ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ՝ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԵՏԱՁԳԵԱԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աննկարագրելի բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։ Պաքու մէկ կողմէ կը պնդէ, որ կը ձգտի Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, սակայն դաշտի վրայ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կ՚իմաստազրկեն այդ առերեւոյթ պատրաստակամութիւնը։ Վերջին օրերուն թէ՛ Երասխի վրայ Նախիջեւանի կողմէն կատարուած յարձակումները եւ թէ Լաչինի միջանցքէն դէպի Հայաստանի տարածք յառաջխաղացման եւ Ատրպէյճանի դրօշ պարզելու փորձերը դարձեալ տագնապալի կացութիւն յառաջացուցած են։ Երկար ժամանակէ ի վեր արդէն ահաւոր տկարութեան մը մատնուած է Հայաստան, որ ի վիճակի չ՚ըլլար պաշտպանելու իր սահմանները։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, այս փուլին ալ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ահազանգ հնչեցուց՝ պահանջելով միջազգային ընտանիքին կողմէ քայլեր։ Անշուշտ, միշտ մեծ հարցականը այն է, որ երբ որ երկիր մը, այս պարագային Հայաստան, որեւէ քայլ չ՚առներ սեփական սահմանները վճռական ձեւով պաշտպանելու համար, ապա միջազգային ընտանիքը ի՞նչ կրնայ ընել։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին երէկ հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Իր նկատառման յանձնուեցաւ հայկական կողմի խիստ դժգոհութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ Լաչինի միջանցքէն ներս, Հակարի կամուրջին մօտ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն ներգրաւմամբ տեղի ունեցած էին վերջին դէպքերը։

Բաց աստի, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած՝ մօտաւոր անցեալին յետաձգուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Որքան ալ դժուար, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ մեր աշխատանքները պէտք է ըլլան շարունակական, այս հարցին մէջ պէտք է ըլլանք հետեւողական։ Յառաջիկային կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը Ուաշինկթընի մէջ։ Ես յոյս ունիմ, թէ Ուաշինկթընի նախորդ հանդիպման ժամանակ արձանագրուած որոշակի յառաջընթացը կը զարգանայ»։

Վարչապետը կրկնեց նաեւ, որ Հայաստանի համար միջանցքի տրամադրումը անկարելի է։ «Կ՚ակնկալեմ, որ միջազգային գործընկերները կը խուսափին այդ սադրիչ բառապաշարի գործածումէն», ըսաւ Փաշինեան։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ վերջին օրերուն խորհրդարանի ամպիոնէն ըսած էր հետեւեալը. «Ատրպէյճան կը փորձէ ուժի գործադրութեամբ փոխել բանակցութիւններուն ընթացքը եւ Հայաստանին պարտադրել այնպիսի լուծումներ, որոնք գուցէ միայն իրեն համար ցանկալի են»։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2023