ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԷՆ ՄԻՇՏ ԱՀԱԶԱՆԳ
Արցախը կը շարունակէ ամբողջովին շրջափակուած մնալ։ Աշխարհէն պաշարուած իրավիճակի մէջ Արցախի հայութիւնը կը դիմագրաւէ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը, որ յղի է ծանրածանր հետեւանքներու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Ստեփանակերտի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի։ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով շեշտեց, թէ ամբողջովին արգելափակելով Լաչինի միջանցքը՝ Ատրպէյճան փաստացի նոր մակարդակի մը հասցուցած է Արցախի էթնիք զտման նպատակաուղղուած իր քաղաքականութիւնը։
Ուաշինկթընէն եւ Մոսկուայէն ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրերայաջորդ կը հնչեն յայտարարութիւններ։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա Երեւանին կոչ կ՚ուղղէ չհեռանալ եռակողմանի ձեւաչափով աշխատանքէ, իսկ Պաքուին՝ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակուի։ «Երեւանի գործունէութեան ընդհատումը բացասաբար կ՚անդրադառնայ տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի վրայ եւ կը յանգեցնէ դաշտի վրայ իրավիճակի սրման։ Իսկ Պաքուին կոչ կ՚ուղղենք քայլերու ձեռնարկել Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման ուղղութեամբ եւ Ղարաբաղի բնակչութիւնը Երեւանի հետ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդ չդարձնելու», ըսաւ Զախարովա։ Միեւնոյն ժամանակ ռուս բանբերը յայտնեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ աշխատանքը իր խաղաղապահներուն միջոցաւ՝ Լաչինի միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակման նպատակով։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարեն եռակողմանի համաձայնագրերով ստանձնուած բոլոր պարտաւորութիւնները, ինչ որ նախկինին նման արդիական է։ Միեւնոյն ժամանակ, Զախարովա խօսեցաւ Շուշիի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան մը հաստատման խնդրին մասին։ «Որեւէ վայրի մէջ, մասնաւորապէս Շուշիի մէջ հիւպատոսութիւններու բացման հարցը կը շարունակէ մնալ երկկողմանի կապերու նիւթ. այս պարագային՝ Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ։ Միեւնոյն ժամանակ, կը հասկնանք հարցի զգայնութիւնը Երեւանի համար։ Մեր շփումներու մէջ շեշտը կը դնենք իրարու շահերը հաշուի առնելու անհրաժեշտութեան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան, նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի կարեւորութեան վրայ», ըսաւ Զախարովա։
Բաց աստի, Ուաշինկթընն ալ տեղեկացուց, որ կը նախատեսէ ամենամօտ ժամանակներուն խաղաղութեան հաստատման շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլի կազմակերպումը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել նշեց, որ իր երկիրը անհամբերութեամբ կը սպասէ Ուաշինկթընի բանակցութիւններու նոր փուլին։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին յետաձգուած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի հանդիպումը։ Վերջին օրերուն տեղեկացուած էր, որ այդ մէկը շուտով տեղի կ՚ունենայ։
Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբն ալ նոր հանդիպում մը ունենալու կը պատրաստուի։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այս մասին տեղեկացուց եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճան դրական պատասխանած է սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպում կազմակերպելու վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկին։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ապաշրջափակման գործընթացը պիտի սկսի դէպի Նախիջեւան-Երասխ-Հորատիզ երկաթուղիի վերաշահագործումով։ Ըստ փոխ-վարչապետին, այս հարցին շուրջ գոյացած է ընդհանուր համաձայնութիւն։