ՄԵՂԱՒՈՐ ՓՆՏՌԵԼԷ ԱՆԴԻՆ
Հայաստանի քաղաքական-հասարակական դաշտի քննարկման հիմնաւոր նիւթերու շարքին մնալ կը շարունակէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն ելոյթը, որ հնչեց խորհրդարանէն ներս, 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Քննիչ յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ։ Խնդիրը շատ աւելի խորքային է՝ քան այն քննարկումները, որոնք այսօր ողողած են հայկական լրահոսը։ Ո՛չ պաշտպանելու, ո՛չ ալ փնովելու ժամանակներ են։ Միշտ կ՚ըսուի, որ Հայաստան աշխարհը, Արցախով ու ամբողջ սփիւռքով հանդերձ, կանգնած է լուրջ հարցադրումներու եզրափուլին, որուն բարդ շերտերուն եւ յղացքներուն մէջ երեւելի կը դառնայ պետականութեան իրական կորուստի սարսափազդու պատկերը։ Ու այս բոլորին առընթեր, ամէն օր աճած վտանգներու եզրափուլին Հայաստանի մէջ շարունակ կը քննարկուի, թէ ի՞նչ սեռի են այն հրեշտակները, որոնք կրնան վերջին՝ մետասաներորդ պահուն օգնութեան հասնիլ եւ փրկել ջուրին յատակը գացող հայութեան մեծ նաւը։ Շատեր բնականոն կեանքով մը կ՚ապրին, ուրիշներ կ՚անտեսեն մեծ հարցադրումները, իսկ շատ-շատեր ալ խեղդուած կը շարունակեն մնալ ամէնօրեայ դրութեամբ Երեւանի շոգ ամառը աւելի բոցավառ դար-ձընող ինքնաշարժներու մեծ խցանումներուն մէջ։
Մինչ այդ գործընթացները կը շարունակուին, վտանգները կ՚աճին, պետութեան սահմանումները կը շարունակեն փոքրանալ եւ մեզ կը հալածեն ձախէն ու աջէն հազար ու մէկ հարցում, թէ մենք հայերս իսկապէս արժանի՞ ենք պետութիւն մը ունենալու։
Ի դէպ, այս հարցին մասին աւելի հանգամանօրէն կարելի է գրել՝ պարզապէս շատ հասկնալի եւ ընկալելի կերպով շարադրելու համար, թէ այսօր, մեր ժամանակներուն, ժողովուրդները ինչ չափանիշներ պէտք է ունենան, որպէսզի կարողանան կամ արժանի դառնան պետութիւն մը ունենալու։ Հարցը, անշուշտ, բարդ է, բայց եւ այնպէս, անելանելի չէ։ Այս առումով ալ աւելի քան կարեւոր է հասկնալ, թէ մասնաւորապէս այս ժամանակներուն ի՞նչ զարգացումներ եւ քաղաքական ի՞նչ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան մեր շուրջ։
Եթէ նոյնիսկ ոմանց համար աղէտալի պատերազմը պարզապէս պատճառ հանդիսացած է, որ կտրուին իրականութիւններէն կամ ուզեն կերպով մը անկախ ապրիլ, ապա, սակայն, սա չի նշանակեր, որ պետութիւնը կորսնցնելու վտանգը ընդհանրապէս վերացած է։
Տակաւին կայ, կրնայ ըլլալ աւելին, որ կը բաղկանայ հազարաւոր մարդոց փաղանգներէն, որոնք ընդհանրապէս չեն հետաքրքրուած Հայաստանի ճակատագրով։ Այո՛, Հայաստան կ՚ապրին, ինչպէս պիտի ապրէին Լոս Անճելըսի, Փարիզի կամ նոյնիսկ Վիեննայի մէջ, սակայն անոնց Հայաստան ապրելու կամ ապրած ըլլալու երեւոյթը որեւէ ձեւով իր մէջ պարտադիր բաղկացուցիչ մը չունի։ Այլ խօսքով, կ՚ապրին՝ ինչպէս արդի դարու մարդը կ՚ապրի, շատ ժամանակ չունին, զբաղ են իրենց զաւակներու ամավերջի հանդէսներով, կազմակերպչական աշխատանքներով, ամառուան արձակուրդի ուղղութեամբ ու յար եւ նման կարեւոր կամ պակաս կարեւոր մանրամասնութիւններով։ Այս մարդիկ «ապրիլ մըն է եղածը» կ՚ըսեն ու կը շարունակեն իրենց ընթացքը։ Դէպի ո՞ւր, իրենք ալ չեն գիտեր. «պարզապէս ապրիլ մըն է եղածը» եւ վերջ…
Այս մեծ հասարակութիւնը, որ կայ, գոյացած է մեր շուրջ ինչ-որ առումով մեծ պատգամներով բեռնաւորուած զանգուած մըն է, որուն այսօրուան շարժումները, մտայնութիւնն ու մանաւանդ կեանքը շարունակելու դրուածքը, խորքին մէջ, պատասխան մըն է այն դէպքերուն, որոնք անցեալ հինգ տարիներուն եւ գուցէ անկէ ալ շատ առաջ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ։
Անոնք պարզապէս եկած են ըսելու, որ «մենք սովորական քաղաքացիներ ենք, մեզ երկար տարիներու ընթացքին խաբած են ու հակառակ այդ հրէշաւոր մեքենայութիւններուն՝ մենք շարունակած ենք հաւատալ մեր երկրի ներուժին, զաւակներ ու արիւն տուած ենք այս երկրին, մեզմէ շատեր, շատ-շատեր զոհուած են երկիր ու պետութիւն կերտելու ճանապարհին»։ Այսօր, սակայն, անոնք հիսաթափուած են, դատարկուած են իրենց պարունակէն ու դուրս եկած են իրենց հագուստներէն։ Ու այդ ոգեղէն դատարկումին, վախին ու ապագայի վերաբերեալ առկայ մեծ հարցադրումներու կողքին, դարձեալ անոնք մեզ կը ստիպեն մտածելու, թէ ինչո՞ւ ամէն բան այսպէս եղաւ, ինչո՞ւ չկարողացանք պետական հզօր համակարգ մը ունենալ ու ամենաէականը՝ ինչո՞ւ մինչեւ այս պահը չենք հասկցած, թէ որո՛նք են մեր հարեւանները եւ ի՛նչ լեզուով պէտք է խօսինք անոնց հետ։
Այս բոլորը՝ պարզապէս հասնելու համար այն կիզակէտին, ուր գրուած է, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է մեղաւորներ չփնտռել, ինչքա՛ն կարեւոր է վէրքերը չքերել, ինչքա՛ն կարեւոր է այսօրուան իրադրութիւնը ճիշդ գնահատել ու ինչքա՛ն կարեւոր է սկսիլ զերօ կէտէն։
Հայաստան երկիրը պահելու գործընթացը շատ բարդ է ու ան չի նմանիր իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաւական ապիկար խաղերուն։ Ու այս առումով ալ աւելի քան որեւէ ժամանակ ու մանաւանդ՝ այս օրերուն, այս պահուն պէտք է իսկապէս հասկնանք, թէ բոլորս կոչուած ենք տէր կանգնելու այն նաւուն, որուն վրայ ենք այսօր...։ Գուցէ շատեր կը մոռնան, թէ եթէ այդ նաւը ընկղմի, իրենք ալ խեղդամահ պիտի ըլլան, բայց կ՚ուրանան։ Իրենց գործն է ատիկա, պէտք չէ մեղադրել ու աւելին՝ պէտք չէ խարազանել ու երկար բարակ քարոզներ կարդալ, թէ հասարակութիւնը այսպէս է կամ այնպէս է…
Ժամանակ չկայ այս բոլորին համար, նոյնիսկ ժամանակ պէտք չէ վատնել քննելու համար աղէտալի պատերազմին պատճառները կամ ցիցերուն անցընելու համար հայոց ճակատագրին հետ խաղացողները։ Հիմա գործելու ժամանակն է, միասին ըլլալու եւ միասին աշխատելու, որովհետեւ ճիշդ գործի պարագային, նոյնիսկ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն խաղին մէջ եղածները պիտի հաստատեն, թէ կատարուածը տեղին է ու նպատակը անսայթաք։ Փնտռել մեղաւորներ, փընտ-ռել յանցաւորներ ու սապէս հեռուներէն գալով Հայաստանի մէջ եղածներուն շուրջ «լոլոներ» կարդալը անտեղի եւ անպիտան գործ է։ Այսօր կայ ընթացք մը եւ անոր մէջ միայն հայերը չեն որոշողները… Մեզմէ շատ աւելի մեծ է խաղը, որ կ՚ընթանայ. այնքան մը մեծ, որ երկու գերտէրութիւնները նոյնիսկ մտած են մեծ պազարներու մէջ, թէ կողմերէն ո՞ր մէկը պիտի կարողանայ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր միաւորներ կուտակել…
Ամէն պարագայի, նոյն այս մտորումներու լոյսին ներքեւ կը բիւրեղանար վերջերս վերլուծաբան-լրագրող Յակոբ Պատալեանի կողմէ հեղինակուած յօդուածին իմաստը։ Հեղինակը համոզուած է, թէ ուշքի պէտք է գալ՝ քանի անորոշութիւնն ու անկանխատեսելիութիւնը կը մեծնան։ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ երեք տասնամեակի գործընթացին մասին, անկասկած, հնարաւոր է ժամերով, նոյնիսկ օրերով ու շաբաթներով խօսիլ՝ գնահատելով այդ գործընթացը ամենատարբեր դիտանկիւններէն, զայն փուլերու բաժանելով, այդ փուլերը անուանակոչելով ըստ այդ ընթացքին, Հայաստանը ղեկավարած նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն, կամ այլ բաժանումներ ընելով, բայց մէկ բան կարծէք թէ աներկբայ է, որ նոյնիսկ այդ բոլորէն ետք հնարաւոր պիտի չըլլայ ստոյգ եւ ճշգրիտ եզրայանգման մը հասնելու համար։ Թէ ի՞նչն էր ճիշդը, ի՞նչը սխալը հիմնաւորելու համար՝ ո՞վ արդար էր եւ այլն։ Որովհետեւ երեք տասնամեակներու գործընթացը եղած է շատ խրթին՝ թէ՛ ներքին, թէ՛ տարածաշրջանային եւ թէ աշխարհաքաղաքական գործօններով։ Տասնեակ, հարիւրաւոր գործօններու, յարաշարժօրէն զարգացող, փոխուող գործօններու մեծ ամբողջութիւն մը, որ, ի հարկէ, միշտ ալ դիւրին է յետահայեաց քննադատելը՝ սահմանելով ճիշդն ու սխալը։ Բայց եւ այնպէս, սա նոյնպէս կրնայ ըլլալ մոլորութիւններու կամ մանիփիւլասիոնի ճանապարհ մը եւ ո՛չ թէ ճշմարտութեան հասնելու միջոց:
Յօդուածագիրը համոզուած է, թէ Արցախի հարցին մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան բարդ խնդրի ծանր յետագծի վրայ հնարաւոր չէ հրապարակայնութեան ճամբով մօտենալ ճշմարտութեան՝ նոյնիսկ երբ այդ մէկը կատարելու փափաքը կայ։ Խնդիրը նոյնիսկ այն չէ, որ հրապարակման գործօններ չկան։ Պարզապէս, գործօններն ու շերտաւորումները այնքան շատ են, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական գործընթացներուն մէջ տարրալուծուած, այնքան տարածական, ապակեդրոնացած են, որ հնարաւոր չէ զանոնք տեղադրել գծապատկերի մէկ չափման ու գնահատման մէջ: Այդ նոյնիսկ պարզ՝ մեթոտաբանութեան սխալ է, եթէ մէկ կողմ ձգենք փորձագիտական, քաղաքագիտական, քաղաքական սխալի հանգամանքները: Այդ պարագային կը յառաջանան հարցումներ. ի՞նչ ընել, չքննարկե՞լ, չբանավիճի՞լ, չդիտարկե՞լ: Այս հարցումներուն պատասխանը ուրիշ հարցումի մը մէջ է. իսկ ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը, անոր հանրային եւ պետական օգուտը: Եթէ այս հարցումին պատասխանը ունին, ուրեմն դրական կրնան պատասխանել նաեւ նախորդներուն: Բայց, այդ հարցումին պատասխանը կարծես թէ չկայ ու թերեւս չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ այսօր, գործնականօրէն, մենք կը գտնը-ւինք միջազգային իրավիճակի մը մէջ, երբ հիմնաւորապէս փլուզուած է այն աշխարհը, ուր տեղի ունեցած են մօտաւորապէս երեք տասնամեակ տեւած այդ գործընթացները: Բացառուած է, որ ան վերադառնայ, հետեւաբար՝ վերականգնուի նաեւ այդ գործընթացը համալրած քննարկման անհրաժեշտութիւնը:
Այսօր Հայաստանին ու Արցախին անհրաժեշտ են քննարկել ներկայ հրատապ խնդիրներու ամբողջութիւնը՝ անոնց լուծում մը գտնելու համար: Արցախի շրջափակումն ու անոր հետեւանքները կը խորանան ու կը ծանրանան, Ատրպէյճան կը լկտիանայ, կը կոշտացնէ իր պահանջքները, միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ մեր խնդիրները դիտարկել լոկ Ուքրայնայի մեծ պատերազմէն բը-խած աշխարհաքաղաքական շահերու ու հաշուարկներու իր պայքարի համատեսքին մէջ՝ առաջնորդուելով լոկ անկէ բխած նպատակայարմարութիւններով, ինչ որ անորոշութիւն կը բերէ Կովկասի եւ յարակից տարածաշրջաններու անվտանգութեան համակարգերուն: Անոնք ալ, իրենց հերթին, յառաջ կը բերեն նոր պատերազմի կամ մարտական լայնածաւալ գործողութիւններու նոր վտանգներ: Մենք՝ որպէս հանրային մարմին, պէտք է քննարկենք զանոնք եւ դիտարկենք անոնց յաղթահարման, չէզոքացման, լուծման, դիմակայման ճամբաներն ու հնարաւորութիւնները, որպէսզի յետոյ նոր հետեւանքներ ուսումնասիրելու ստիպուած չըլլանք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան