ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՇՔԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿ
Աշխարհահռչակ հայազգի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան վերջերս յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նախաձեռնութեամբ։ Այս տարի երաժշտական աշխարհը կը տօնախմբէ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։ Ուստի, Նիւ Եորքի առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկը ունէր յոբելենական բնոյթ։ Երեկոյթը հովանաւորեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Առաջնորդարանի յարակից «Գրիգոր-Քլարա Զօհրապ» տեղեկատուութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիրը եկաւ բիւրեղացնել, թէ Արամ Խաչատուրեան համաշխարհային մեծութիւն մը եւ համամարդկային արժէք մըն է՝ իր թողած անկրկնելի ժառանգութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս կեդրոնին գլուխը կը գտնուի տքթ. Ճեսի Էրլըն։
Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի վերաբերեալ արխիւային ֆիլմ մը, որմէ վերջ հանդէս եկաւ հռչակաւոր դաշնակահար Շահան Արծրունի, որ տասնամեակներէ ի վեր մեծ եռանդ ներդրած է Արամ Խաչատուրեանի վիթխարի ժառանգութեան արժեւորման ուղղութեամբ։ Երեկոյթի ընթացքին Շահան Արծրունի թէ՛ իր անկրկնելի վարպետութեամբ մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի գործերէն նմոյշներ եւ թէ հարցում-պատասխանի ձեւաչափին մէջ բովանդակալից զրոյց մը ունեցաւ ներկաներուն հետ՝ սպառիչ մանրամասնութիւններով յագեցնելով բոլորին հետաքրքրութիւնը։ Երեւանի Ֆիլմադարանի տնօրէն Ալորիկ Դաւիթեանն ալ ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի ի յիշատակ պատրաստուած տեսանիւթին մանրամասնութիւնները։