ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Նախագահ Մաքրոն Մարսէյլի մէջ (…), տեղւոյն ընտրաշրջանի երեսփոխանուհի Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի ներկայութեամբ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին իբր թէ յայտարարած է. «Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ՝ քան նոյնինքն Փաշինեանը։ Հարցը Փաշինեանն է։ Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ»։
Ոչ մէկ տեսագրութիւն տարածուած է սոյն հանդիպումին նախագահ Մաքրոնի խօսքերը հաստատող։ Տիկին Ակրեսթի-Ռուպաշ թուիթըրի իր էջին վրայ կ՚անդրադառնայ այս հանդիպումին՝ նշելով. «…200 օր է Արցախը շրջափակումի մէջ. չմոռնանք հոն ապրող 120 հազար հայերը։ Հանրապետութեան նախագահ Է. Մաքրոն յիշեցուց երէկ իմ ընտրատարածքի հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ մեր խօսակցութեան ընթացքին. «Անոնց անվտանգութիւնը մեր առաջնահերթութիւնն է»։ Ոչ մէկ ակնարկ կայ այնտեղ Հայաստանի վարչապետին համար, ո՛չ ալ Հայաստանի պարագային։ Փոխարէնը՝ աւելի նպաստաւոր դիրքորոշում՝ Արցախը պաշտպանելու վերաբերեալ։
Էլիզէի կողմէ ալ նման պաշտօնական յայտարարութիւն մը չէ հրապարակուած։ Շատ անբնական պիտի ըլլար այդ ոճի յայտարարութիւն մը Ֆրանսայի նախագահին բերնէն, ինչ որ ո՛չ հայութեան, ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Ֆրանսայի շահերուն կը ծառայէ։ Սակայն, վստահաբար Ատրպէյճանի ջաղացքին ջուր կը կրէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ռուսամէտ ճակատին։ Զարմանալի է, որ լուրը տարածուեցաւ դաշնակցական մամուլին կողմէ։ Եւ Ատրպէյճան առիթը չփախցուց լուրը շահագործելու։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հրապարակեց Ֆրանսայի դիրքորոշումը պախարակող հաղորդագրութիւն մը, ապա նաեւ նախարարութիւն կանչեց Ֆրանսայի դեսպանը, որպէսզի այս մասին բացատրութիւն տայ։ Իսկ Ատրպէյճանի մամուլին մէջ եւ ընկերային ցանցերու վրայ Ֆրանսան՝ բանակցութիւններու անվստահելի միջնորդ կ՚որակուի իր հայամէտ դիրքորոշման պատճառով։ Ատրպէյճան դժգոհ է, որովհետեւ Ֆրանսայի նախագահը անգամ մը եւս իր անսեթեւեթ զօրակցութիւնը յայտնած է հայութեան Արցախի հարցին մէջ՝ շեշտելով որ այդ գծով կը շարունակէ մնալ վճռակամ։
Պարզ է, որ նման զուտ հակափաշինեանական յայտարարութիւնը հասցէագրուած է Հայաստանի ներքին քաղաքական հանրութեան։ Սակայն, յայտարարութիւնը տարածողները բնաւ չեն մտածած անոր դիւանագիտական գետնի վրայ ժխտական հետեւանքներուն մասին՝ մա՛նաւանդ ներկայիս, Արցախի շրջափակման (…) ծանրակշիռ վիճակին ու Արեւմուտքի միջնորդական ջանքերու տեսանկիւնէ Ֆրանսայի եզակի դերակատարութեան պայմաններուն մէջ։ Պէտք է ըսել նաեւ, որ այս յայտարարութիւնը անպատեհ է ֆրանսահայ համայնքին համար ալ, որ անտեղի կերպով Ֆրանսայի նախագահին բերանը խօսքեր կը դնէ՝ անոր միջնորդական առաքելութիւնը խանգարելով. յայտարարութիւն մը, զոր անոր պաշտօնական բանբերն ալ չ՚երկրորդեր։ Հայաստանեան «Փաստերի ստուգման հարթակ»ը (FIP.am) կը հաղորդէ, թէ «Մաքրոնին վերագրուող յայտարարութիւնը պաշտօնական չէ»։ Հարթակը գրաւոր դիմում կատարած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան եւ Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմին՝ պարզելու համար տեղեկատուութեան իսկութիւնը։ (…)։
Յամենայնդէպս, այն ձեւով որ տարածուած է լուրը, անհանգստացուցած է նաեւ Երեւանը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան (…) յայտարարած է. «Կապի մէջ ենք ֆրանսական կողմն հետ»։
Ֆրանսայի նախագահի մասին այս միջադէպը օրինակներէն մէկն է, ուր Հայաստանի կոշտ ընդդիմադիր ճակատը Արցախի նիւթը գործիք կը դարձնէ ներքին քաղաքական շահագործման։ Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններու վատթարացման վերաբերեալ լուրերը եւս յաճախ շրջանառութեան մէջ կը դրուին նոյն նպատակով։ Արցախի նախագահը խորհրդարանական հանդիպումի մը ընթացքին հակազդելով նման անհիմն պնդումներու՝ հաստատած է, որ ամէնօրեայ երկխօսութեան մէջ է Հայաստանի վարչապետին հետ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի