ԵՐԱԶՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…
Կիթառի դիպուկ նուագներու խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կը հնչեն երգի մը բառերը. երազներուն ալ ժամանակը կ՚անցնի… Մարդկային երեւակայութիւնը թէեւ անսահման է, սակայն կերպարանափոխութիւնն ալ վերանորոգ ու յարատեւ։ Կերպարանափոխեալ մարդուն երազներուն ժամանակը կրնա՞յ լրանալ։
Իւրաքանչիւր քայլափոխին ենթադրեալ փոփոխութիւն մը կայ մարդուն համար. նոյնիսկ կրնայ դրական չըլլալ, բայց ամէն ինչ կը փոխուի։ Նո՛ր վիճակներու մէջ կ՚ունենաս նո՛ր երազներ, կ՚ուզես նաեւ հիները պահել։ Յամենայն դէպս, կրնաս պահել միայն անոնք, որոնք կը սնուցեն ապագայի յոյսերդ։ Մարդուն համար շատ յոգնեցուցիչ է՝ յաչս սեփական անցին արդարացումներ գտնել այն երազներուն համար, որոնք չեն իրականացած, գուցէ մասամբ։ Ծայր աստիճան մաշեցուցիչ է՝ չիրականացած երազներու պատճառներուն հաշուեկշիռը։ Դաժան է՝ քանի ձախողումներու պատկեր մը կ՚ուրուագծուի ակամայ աչքիդ առջեւ։ Մինչդեռ, ո՞վ կ՚ուզէ ձախողիլ կամ ձախողած ըլլալ ամբողջապէս։ Ի վերջոյ կը յայտնուիս յարաբերականութեան անծայրածիր ովկիանոսին մէջ…
Միւս կողմէ, քանի մարդն է երազներուն տէրը եւ այդ նոյն մարդը անցաւոր է, ուրեմն այդ անցաւորին երազներն ալ ժամանակի ընթացքին կը մարին, կ՚անցնին ու կ՚երթան անոր հետ։ Այս հոլովոյթին մէջ ըլլայ գուցէ աշխարհի համընդհանուր ու վերանորոգ թարմութեան գաղտնիքը։ Իսկ անցաւոր անհատը թէկուզ երբեմն նոյնիսկ յաղթահարէ երազները, որոնց հոսքին քայլ յարմարցնելու ի վիճակի չէ։ Ինչպէ՞ս չդիմել բանաստեղծութեան.
Վերջին բաժանումը անմոռանալի կ՚ըլլայ, գիտես,
Վերջին ունեցածդ ալ աւելի թանկագին,
Եւ վերջին շունչդ՝ ազատումը վերջնական…
Անկարողութիւնը ամենածանրն է մարդուն համար։ Երբ որ չես կրնար հասնիլ երազներուդ ետեւէն եւ ալ այն աստիճան, որ նոր երազներ ունենալէ կը դադրիս, հապա ի՜նչ… Կ՚ընդունի՞ս ըլլալ միայն հին երազներուդ վկան։