ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) միշտ հետեւողական զգայնութիւններով կը գործէ՝ հայաշխարհի դիմագրաւած առաջնահերթութիւններուն դէմ յանդիման։ Վերջերս Փարիզի մէջ պատմական ու փայլուն հանդիսութիւններով նշուեցաւ՝ ՀԲԸՄ-ի կողմէ Ֆրանսայէ ներս ծաւալուած գործունէութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ գործադրուեցաւ բազմակողմանի ծրագիր մը, որ յագեցած էր թէ՛ խորքային քննարկումներով եւ թէ բարձր արարողակարգային շփումներով։ Փարիզի ձեռնարկներու շարքը եկաւ վերահաստատել, որ ՀԲԸՄ բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրները։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ նպատակասլաց եւ լայնածաւալ աշխատանք կ՚իրականացուի թէ՛ համահայկական համախմբման ամրապնդման եւ թէ միջազգային աջակցութեան ապահովման նպատակով։
ՀԲԸՄ, որ աշխարհի մեծագոյն բարենպատակ համահայկական կազմակերպութիւնն է, արդէն երեք տարուան ակամայ յապաղումով մը նշեց Ֆրանսայի մէջ ծաւալած իր գործունէութեան 110-ամեակը։ Յոբելեանը յետաձգուած էր թէ՛ համավարակին եւ թէ 44-օրեայ աղէտաբեր պատերազմին հետեւանքով։ Յամենայնդէպս, ի վերջոյ կարելի եղաւ իրականացնել Ֆրանսայի գործունէութեան տարեդարձը, որու ընթացքին ստեղծուած տօնական մթնոլորտը երբեք բաւարար չեղաւ Արցախի իրավիճակը ստուերի տակ թողելու։ Արդարեւ, ՀԲԸՄ ապահովեց, որ Արցախի իրավիճակը յստակօրէն հերթական անգամ շեշտադրուի այս ծրագրին շրջանակէն ներս։ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի գործունէութեան 110-ամեակը, բնականաբար, միմիայն այդ երկրով սահմանափակ համարել կարելի չէ, որովհետեւ աւանդաբար Ֆրանսան եղած է ամբողջ Եւրոպայի հայութեան ողնայարը։ Հետեւաբար, յոբելեանը խորհրդանշական իմաստ ունէր ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի մէջ ՀԲԸՄ-ի ծաւալած գործունէութիւնը արժեւորելու տեսակէտէ՝ մանաւանդ, որ առանձին երկիրներու մասնաճիւղերուն առընթեր, շուրջ 15 տարիէ ի վեր կը գործէ նաեւ ՀԲԸՄ-Եւրոպան։
Փարիզի մէջ, ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած եռօրեայ ծրագիրը կարեւոր փուլերէ բաղկացած էր։ Այս մեծ նախաձեռնութիւնը համախմբեց Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի քաղաքական շրջանակներէն դէմքեր, ֆրանսահայ յառաջատար գործիչներ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ցանցէն ներկայացուցիչներ, բարերարներ, համակիրներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ մասնաճիւղերու վարիչներ։ Արդէն միջազգային հաւաքի մը վերածուած յոբելեանին նպատակն էր նաեւ՝ Արցախէ ներս ՀԲԸՄ-ի մարդասիրական ջանքերուն ի նպաստ աջակցութիւն ստանալ Ֆրանսայի քաղաքական գործիչներէն, ՀԲԸՄ-ի հաւատարիմ նուիրատուներէն եւ աջակիցներէն։ Այս մեծ համախմբման մթնոլորտին մէջ, Փարիզի նախաձեռնութեան օրերուն ՀԲԸՄ-ի ղեկավար մարմիններն ալ գումարեցին ժողովներ եւ անոնց կազմերուն մէջ կատարուեցան համալրումներ։
ՀԲԸՄ, որ 1906 թուականին Գահիրէի մէջ հիմնադրուած է, 1910 թուականին իր առաջին մասնաճիւղը հաստատած է Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ։ Յետագային կառոյցը արդէն ջանք չէ խնայած՝ աղէտեալ հայութեան օգնութիւն հասցնելու ճանապարհին։ Վերջին տարիներուն ՀԲԸՄ Կլոպալ աջակցութեան հիմնադրամին շնորհիւ նոր կարողութիւններու տիրացաւ։ Այսպէսով ան կարողացաւ արձագանգել աշխարհի զանազան անկիւններուն յառաջացած արտակարգ իրավիճակներուն՝ ներառեալ Սուրիոյ ներքին պատերազմը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ Արցախի Բ. պատերազմը։ Այս բոլոր փուլերուն ան մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերեց տեղական մակարդակի վրայ՝ տրամադրելով սնունդ, առաջին անհրաժեշտութեան սարքաւորումներ, դեղօրայք եւ բժշկական պարագաներ կամ երկարաժամկէտ ելմտական օգնութիւն։ Ներկայիս, Արցախի առկայ ամբողջական պաշարման ներքեւ, Կլոպալ աջակցութեան հիմնադրամին շնորհիւ՝ ՀԲԸՄ ջանք չի խնայեր խոցելի իրավիճակի մէջ յայտնուած հայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ Փարիզի ծրագրի օրերուն նախագահ Պերճ Սեդրակեան ազդեցիկ արտայայտութիւններով յստակօրէն վերաբանաձեւեց Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ՀԲԸՄ-ի յանձնառութիւնները։ «ՀԲԸՄ-ի համար բարեգործութիւնը պարզապէս առաքինութիւն մը չէ, այլ բարոյական պարտականութիւն եւ յանձնառութիւն է», ըսաւ Սեդրակեան եւ աւելցուց, որ պատմութենէն կարելի է հետեւցնել, թէ ապագան չի տրուիր, այլ զայն պէտք է կերտել։ «110 տարի անց եւս ՀԲԸՄ գոյութիւն կ՚ունենայ իր ապագայ սերունդներուն հետ, որոնք կազմակերպութեան առաքելութեան իրականացման ջատագովները կ՚ըլլան։ Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի ապագան մեր առջեւն է ու մենք պէտք է որոշենք՝ յաղթական դուրս պիտի գա՞նք, թէ ոչ», ըսաւ ան։
ՀԲԸՄ-ի յոբելեանին առթիւ Փարիզի մէջ համաժողով մը տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Բաց աստի, մասնաւոր երեկոյթ մը նախատեսուած էր ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն համար։ Այս վերջիններուն վրայ եկաւ աւելնալ զօրակցութեան համար կազմակերպուած ձեռնարկը։
Փարիզի Քաղաքագիտութեանց բարձրագոյն վարժարանին՝ Sciences Po-ի երդիքին տակ ՀԲԸՄ-ի տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցաւ «Հայաստանը խաչմերուկի վրայ. խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն Եւրոպայի հարեւանութեան» խորագրեալ քննարկումը, որ կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղին եւ «ԱՊՐԻ Արմենիա» հետազօտական կեդրոնին կողմէ։ Քննարկման առաջին փուլին ատենախօսները անդրադարձան հայ-ֆրանսական ռազմավարական գործընկերութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Երկրորդ փուլին շեշտը դրուեցաւ Հայաստանի մէջ կայուն գիւղատնտեսութեան, վերափոխեալ թեքնոլոժիներու եւ վերականգնուող ուժանիւթի զարգացման վրայ։ Ներկայ էին նաեւ շարք մը կարեւոր հայ ձեռներէցներ, որոնք կարեւոր յաջողութիւններու հասած են։ Անոնց կարգին էին՝ ՆԱԻՐԻԱՆ մորթի գեղեցկագիտական կեդրոնի Հետազօտութեան եւ արդիւնաբերութեան բաժնի (R&D) հիմնադիր տնօրէնուհի Անահիտ Մարկոսեան, «Զուլալ» գինեգործական հիմնարկի հիմնադիր սեփականատէր եւ «Keush»ի վարիչ տնօրէն Այմի Քէօշկէրեան եւ «ԱրՄաս» գինեգործական հաստատութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն եւ համահիմնադիր Վիքթորիա Ասլանեան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը խօսեցաւ իր փորձառութեան եւ յաջողութեան գաղտնիքներուն մասին: Անոնք նաեւ բացատրեցին, թէ ինչպէս կը սատարէին Հայաստանի տնտեսական եւ առեւտրական մարզի զարգացման եւ բնական կենսոլորտի պահպանումին, երկիրը աւելի ուժեղ եւ կենսունակ դարձնելու համար: Այս կապակցութեամբ ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Հայաստանի Բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գէորգ Մանթաշեան։
Շուրջօրեայ աշխատանքէն վերջ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի երիտասարդ արհեստավարժներուն կողմէ կազմակերպուած երիտասարդաց երեկոյթը տեղի ունեցաւ Monnaie de Paris-ի պատմական հոյակերտ համալիրէն ներս, ուր համախմբուեցան Եւրոպայի զանազան անկիւններէն 120 նոր սերունդէ մասնակիցներ։
Յոբելենական ձեռնարկներու շարքէն ներս փառաշուք երեկոյթ մըն ալ տեղի ունեցաւ Westin Paris Vendôme պանդոկի համալիրէն ներս։ Սա կալա-համերգ մըն էր, որ համախմբեց աւելի քան 200 հրաւիրեալ։ Թէ՛ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներ եւ թէ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ երեկոյթի ընթացքին ունեցան ելոյթներ։ Ներկայ էին նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան եւ ֆրանսահայ շրջանակներէ յայտնի դէմքեր։
Ի լրումն այս բոլորին, Փարիզի մէջ նշուած տարեդարձի օրերուն ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու Ֆրանսայի վարչութեան նորընտիր անդամները գումարեցին ժողով մը։ Սա կարեւոր հնարաւորութիւն մըն էր՝ արժեւորելու համար ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի, Հայաստանի մասնաճիւղի եւ Եւրոպայի կառոյցներու նորութիւնները։ Այս կապակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ յառաջիկայ շրջանին ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի մասնաճիւղի համանախագահի պաշտօնը պիտի վարէ Սթեֆան Պետրոսեան, Նատիա Գործունեանի հետ միասին։ Բաց աստի, ՀԲԸՄ-Եւրոպայի նախագահ նշանակուած է Քամիլիօ Ազուզ։