Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՄԻՆՉԵՒ ՀԻՄԱ…
Մինչեւ հիմա տակաւին,
Անհամբեր մանկան մը նման,
Կը սպասեմ, որ երկինքէն,
Փայլուն աստղ մը սահի վար,
Որ իր բոցովը կարմիր,
Սփռէ իր լոյսը կրկին,
Չոր քարերուն իմ քաղաքին,
Որոնց վրայ տակաւին,
Պայծառ յուշերս հին,
Երկչոտ մուկերու նման,
Անցեալիս հետ գաղտնօրէն,
Իրենց պարերն են բռնած:
Մինչեւ հիմա տակաւին,
Անմեղ մանկան մը նման,
Ես կը սպասեմ, որ երկինքէն,
Փոքրիկ պարիկ մը իջնէ ցած,
Ու գտնելով զիս յանկարծ,
Կախարդական հարուածով,
Աստղածորան իր ցուպէն,
Արթնցնէ այս անգամ,
Անկեղծ, աղուոր ու սառած,
Բոլոր յուշերս ապրած,
Որ իր կարգին հոգիս ալ,
Վերապրի իր հեւքը հպարտ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Յունիս 14, 2023