ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի յետաձգեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին վաղը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ պայմանագրին շուրջ քննարկումներուն հերթական փուլը պիտի հանդիսանայ այս մէկը, որ կը բնորոշուի բաւական լարուած մթնոլորտով՝ քանի Ատրպէյճան վերջնականօրէն եւ ամբողջութեամբ պաշարած է Արցախը, ուր մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ։
Շաբաթավերջին Ստեփանակերտէն հնչեց նաեւ հերթական արձագանգը՝ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն ընդառաջ։ Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը տարածեց՝ շեշտելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան յստակ երաշխաւորման լաւագոյն ճանապարհը ուղիղ եւ բովանդակային քննարկումներն են Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ։