ՀԱՍՑԷԱԿԱՆ ԳԱՆԳԱՏՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Զանգեզուրի միջանցքին բացուիլը ո՛չ թէ Հայաստանի, այլ Իրանի վերաբերեալ խնդիր մըն է։ Դէպի Պաքու կատարած այցելութենէն վերադառնալու ժամանակ նախագահ Էրտողան օդանաւին մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք հետեւած էին իր ուղեւորութեան։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան նշեց, որ Պաքուի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ արժեւորած են Հայաստան-Ատրպէյճան բնականոնացման գործընթացէն ներս արձանագրուած զարգացումները։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի զարգացումը կարեւոր նպաստ պիտի ապահովէ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման։ «Թրքական աշխարհի միասնականութեան ու ամրութեան համար պիտի շարունակենք Ատրպէյճանի հետ աշխատիլ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ մեծ ցաւերէ վերջ տարածաշրջանէն ներս այժմ խաղաղութեան դուռը կիսաբաց է։ Այս հնարաւորութիւնը չմսխելու համար շահագրգիռ բոլոր կողմերը պէտք է վարուին պատասխանատուութեամբ։
Անգարայի եւ Պաքուի թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան անդրադառնալէ վերջ Էրտողան կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ։ Ան նախ յիշեցուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անգարայի մէջ մասնակցութիւն բերած էր իր պաշտօնամուտի արարողութեան։ Ըստ իրեն, Փաշինեանի այդ հրաւէրին ընդառաջելը կարեւոր քայլ մըն էր։ Արդարեւ, Փաշինեան հրաւէրին ընդառաջած էր՝ յաղթահարելով բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ իր երկրի ընդդիմադիր ըմբռնումները։
«Վարչապետ Փաշինեանի հետ այս արարողութեան ընթացքին միայն ոտքի վրայ տեսակցութիւն կրցանք ունենալ։ Այդ ոտքի վրայ զրոյցին ժամանակ արտայայտեցինք մեր շնորհակալութիւնը՝ հրաւէրին ընդառաջած ըլլալուն համար։ Բաց աստի, կարեւոր էին իր վերջին յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան իրենց կողմէ ճանաչման մասին՝ ներառեալ Ղարաբաղը։ Անշուշտ, այս հանգամանքի ճանաչումը կարեւոր զարգացում մըն է։ Բայց, ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, Հայաստանի մէջ Փաշինեանի դէմ որդեգրուած ընթացքն ալ շատ կարեւոր է։ Ցարդ այս հարցին շուրջ Փաշինեան ետքայլ չըրաւ։ Ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքին, ապա սա Հայաստանի վերաբերեալ հարց մը չէ։ Զանգեզուրի միջանցքը Իրանի վերաբերեալ հարց մըն է։ Այսինքն, երկու երկիրներ, որոնց ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մահմետական է… Այստեղ Իրանին նման ընթացք մը որդեգրած ըլլալը ցաւ կը պատճառէ թէ՛ Ատրպէյճանին եւ թէ մեզի։ Իրականութեան մէջ, անոնք ալ պէտք է ցաւ զգան։ Այստեղ իւրաքանչիւր վակոնի համար գանձուած տարանցման փոխարժէքներն ալ շատ բարձր են։ Կը մաղթեմ, որ այս դժուարութիւնն ալ կը յաղթահարենք կարճ ժամանակի ընթացքին։ Եթէ այս բանին դրական մօտեցում ցոյց տուած ըլլային, ապա այսօր թէ՛ ցամաքէն եւ թէ երկաթուղիի միջոցաւ Թուրքիան, Ատրպէյճանն ու Իրանը ամբողջականացած կ՚ըլլային եւ գուցէ բացուած կ՚ըլլար Փեքին-Լոնտոն ուղղութիւնը», ըսաւ Էրտողան։
Հարկ է նշել, որ Էրտողանի Պաքու այցելութեան հետ գրեթէ նոյնաժամանակ Իլհամ Ալիեւ հիւրընկալեց նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի օգնական Իկոր Լեւիթինը։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուած են Ռուսաստանի կողմէ Զանգեզուրի միջանցքին ներուժը ապագային օգտագործելու հնարաւորութիւններու ուսումնասիրման վերաբերեալ հարցեր։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Այս վերջինները մաս կը կազմեն Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբին։ Փաշինեան զրոյցի ընթացքին յիշեցուց 9-10 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտը։ «Մենք հետաքրքրուած ենք տարածաշրջանէն ներս բոլոր փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու բացմամբ, ապաշրջափակմամբ՝ հիմնուելով ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան վրայ այն կողմերուն, որոնց տարածքով այդ հաւանական ենթակառուցուածքները կ՚անցնին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ երկրի խորհրդարանին մէջ երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելու ժամանակ անդրադարձաւ նոյն հարցին։ Իր խօսքով՝ տարածաշրջանէն ներս ենթակառուցուածքները պէտք է բացուին հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ «Ենթակառուցուածքները պէտք է ապաշրջափակուին ու պէտք է գործեն՝ ո՛ր երկրի տարածքով որ կ՚անցնին, անոր իրաւազօրութիւններուն ներքեւ», ըսաւ նախարար Արարատ Միրզոյեան։