ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին՝ յունիսի 24-ին նախատեսուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Իր նմաններու շարքին 33-րդ ժողովին ժամանակ պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2022 թուականի գործունէութիւնն ու ելմտական հաշուետուութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովը։ Վերջին տարիներուն արդէն նոյն համալիրէն ներս կը գործէ հիմնադրի ղեկավարութիւնն ու քարտուղարութիւնը։
1992 թուականին հիմնուած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը երկրի խոշորագոյն բարենպատակ կազմակերպութիւնն է, որու նպատակն է ստեղծել համահայկական ցանց մը, աջակցիլ Հայաստանին ու աշխարհի հայերուն եւ կեանքի կոչել ծրագրեր, որոնք կ՚ապահովեն Հայաստանի եւ Արցախի կայուն, համաչափ զարգացումը։ Աւելի քան երեք տասնամեակի վրայ տարածուած գործունէութեան ընթացքին հիմնադրամը իրականացուցած է շուրջ 1300 ծրագիր՝ կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային ապահովութեան, առեւտուրի եւ մարմնամարզի բնագաւառներէն ներս, ենթակառուցուածքներու, բնակարանաշինութեան եւ համայնքներու զարգացման շրջանակներուն մէջ։ Այսպէսով ան նպաստած է հազարաւոր շահառուներու կեանքերու որակի բարելաւման։ Հիմնադրամի աշխատանքները յառաջ կը տարուին՝ աշխարհի 19 երկիրներու 21 տեղական մարմիններու կամ գործընկեր կազմակերպութիւններու աշխոյժ մասնակցութեան եւ աջակցութեան միջոցով։