախագահը յայտնեց, որ եթէ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին, ապա այդ բանին ճանապարհը կ՚անցնի Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան ճանաչումէն։
Կղզիէն վերջ Էրտողան ուղեւորուեցաւ դէպի Պաքու։ Այսպէս, վերընտրութեան յաջորդած առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան երկրորդ փուլը հանդիսացաւ Ատրպէյճանը։ Երէկ երեկոյեան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւա Պաքուի «Կիւլիստան» պալատին մէջ պաշտօնական ընթրիք մը սարքեցին ի պատիւ նախագահ Էրտողանին եւ առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանին։
Երկու ղեկավարները այսօր կը ծաւալեն քննարկումներ։ Անոնք կ՚անդրադառնան Անգարա-Պաքու համագործակցութեան բազմակողմանի օրակարգին՝ ներառեալ տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։