ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Բ.

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամուսնութեան օգտաւէտութիւնը առողջապահական տեսակէտէ: Պատճառները: Ազապներու հիւանդութիւնները: Ժուժկալութեան վատ հետեւանքները կնոջ վրայ: Ամուրիներու ջղային դրութիւնը: Հիստերիա եւ խելագարութիւն: Ընտանեկան կեանքի բարոյական կողմը:

Ամուսնական կեանքը կիրքերը, յափշտակումներն ու մոլութիւնները կը մեղմացնէ: «Կը պսակուի, կը շտկուի», կ՚ըսէ ժողովրդական փորձնականութիւնը: Ով չի՛ ճանչնար կրքոտ, կատաղի, անսանձ, նոյնիսկ անբարոյական երիտասարդներու, որոնք ամուսնական քաղցր լուծին տակ մտնելով, կ՚ուղղուին, կը լրջանան, յաճախ կ՚ազնուանան, նրբազգաց կը դառնան, կը կորսնցնեն իրենց տգեղ սովորութիւնները, խօսակցութեան ձեւերը եւ օրինակելի «ընտանիքի գլուխ» կը դառնան:

Ամէն պարագայի, ժամանակի ընթացքին, փոխադարձ ազդեցութեան տակ, երկու ամուսինները իրարու կը համակերպին հայեացքներով, ձգտումներով, իտէալներով: Անոնք կ՚ոգեւորուին, կը յուզուին, կը զայրանան միեւնոյն երեւոյթերով: Այս միակերպումը նմանողութեան կամ ընդօրինակման մեծ ուժով կը կատարուի, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հիպնոսացումը, ներշնչումը1: Եւ քանի որ հոգեկան շարժումները մեծ մասամբ դէմքի վրայ կ՚արտայայտուին, ասկէ հասկնալի կ՚ըլլայ եւ այն, առերես տարօրինակ, երեւոյթը, որ ամուսինները վերջ ի վերջոյ կը սկսին զարմանալի կերպով նմանիլ իրարու թէ՛ շարժումներով, թէ՛ խօսակցութեան ձեւով եւ թէ՛ նոյնիսկ դէմքի գծագրութիւններով:

Ամուսնութիւնը մեծ բարիք մըն է, ան ճանապարհ մըն է, որ աւելի դիւրին եւ աւելի հաստատ կերպով կը տանի մեզ դէպի երջանկութիւն, եթէ երջանկութիւնը գոյութիւն ունի մեր աղմկալից այս դարուն մէջ: Ֆրանսացի տաղանդաւոր գրող մը, Կիւստաւ Տրոզը, նոյնիսկ այն եզրակացութեան կը հասնի, թէ ամուսնութենէն դուրս երջանկութիւն չկայ: «Ես չեմ հաւատար, որ ազապ մարդը կարենայ երջանիկ ըլլալ», կ՚ըսէ ան: «Չկա՛յ երջանկութիւն անոնց համար, որոնք մոլորուած ըլլալով, կամ որեւէ մէկ հաշուով խուսափած են հասարակական այս լաւագոյն օրէնքէն»: Չափազանցութիւնները մէկ կողմ ձգենք: Մարդու կեանքին հորիզոնը կրնայ ուրիշ աստղ մը եւս լուսաւորել, բայց եւ այնպէս մեծ պակասութիւն է կեանքի մէջ զրկուած ըլլալ սեփական կին ու հարազատ որդի ունենալու երջանկութենէն…

Գ.

ԱՄՈՒՍՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԻՔԸ

Սեռական հասունութիւն: Ամուսնութեան տարիքը: Վաղաժամ ամուսնութիւն: Դաշտանն ու սեռական հասունութիւնը: Վաղաժամ ամուսնութեան վտանգները թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ զաւակներուն համար: Տարաժամ ամուսնութիւնը եւ անոր վտանգները: Անհաւասար ամուսնութիւնը եւ անոր հետեւանքները:

Պսակուողներուն տարիքին տեսակէտէն ամուսնութիւնը երեք տեսակ կ՚ըլլայ. վաղաժամ ամուսնութիւն, երբ այր մարդը 21 տարեկանէն, իսկ կինը 18 տարեկանէն վար են. յարմար (ժամանակեայ) ամուսնութիւն, երբ այր մարդը 45 տարեկանէն մեծ չէ, իսկ կինը 30-էն. ի վերջոյ տարաժամ (ուշացած) ամուսնութիւն, երբ այր մարդը 45-60 տարեկան ու աւելի է, իսկ կինը 30-45 տարեկան եւ աւելի:

Վաղաժամ ամուսնութիւն:

Ամուսնութիւնը, առողջապահական տեսակէտէ, թոյլատրելի է այն ատեն միայն, երբ տղան ու աղջիկը հասունցած են. այլ խօսքով՝ երբ անոնց սեռական գործարանները բաւականաչափ զարգացած են ամուսնական վտանգալից կեանքին դիմադրելու համար:

Այս է սեռական հասունութիւնը:

Այս պահանջը առաւել եւս ստիպողական է աղջկայ համար, որուն վիճակուած է իր վրայ կրել ծննդաբերութեան ամբողջ ծանրութիւնը:

Զանազան երկիրներու օրէնսդրութիւնները, մանաւանդ անցեալին, անբացատրելի անհոգութեամբ մը անուշադիր եղած են ամուսնացածներու ֆիզիքական հասունութիւնը եւ թոյլ տուած են նոյնիսկ երեխաներուն ամուսնանալ:

Անծանօթ ըլլալով սեռական գործարաններու զարգացման կանոններուն, անոնք կարծէք կը հետեւէին ժողովուրդի անմիտ համոզմունքին, թէ «աղջկան փափախով զա՛րկ, եթէ վար չիյնայ, պսակէ՛»:

Այսպէս, հրէական հին օրէնքով տղան 13 տարեկան եւ 1 օրականին չափահաս կը դառնար, իսկ աղջիկը՝ 12 տարեկան եւ 1 օրականին. սակայն, աւելի մատաղ հասակին ալ չէր արգիլուիր ամուսնանալ, բայց ո՛չ մէկ կերպով կարելի է տղային պսակել 9 տարեկան եւ 1 օրականէն պակաս, իսկ աղջիկներուն՝ 8 տարեկան եւ 1 օրականէն: Հնդկաստանի մէջ 8 տարեկան աղջիկներուն կարելի է մարդու տալ: Հռոմի մէջ ամուսնական չափահասութիւնը այսպէս սահմանուած էր. 14 տարեկան տղաներուն եւ 12 տարեկան աղջիկներուն համար: Նոյն հասակը սահմանած է նաեւ արեւմտեան եկեղեցին, իսկ բողոքականը երկու սեռին համար եւս 14 տարեկան:

Անգլիական պետական օրէնքը տղաներուն կ՚արտօնէ 14 տարեկանին, իսկ աղջիկներուն՝ 12 տարեկան հասակին. խստօրէն կ՚արգիլւի 7 տարեկաններուն պսակը միայն: Ֆրանսական օրէնսդրութիւնը ամուսնական հասունութիւնը որոշած է 18 տարեկան այր մարդոց, 15 տարեկան աղջիկներուն համար: Գերմանիոյ մէջ պաշտօնապէս կ՚արգիլուի ամուսնութիւնը 18 (տղայ) եւ 16 (աղջիկ) տարեկաններէն պակաս հասակներուն:

Ռուս պետական օրէնքով (1830 Բարձրագոյն Ուկազը) ընդունուած է գերմանական չափահասութիւնը: Այս ընդհանուր օրէնքէն թոյլ կը տրուին հետեւեալ բացառութիւնները.

ա. Կովկասաբնակ ազգութիւններուն համար ամուսնական հասակը որոշուած է 15 (տղայ) եւ 13 (աղջիկ) հասակները:

բ. Թոյլ կը տրուի թեմական առաջնորդներուն կարեւոր դէպքերու պարագային կէս տարիով աւելի շուտ պսակել:

Մեր եկեղեցական կանոնները, եթէ չեմ սխալիր, ամուսնութիւնը կ՚արտօնեն 14 եւ 12 տարեկաններուն միջեւ եւ ո՛չ աւելի փոքրերուն:

Այսպէս, ուրեմն, նոյնիսկ նորագոյն օրէնսդրութեան տրամաբանութեամբ ամուսնանալու եւ սերունդ արտադրելու ընդունակ կը համարուին 13-12 տարեկան տղան ու աղջիկը, որոնք հազիւ դուրս եկած են մանկութենէն թէ՛ իրենց ֆիզիքական զարգացմամբ եւ թէ՛ մտաւոր կարողութեամբ, իսկ շատերը իրենց կազմուածքով եւ խելքով դեռ կատարեալ երեխաներ են…

Օրէնսդրութեան անհեթեթութիւնը ակներեւ է: Երեխայի մը, որ ընդունակ չի համարեր ձայն ունենալ հասարակական ու քաղաքական խնդիրներուն մէջ եւ որ զրկուած է ամենէն չնչին քաղաքական իրաւունքներէն իսկ, այդ անչափահասին ան ամբողջ սերունդի մը բարօրութիւնը, առողջութիւնը, նոյնիսկ կեանքը կը վստահի…:

Այսպիսի օրէնսդրութեան շնորհիւ է, որ վաղաժամ ամուսնութիւնը տարածուած եղած է նոյնիսկ ամենէն քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ: Անգլիոյ բոլոր ամուսնութիւններէն 51 առ հարիւրը վաղաժամ է (այր մարդու համար). Ֆրանսայի մէջ՝ 27 առ հարիւրը, Իտալիոյ մէջ՝ 26 առ հարիւրը, Զուիցերիոյ մէջ՝ 23 առ հարիւրը, Գերմանիոյ մէջ՝ 19 առ հարիւրը: Ամենէն բարձր տոկոսը Ռուսաստանը կու տայ, ուր անչափահաս ամուսնացող այր մարդիկը 67 առ հարիւրը կը կազմեն, իսկ կիները՝ մինչեւ 85 առ հարիւրը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Ռուսաստանի մէջ 100 մարդու գացող աղջիկներէն 85-ը դեռահաս են: Քաղաքներուն մէջ դեռահաս տղաներուն պսակները երթալով կը նուազին, եւ ատիկա հասկնալի է, քանի որ քաղաքներուն մէջ այր մարդը աւելի ուշ կը կարենայ իրեն համար դիրք մը ստեղծել ու աշխատանք գտնել, քան՝ գիւղի մը մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս իմ «Հիպնոտիսմ»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023