ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քննարկուեցան Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապը եւ զայն յաղթահարելու ուղիները։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներն ալ յայտարարութիւններ ըրին այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Քրեմլինի աղբիւրները մասնաւորապէս ընդգծեցին, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, Փաշինեան եւ Փութին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը՝ ներառեալ Լաչինի միջանցքով անարգել փոխադրութեան կապի ապահովման հարցերը։ Ընդգծուեցաւ 2020-2022 թուականին Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ թղթածրարի հետեւողական իրականացման հիմնարար նշանակութիւնը։ Վլատիմիր Փութին հաստատեց ռուսական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան պայմանագրի մշակման ուղղութեամբ։ Երկու ղեկավարները համաձայն գտնուեցան շարունակել շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խնդրանքով։ Ստեփանակերտի մէջ, երէկ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ հերթական բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցաւ՝ ռազմաքաղաքական ու մարդասիրական իրավիճակի եւ իշխանութիւններու ընելիքներու օրակարգով։ Արցախի նախագահը ընդգծեց, որ առկայ իրավիճակը, վտանգներն ու Ստեփանակերտի ակնկալութիւնները բոլոր հնարաւոր ձեւերով կը ներկայացուին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն։ «Ատրպէյճանի աճող սպառնալիքներու եւ մարդասիրական փոխադրումներու լրիւ կասեցման պայմաններուն ներքեւ օրէ օր կը սրուի անվտանգային ու մարդասիրական իրավիճակը, ինչ որ լրջագոյն մարտահրաւէրներ կը յարուցէ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան դէմ։ Իշխանութիւններուն կողմէ առկայ իրավիճակը, վտանգներն ու մեր ակնկալութիւնները բոլոր հնարաւոր ձեւերով ներկայացուած են ու կը ներկայացուին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան այլ դերակատարներուն», նշեց Արայիկ Յարութիւնեան երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին։
Ժողովականները կարծիքներ փոխանակեցին Փաշինեանի եւ Փութինի հեռախօսազրոյցի ընթացիկ արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ օրակարգային այլ հարցերու շուրջ։ «Մեր կողմէ հնչեցուած գոյաբանական ահազանգի պայմաններուն ներքեւ Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները կ՚ակնկալեն սեղմագոյն ժամկէտի մէջ շօշափելի արդիւնքներ անվտանգային ու մարդասիրական իրավիճակի մեղմացման եւ շրջափակման վերացման ուղղութեամբ։ Ի հարկէ, մենք մեր խիստ սահմանափակ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ առաւելագոյնը կը կատարենք իրավիճակը վերահսկելու ուղղութեամբ՝ ունենալով եւ գործարկելով շարք մը վարկածներէ բխած գործողութիւններու ծրագրեր։ Այս համատեսքին մէջ կ՚ուզէի ընդգծել, որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը մնայ հաւատարիմ իր կառուցողական կեցուածքին եւ պատրաստ է քաղաքակիրթ երկխօսութեամբ քննարկել ու խաղաղ միջոցներով կարգաւորել բոլոր հիմնախնդիրները», ըսաւ ժողովի ընթացքին Արայիկ Յարութիւնեան։
Իր կարգին, Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանն ալ յայտնեց, որ յղիները եւ երեխաները արդէն զրկուած են անհրաժեշտ քանակութեամբ սննդամթերք ունենալէ։ «Ատրպէյճանի շրջափակման հետեւանքները աննկարագրելիօրէն ծանր են Արցախի համար», ըսաւ ան։