ՖԻՖԱ-Ի ԿՈՂՄԷ ՄՐՑԱՆԱԿ
Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը արժանացաւ «FIFA Forward Awards» ծրագրի մրցանակին։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ այդ մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանին։ Դաշնակցութիւնը յիշեալ ծրագրին մէջ յաղթական դարձած էր։ Սա յատուկ նախաձեռնութիւն մըն է, որ FIFA-ի կողմէ նախատեսուած է Եւրոպայի երկիրներու ֆութպոլի դաշնակցութիւններուն համար։ Այս նախաձեռնութիւնը առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ։ 21 երկիրներու շարքին Հայաստան լաւագոյնը ճանչցուած է՝ ֆութպոլի զանգուածային ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագրի շրջանակին մէջ։ Արդարեւ, Հայաստանի մարզերէն ներս 89 փոքր ֆութպոլի դաշտեր կառուցուած են։ Մրցանակը Արմէն Մելիքբէկեանին յանձնողներու շարքին էր ֆութպոլի ֆրանսահայ աշխարհահռչակ առասպելներէն Եուրի Ճորքայեւ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լաթվիան։