ՀՆԱՐԱՒՈՐԸ ԵՒ ԱՆՀՆԱՐԸ…
Տեսադաշտիդ մէջ յայտնուած դրուագները յաճախ կ՚ունենան տարբեր չափումներ։ Միշտ կ՚ըլլան մէկ կողմէ բո՛ւն տեսածդ, իսկ միւս կողմէ այդ տեսածիդ առթած տպաւորութիւնով պայմանաւորուած՝ ընկալածդ։ Չէ՞ որ, հակասութիւններու խճուղիի մը վրայ ես կեանքի մէջ։ Երբեմն ժխորին մէջ լռութիւն կը զգաս, երբեմն ալ լոյսի շողերուն ներքեւ կրնաս ստուերի մը տակ մնացած ըլլալ։ Երբեմն արդարը կրնայ թուիլ անարդար, երբեմն ալ դանդաղը կրնայ վերածուիլ չափազանց արագութեան։ Երջանկութեան անվերջ ձգտումին վառ պահերը յաջորդ քայլափոխին միշտ կ՚ուղղորդուին երանիներով կամ ափսոսներով։ Մարդկայի՞ն, բնակա՞ն։
«Իրականութեան մէջ մարդուն ամենաշատ ցաւը կը պատճառեն ո՛չ թէ յուսախաբութիւնները, այլ այն երջանկութիւնները, որոնց ապրուիլը թէեւ հնարաւոր եղած է, սակայն զանոնք ապրիլ կարելի չէ եղած», կ՚ըսէ Տոսթոյեւսքի։
Կը մնայ որոշել, թէ երանիներու եւ ափսոսներու պատկերին վրայ ո՞ւր պէտք է տեսնել հնարաւորը կամ անհնարը…