Չորեքշաբթի 11, Դեկտեմբեր 2024
ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրէն ներս։
Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Պերճ Սեդրակեան լայնօրէն քննարկեցին Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան վերաբերեալ զանազան խնդիրներ, առկայ բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023