Տ. ԱՍՈՂԻԿ ԱԲՂ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ «ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴԳՐԿՈՒԱԾ
Կը տեղեկանանք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան կոչուած է կարեւոր նոր պաշտօնի մը։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ՝ հայր սուրբը ընդգրկուած է Երեւանի Մատենադարանի հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները երէկ արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Երեւանի Մատենադարանը պաշտօնապէս «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառի կարգավիճակը ունի։
Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէնի պաշտօնին գլուխը վերջին տարիներուն ծաւալած է շատ կարեւոր աշխատանք։ Իր բազմակողմանի վաստակը արդիւնաւորուած է զանազան ձեռքբերումներով՝ մանաւանդ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններն ու արխիւը այսօր կը գործեն արհեստավարժ մտայնութեամբ եւ դրական արդիւնքները բոլոր հարթութիւններու վրայ բարձր գնահատանքի կ՚արժանանան։ Համայն հայութիւնը կ՚ողջունէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս կարեւոր բաժիններուն արձանագրած ոստումը։
Այս բոլորին հիման վրայ, Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան յառաջիկայ շրջանին իր փորձառութիւնն ու պաշարը ի գործ պիտի դնէ նաեւ Երեւանի Մատենադարանին համար՝ մաս կազմելով անոր Հոգաբարձուներու խորհուրդին։
Հարկ է նշել, որ արդէն վաղուց սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Երեւանի Մատենադարանին միջեւ։ Մատենադարանի հաւաքածոներուն մաս կը կազմեն բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնք անցեալի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ փոխանցուած են այդ կարեւոր գիտահետազօտական կաճառին։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանին։