«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա 33-րդ ժողովն էր, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը։ Ներկայ էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Նիստի ընթացքին հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան հանդէս եկաւ տարեկան զեկուցումով։ Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց անցեալ ժամանակաշրջանին կեանքի կոչուած ծրագրերն ու ձեռնարկուած նախագծերու ընթացքը։ Քննարկուեցան հիմնադրամի 2022 թուականի ելմտական հաշուետուութիւնն ու 2023 թուականի տարեկան պիւտճէն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովականները առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ Արցախի ի նպաստ գործադրուած ջանքերը։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023